15 յունիս 2022-ին Ազգային ժողովի գարնանային նստաշրջանի վերջին նիստին (ամառնային արձակուրդէն առաջ), որ յատկացուած էր 2021 թուականի պիւտճէի կատարողականի հաշուետուութեան, Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ եզրափակիչ ելոյթով: Ելոյթը գրեթէ կապ չունէր պիւտճէին հետ: Արցախին տրամադրուած յատկացումներու աննախընթաց ծաւալներու մասին նշումէ մը ետք,- Արցախը մոռցուած չըլլալու յիշեցման փորձ մը,- Նիկոլ Փաշինեան իր ծաւալուն ելոյթը յատկացուց… Արցախի կարգավիճակին եւ «խաղաղութեան» քաղաքականութեան: Նախկին երկու նախագահներուն` Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի, եւ այս վերջիններուն «քաղաքական արբանեակ» ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ վարուած բանակցութիւնները քննարկելով, Նիկոլ Փաշինեան կ՛եզրակացնէ, որ իր իշխանութեան նախորդող քսան տարիներուն, Հայաստանի իշխանութիւնները «Արցախը ճանաչել են Ազրպէյճանի մաս եւ կամ չեն առաջնորդուել «Արցախը երբեք չի լինելու Ազրպէյճանի կազմում» սկզբունքով»: Եթէ այդպէս է ճշմարտութիւնը, ի՞նչ եղած է բանակցութիւններու օրակարգը: Նիկոլ Փաշինեան առաւելաբար գաղտնի պահուած փաստաթուղթերէն քաղելով այն, որ պիտանի է իր կողմէ 44-օրեայ պատերազմին պարտութիւնը արդարացնող թեզին ի նպաստ, թաքցնելով հակառակը փաստող տուեալները, կ՛ուզէ անպայման անարգանքի սիւնին գամել «Դիմադրութիւն» շարժման պատասխանատուները: Երեւոյթը, բազմիցս կրկնուած զանազան առիթներով, ողորմելի արդարացման փորձ մը պիտի նկատէինք, եթէ յամառօրէն առաջ տարուող ազգային դիրքերէ նահանջի քաղաքականութեան յայտարարը չըլլար:
«Դիմադրութիւն» շարժումը օր մը առաջ յայտարարած էր, որ Ֆրանսայի հրապարակի վրաններու աւանը կը վերացնէ, որովհետեւ պայքարի այս փուլին նպատակները իրականացած են. Նիկոլ Փաշինեան չէ հրաժարած, սակայն հանրութիւնը իրազեկուած է իր վարած քայքայիչ քաղաքականութեան մասին եւ ինք ու իր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը չեն վայելեր հայութեան ստուար մեծամասնութեան վստահութիւնը: Շարժումը չի դադրիր. ան մարտավարութիւն կը փոխէ, կ՛ուզէ ծաւալիլ Երեւանէն անդին տարբեր մարզերուն մէջ, նոյնիսկ սփիւռքի մէջ:
Բողոքի շարժման արձանագրած յաջողութիւնը եւ անոր առաւել ծաւալման միտող նոր մարտավարութիւնը մղած են Նիկոլ Փաշինեանը մոռնալու խորհրդարանական նիստի օրակարգը եւ անգամ մը եւս փորձելու վարկաբեկել «նախկինները», որոնք այժմ իր իշխանութեան քաղաքական ընդդիմութեան ողնասիւնը կը կազմեն: Անցողակի ըսենք նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը յականէ անուանէ չէր յիշուեր նախորդ ելոյթներու ընթացքին: Այժմ, Դաշնակցութիւնը կը յայտարարուի իբրեւ «արբանեակ» նախորդ երկու նախագահներուն. ո՞վ չի գիտեր, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ոչ մէկուն արբանեակը եղած է ու հալածուած է բոլորին կողմէ` ճիշդ իր այս արժանիքին համար:
Նիկոլ Փաշինեան կ՛ուզէ «համապարփակ խաղաղութիւն» հաստատել. Ներեցէ՛ք հետագայ քիչ մը երկար մէջբերումը իր ելոյթէն. «Ի՞նչ է նշանակում համապարփակ խաղաղութիւն. դա այն է, երբ հարեւանների հետ հարցերը լուծուած են, կարգաւորուած են, սահմանները սահմանազատուած են եւ սահմանագծուած, խաղաղութիւնն էլ` տէ ժիւրէ հաստատուած: Մենք հիմա փորձում ենք գնալ այս ճանապարհով: Կը կարողանա՞նք, կը ստացուի՞` ոչ ոք չի կարող երաշխաւորել, որովհետեւ խաղաղութիւնը միակողմանի շարժում չէ, այլ համագործակցութեան արդիւնք»:
Երջանկութեան արցունքներ պարգեւող իտէալական խաղաղութեան մը նկարագրութենէն ետք, Նիկոլ Փաշինեան կը զգաստանայ ու կը զգաստացնէ: Յաջողութեան երաշխիքներ չկան, որովհետեւ համագործակցութեան տրամադրութիւն թշնամիին կողմէ չի նկատեր: Իր նախորդները եւս չեն կրցած վայելել այդ բաղձալի համագործակցութիւնը եւ այդ պատճառով դատապարտելի են: Ինք համագործակցութիւնը կարելի դարձնելու համար ի՞նչ հնարքներ պիտի փորձարկէ կամ ի՞նչ գին վճարելու պատրաստակամութիւն պիտի յայտնէ:
Ազգային ժողովին առջեւ խօսուած (կարդացուած) ճառին նպատակը ժողովուրդը նախապատրաստել է նոր զիջումներու, յաւելեալ նահանջի: Համապարփակ խաղաղութիւնը, ինչպէս ինքն ալ կ՛ընէ, մեզ կը տանի «ո՛չ միայն Լեռնային Ղարաբաղի, այլ նաեւ Հայաստանի կործանման»:
Կրնա՞նք թոյլատրել: