175 Տարիներու Աւանդը

0 0
Read Time:1 Minute, 18 Second

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին իր ծնունդով հայկական է։ Ահա թէ ինչու ան անուանուեցաւ Հայաստանեայց։ Իր նպատակը՝ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ զարգացնել եւ ամրապնդել հոգեւոր-մտաւոր արժէքներ, որուն հիմքը Աստուածաշունչի պատգամին ընկալումն էր իւրաքանչիւր հայորդիի համար։ Եւ Աստուածաշունչը կարդալը եւ ընկալելը բոլոր հայորդիներու համար է, առանց տարիքի եւ ուսման մակարդակի։ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին իր այս առաքելութիւնը եթէ մէկ կողմէ իրագործեց եկեղեցական իմաստով, բայց նոյնքան նաեւ կրթական, ընկերային, մշակութային եւ այլ բնագաւառներէ ներս։ Պատմական Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն սկսած եւ Արեւելեան Հայաստան ու Արցախ հասած եւ այսօր Սփիւռքի շատ մը երկիրներու մէջ՝Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին մնաց հաւատարիմ իր կոչումին եւ առաքելութեանը մէջ։ Ան այսօր կը շարունակէ իր ընթացքը սատարելով հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր զարգացումին։

Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին չի հաւատաց թիւի ուժին։ Անոր առաքելութիւնը հայ մարդուն հոգեւոր ուժը զարգացնելու համար է, որ պիտի սատարէ հայ ժողովուրդին կեանքի շարունակականութեան։ Հոգեւոր ուժն է, որ կը կերտէ կեանք։ Պատմութիւնը կրնայ կերտուիլ թիւով, բայց շատ աւելի կարեւոր է հոգեմտաւոր կարողականութիւնն ու եւ զօրութիւնը։ Այս իմաստով, հայ ժողովուրդի կեանքին վերջին 175 տարիներու ժամանակահատուածին մէջ, Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին ունեցաւ իր կարեւոր ներդրումը հայապահպանումին մէջ։ Եթէ պատմութիւնը իր անցեալով է, բայց նոյնքան այսօր ու ապագայի տեսլականով կը կերտուի։

Յարգանքի եւ երախտագիտական խօսք Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիի հիմնադիր քառասուն անդամներուն։ Բայց նոյնքան նաեւ անոր պատմութիւնը կերտած եւ մինչեւ այսօր կերտող իւրաքանչիւր եկեղեցականին ու աշխարհականին, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին հայուն հոգեւոր արժէքները վառ պահելու համար։

Շնորհաւոր 175 ամեակ եւ բարի երթ նոր ամեակներու։ Նոր ամեակներ բայց մէկ կարեւոր տեսլական, Քրիստոսի, Եկեղեցիին ու հայ ժողովուրդին հոգեմտաւոր ու ազգային արժէքներու ամրապնդումին ի խնդիր։

Եւ այս Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիին 175 տարիներու աւանդն է որ պիտի շարունակուի։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles