Հ.Ե.Դ.-ի Ողիմպիականին Առթիւ.- Վերասլա՛ց Վերադարձ

0 0
Read Time:1 Minute, 34 Second

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Սոսկական  հաւաք մը չէ Հ.Ե.Դ.-ի այս տարուան Ողիմպիականը, որ տեղի պիտի ունենայ Արցախի անկախութեան հռչակագրի 31-ամեակի օրերուն՝ Սեպտեմբերի առաջին շաբաթավերջին:

Վայրն ու ներկայ պայմանները յաւելեալ ուշադրութիւն եւ լրջութիւն կը պարտադրեն:

Ներկայ պայմանները դաժան են հայորդիին համար: Քանի մը շաբաթ ետք, 44-օրեայ պատերազմի ողբերգական պարտութեան երկրորդ տարելիցը պիտի նշենք, պատերազմ մը՝ ուր հինգ հազարէ աւելի երիտասարդներ նահատակուեցան: Այդ երիտասարդները վստա՛հաբար պիտի ուզէին այս շաբաթավերջին ներկայ ըլլալ այս հաւաքին, հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ հեռու, Նոր Աշխարհի մէկ իւրայատուկ վայրին՝ Ուստըրի մէջ, որ ինչպէս հայրենիքէն հեռու ապրող որեւէ օճախ՝ խորհրդանշականօրէն կտոր մըն է հայրենի հողէն:

Այո՛, իւրայատուկ է Ուստըրը, որ կը գտնուի Մասաչուսէցի մէջ, Պոսթընէն յիսուն մղոն դէպի արեւմուտք: Ամերիկահայութեան առաջին գաղութը եղած է Ուստըրը, Նիւ Եորքէն, Փրովիտընսէն եւ Պոսթընէն առաջ:

Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ իսկ, մասնաւորաբար Կարմիր Սուլթանին հալածանքներէն խոյս տալով՝ պանդուխտ հայ աշխատաւորներ եկած են Ուստըր: Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն, կամաւոր հայորդիներ վերադարձած են Երկիր, պաշտպանելու համար հայրենիքը: Այդ սերունդը ինչպէ՞ս գիտնար, որ ցոյց տուած է, իր ապրած օրերէն մօտաւորապէս հարիւր տարի ետք, Արցախ-հայրենիքը պաշտպանողներուն ճամբան…:

Այսօր նօսրացած է Ուստըրի հայ օճախը, սակայն կը շարունակէ գործել իր զանազան կառոյցներով:

Այս պայմաններուն մէջ է որ պիտի դիմաւորենք Հ.Ե.Դ.-ի Ողիմպիականը, որ նախապէս,  48 տարի առաջ ու յաջորդ տասնամեակներուն, բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ կազմակերպուած է Ուստըրի մէջ:

Յիշատակելի՛ վերադարձ… Վերասլա՛ց վերադարձ:

Մասնակցողներուն համար, մրցումներէն աւելի՛ առաջնահերթ պիտի ըլլայ երիտասարդական մտածումներու ու մտահոգութիւններու քննարկումը:

Այսօր, Հ.Ե.Դ.-ին առջեւ բազմաթիւ «անկատար տենչեր» եւ մարտահրաւէրներ կը կանգնին, պարտականութիւններ՝ որոնք կը տարածուին Ուստըրէն մինչեւ Հայաստան՝ իր Ջաւախքով, Սիւնիքով ու Արցախով, առանց մոռնալու Արեւմտեան Հայաստանը…: Անոնք այս սերունդի՛ն ալ ըսել կու տան. «...Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»:

Յուսալքումն ու տատամսումը ընդունելի չեն Հ.Ե.Դ.-ականին եւ ընդհանրապէս ուղղամիտ եւ ընդունակ հայ երիտասարդին համար: Պարզ է, որ ապագայ սերունդն է հաւաքուած պատմական Ուստըրի մէջ, զրուցելու, մտածելու, ծրագրելու, գործելու եւ կերտելու նպատակով:

Ուստի, վերադարձ Ուստըր, եւ անպայման… վերասլա՛ց վերադարձ:

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles