Այլազան

Հարաւային Ափրիկէի Սիրոյ Պատգամը

 


ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երկար տարիներու աշխատանքային ճամբորդութիւններուս ընթացքին այցելած եմ շատ մը երկիրներ: Իւրաքանչիւր երկրի մէջ տեսած եմ երկրին գեղեցկութիւնը եւ դիտած եմ զայն իր տեղական պարունակին մէջ: Չեմ փորձած զատորոշել մէկ երկիրը միւսէն, այլ իւրաքանչիւրը ուզած եմ տեսնել իր բովանդակութեան մէջ: Հարաւային Ափրիկէի բնութիւնը, ովկիանոսը, տեսարժան վայրերը ու գեղեցկութիւնը կը զգլխեն ու կ՛անցնին ամէն իրավիճակ: Կ՛ապրիս Աստուծոյ ստեղծագործութեան հրաշալիքը եւ գեղեցկութիւնը` իր ամբողջութեան մէջէն:

Քէյփ Թաուն, Հարաւային Ափրիկէ, փետրուար 2025:

Մէկ կողմէ ապրեցայ երկրին գեղեցկութիւնը, բայց նոյնքան նաեւ տեսայ, թէ ինչպէ՛ս երկիրը իր ընկերատնտեսական ու շինարարական ենթակառոյցներուն մէջ զարգացած է եւ յառաջխաղացք արձանագրած` ստեղծելով ամուր հասարակական համակարգ մը: Հարաւային Ափրիկէն այսօր կը դասուի զարգացած երկիրներու շարքին` զբօսաշրջութեան առումով դառնալով շատ գրաւիչ երկիր: Մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ աշխարհի տարբեր երկիրներէն այսօր կը փութան այցելել եւ վայելել այս գեղեցիկ երկիրը:

Այս զարգացում-յառաջխաղացքը ունի իր պատմութիւնը: Եւ պատմութիւնը պէտք է սկսիլ Ռոպին կղզիի մէջ գտնուող մեկուսացուած բանտէն, որ այսօր եղած է զբօսաշրջութեան վայր:

Հարաւային Ափրիկէ, երկար տարիներու վրայ երկարած, ապրած է ցեղապաշտական համակարգ: Փոքրաթիւ սպիտակամորթ համակարգը իշխած է սեւ հաւաքականութեան եւ ճնշած զանոնք` ամէն տեսակ բռնարարքներ գործադրելով: Հարաւային Ափրիկէն երկար տարիներու իր ցեղապաշտական արարքներուն համար մեկուսացուած էր համաշխարհային ընտանիքէն եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն:

Հարաւային Ափրիկէի «փրկիչ» ղեկավարը եղաւ Նելսոն Մանտելան, որ կրցաւ երկիրը դուրս հանել իր ցեղապաշտական վիճակէն` հասցնելու համար ներկայ օրերու ժողովրդավար եւ յառաջացած երկրի մը կարգավիճակին: Բայց երկիրը «դուրս հանելու» այս արարքը եղած է երկար եւ արժած` բաւական սուղ: Այդ սուղ գինը վճառողներէն էին Նելսոն Մանտելան եւ իր համախոհները: Անոնք իրենց ըմբոստութեան եւ բարեկարգումի պահանջներուն համար դատապարտուած էին բանտարկութեան Ռոպին կղզիին մէջ գտնուող բանտին մէջ:

Նելսոն Մանտելա այս բանտին մէջ մնաց աւելի քան 27 տարիներ: Բանտարկութեան օրերուն ան ենթարկուեցաւ ամէն տեսակի խոշտանգումներու եւ զրկանքներու: Երբ քալեցի բանտի տարբեր մասերուն մէջ, կարդացի ու նկարներուն հետեւեցայ, սկսայ տեսնել, թէ ինչպիսի՛ զրկանքներու ենթարկուած էին անոնք իւրաքանչիւր մասին մէջ: Ես ալ ապրեցայ նոյն բանտին ահաւորութիւնը:

Առաջին անգամը չէր, որ Ռոպին կղզիի բանտը կ՛այցելէի, սակայն այս անգամ տարբեր էր կարծես: Մտայ Նելսոն Մանտելային խցիկը, ուր ան երկար տարիներ ապրած էր: Երբ նստայ նոյն աթոռին վրայ, ուր ինք տարիներով նստած էր, մտքով ու հոգիով տեղափոխուեցայ Պաքու: Եւ` մեր տղաքը: Հարաւային Ափրիկէի այդ բանտին մէջ ուզեցի ապրիլ բանտին ու բանտարկեալի զգացումը, բայց շատ աւելիով` մեր տղաքն ու անոնց ներաշխարհը Պաքուի բանտին մէջ: Շատ դժուար էր: Ապրեցայ վախի ու սարսափի վիճակը մեր տղոց, եւ չուշացան կարեկցանքի մտորումներս, թէկուզ` շատ հեռուէն: «Տղա՛ք, ձեր վիճակը շատ դժուար է, կը զգամ ձեր ապրած ցաւը»:

1994 թուականին Նելսոն Մանտելա դուրս եկաւ բանտէն` 27 տարիներ ետք: Ան դուրս եկաւ յաղթական: Յաղթական յեղափոխականը իր առջեւ ունէր մեծ առաքելութիւն մը` երկիրը դուրս հանել իր տագնապալի վիճակէն: Իսկ տագնապնե՞րը: Տարիներ շարունակ գործուած ոճրագործութիւններ, սպանութիւններ ու, տակաւին, բացայայտուած գերեզմանափոսեր, ուրկէ դուրս հանուած էին սպաննուած եւ անհետ կորսուած դիակներ: Ու տակաւին կար երկրին անարդար ու անհաւասար ընկերա-քաղաքացիական համակարգը:

Նելսոն Մանտելա իր առջեւ ունէր երկիրը փրկելու երկու ընտրանքներ: «Առաջին օրէն տեսայ, որ վրէժխնդրութեամբ կարելի պիտի չըլլայ կերտել խաղաղ եւ համերաշխ հաւաքականութիւն մը», ըսած է Մանտելա: «Կրակը կարելի չէ կրակով մարել», շարունակած է ան:

Կրակը մարելու համար Մանտելա մտայղացած էր երկրորդ տարբերակը երկիրը շինելու համար` ստեղծել Համերաշխութեան եւ զղջումի յանձնախումբ: Ան այս յանձնախումբին պատասխանատուութիւնը տուած է յարգուած կղերական Տեմընտ արք. Թութուի: Մարդիկ պէտք էր զղջային իրենց գործած սխալներուն համար եւ այդ սխալները ընդունելով` քաղաքական բոլոր հաշուարկները մէկ կողմ պիտի դնէին եւ վերադառնային բնականոն կեանքի: Անոնք վեր առին միայն այդ հիմնահարցերը, ուր մարդիկ դատական հայցեր բարձրացուցած էին:

Յաջողեցա՞ն Մանտելա եւ իր համախոհները: Պատմութիւնը եւ երկրին զարգացումները այսօր ցոյց կու տան, որ` այո՛, անոնք յաջողեցան:

Նելսոն Մանտելա եղաւ երկրին նախագահը եւ փոխնախագահ ընտրեց իր մեծագոյն հակառակորդը` ցեղապաշտութեան օրերու երկրին նախագահը` Տէ Քլերք: Այս յանդուգն քայլը մեծապէս զարմացուց աշխարհը: «Մենք ցեղապաշտ չծնանք,- ըսած է Մանտելա: Մեր ծնողներն են, որ մեզի սորվեցուցին ցեղապաշտութիւնը: Եւ ինչպէս որ սորվեցանք ատել, նոյնպէս կրնանք սորվիլ սիրել: Ատելութիւնը եւ անհանրուրժողականութիւնը դիւրին են, բայց սէրը կիրարկելը կը պահանջէ մեծ հոգի»:

Նելսոն Մանտելային սիրոյ պատգամն է ասիկա: Այսօր այս «սէրը» եւ «մեծ հոգին» Հարաւային Ափրիկէն վերածած են յաջող ու համերաշխ երկրի մը:

Դարձեալ` Ռոպին կղզին ու բանտը: Երբ դուրս եկայ բանտի դուռէն, տեսայ առջեւս ամուր կերպով ցցուած հաւատքը: Հաւատքը` հայուն, զոր պէտք չէ երբեք կորսնցնենք: Հաւատքը, որ մեր տղաքը դուրս պիտի գան Պաքուի բանտերէն: Եւ մենք` բանտէն դուրս եղողներս, պիտի շարունակենք հաւատալ եւ գործել, որպէսզի անոնք դուրս գան այդ ահռելի վիճակէն: Եւ դուրս գան յաղթական:

Մենք բոլորս ունինք մէկ մեծ պարտականութիւն` հայն ու հայրենիքը կերտել:

Պիտի կերտենք համերաշխութեամբ եւ զղջումի հոգիով ու գիտակցութեամբ: Պիտի կերտենք` քաջ գիտակցելով, թէ «ատելութիւնը դիւրին է», բայց «սիրոյ հոգին», որ դիւրին չէ, կը շինէ ու կը կերտէ: Կը շինէ ու կը կերտէ Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը: Կը շինէ ու կը կերտէ hայը:

Այսօր ես, դուն եւ հայութիւնը ամբողջ, հայը շինելու մեծ առաքելութեան առջեւ ենք` ատելութիւնը խափանելով եւ մեծ հոգի շինելու յանձնարարականով: Մեծ հոգի, որ իր մէջ կ՛ամբարէ սէր, որ կը շինէ: Կը շինէ հայը եւ հայրենիքը:

Նելսոն Մանտելա հաւատաց այս սիրոյն: Հարաւային Ափրիկէն` իր հայրենիքը, այսօր ապրող վկայութիւնն է այս «սիրով» շինուած ու զարգացած երկրին:

Նելսոն Մանտելան իր սէրը ամբողջացուց իր սիրած հայրենիքի դրօշակին տալով տարբեր գոյներ: Այդ տարբեր գոյները ան խորհրդանշեց որպէս Հարաւային Ափրիկէի մէջ ապրող հաւաքականութիւններուն տարբեր խմբաւորումները եւ մասնիկները: Ան դրօշակի տարբեր գոյներով, իմա` խմբաւորումներով, կազմեց համերաշխ նոր հանրապետութիւնը: Ան այս նոր հանրապետութիւնը շինեց` մեկնելով իր սիրոյ ռազմավարութեան եւ ոչ թէ` ատելութեան գրաւականով: Եւ ես տեսայ այս այցելութեանս ընթացքին, թէ ինչպէ՛ս այս սիրոյ ռազմավարութիւնը շինած է երկիրը:

Հայն ալ կրնայ մշակել այս սիրոյ ռազմավարութիւնը եւ շինէ-վերաշինէ իր հայրենիքը: Մեր պետական դրօշակն ալ ունի տարբեր գոյներ` յար եւ նման Հարաւային Ափրիկէի, եռագոյնը` կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն: Թող որ եռագոյնը խորհրդանշէ համերաշխ հայութիւն իր երեք մասնիկներով` իր Հայաստանով, Արցախով եւ սփիւռքով: Եւ այս եռագոյնին տակ հայը կոչուած է կերտելու ՆՈՐ ՀԱՅԸ:

Հարաւային Ափրիկէի սիրոյ պատգամը` հայն ու հայրենիքը կերտելու մեծ առաքելութիւնը:

Նելսոն Մանտելան հաւատաց այս սիրոյն եւ երկիր կերտեց: Հայն ալ կրնայ հաւատալ այս սիրոյն եւ երկիր կերտել:

Սիրոյ պատգամը` կերտելու գրաւականը:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button