ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
«Հայրենիք»
Ուքրայինական տագնապը մուտք գործած է շատ վտանգաւոր անկիւնադարձ մը, նկատի ունենալով մէկ կողմէ գետնի վրայ աւելի բուռն դարձող ռուս-Ուքրայինական զինուորական բախումները, իսկ միւս կողմէ Ամերիկայի ղեկավարութեամբ Արեւմուտքի ներգրաւումը այս տագնապին մէջ, հակառակ ՆԱԹՕ-ի ուժերուն բացակայութեան։
Այս իրականութիւնները կը սպառնան հարցերը աւելի եւս բարդացնել եւ կացութիւնը առաջնորդել դէպի անդունդ, ինչպէս նաեւ զայն դուրս բերել իր ներկայ ուղեգիծէն, այն աստիճան, որ կարելի չըլլայ զայն հակակշիռի տակ առնել եւ տարբեր ուժերուն կողմէ անոր կշռոյթը պահպանել։
Այս կացութիւնը պարզուեցաւ, երբ Ուաշինկթըն դիմեց միջազգային յարաբերութիւններու մակարդակով արտասովոր քայլի մը, եւ առանց դիւանագիտական վերապահութիւններու յայտարարեց, թէ Ուքրայինայի մէջ իր նպատակը չի սահմանափակուիր ռուսական զինուորական գործողութիւնները խոչընդոտելով, այլ՝ Մոսկուան կոտրելով եւ անոր կարողութիւնները քանդելով ու զայն սպառելով։ Այս մասին յայտարարեց Ամերիկայի պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթըն. ան ըսաւ. «Կը փափաքինք Ռուսիան տկարացած տեսնել, այն աստիճան, որ ան չկարենայ կատարել այն գործողութիւնները, որ գործադրած էր Ուքրայինայի ներխուժումին ընթացքին»։
Ռուսիոյ նկատմամբ ամերիկեան այս ռազմավարութեան փոփոխութեան կարեւորութիւնը կը գտնուի այն իրողութեան մէջ, որ անիկա յայտարարուած է պատերազմի դաշտէն, այլ խօսքով՝ 25 ապրիլին Օսթընի գլխաւորութեամբ Քիեւ այցելած ամերիկեան պատուիրակութեան պատասխանատուներուն կողմէ։ Նշենք, որ ամերիկեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեր նաեւ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարար Անթընի Պլինքըն։
Ամերիկեան պատուիրակութեան այս այցելութիւնը դէտերու եւ փորձագէտներու կողմէ նկատուեցաւ ընդվզեցնող այցելութիւն մը, որ Ռուսիոյ համար կրնայ վտանգներով լեցուն ըլլալ։ Այդ այցելութիւնը կը նկատուի նաեւ տեսակարար յառաջխաղացք մը, որ կը փաստէ Ամերիկայի ներգրաւուածութիւնը Ուքրայինական հողերուն վրայ արձանագրուած ճակատամարտներուն մէջ։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ՄԵԿՆԱԲԱՆԵԼ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՔԻԵՒ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Ամերիկեան պատուիրակութեան Քիեւ կատարած այս այցելութիւնը փոխանցեց երեք պատգամներ, որոնցմէ առաջինն է բարձրացնել Ուքրայինայի իշխանութեան տրամադրութիւնը՝ նկատի ունենալով, որ Ուքրայինական իշխանութիւնները նեղացած են իրենց դիմագրաւած տագնապին Արեւմուտքին միջամուխ չըլլալուն եւ ՆԱԹՕ-ի ուժերուն բացակայութեան՝ Ուքրայինայի դէմ ճակատամարտներուն ընթացքին։ Այդ պատգամը կը ներառէ նաեւ այն ուղղութիւնը, թէ Ուաշինկթըն կը զօրակցի Ուքրայինայի եւ անոր կը հայթայթէ ամէն տեսակի զինուորական եւ նիւթական օժանդակութիւն, որպէսզի արգիլէ Մոսկուային կողմէ Ուքրայինայի դէմ արձանագրուելիք որեւէ յաջողութիւն։ Ուաշինկթըն Քիեւի հանդէպ ցուցաբերած զօրակցութեամբ զայն կը մղէ դիմադրելու եւ մինչեւ ուքրանացի վերջին զինուորը կռուելու Ռուսիոյ դէմ։ Այս բոլորին առընթեր Ուաշինկթըն բացայայտ կերպով կը յայտարարէ, թէ Քիեւին կը տրամադրէ գերարդիական զէնքեր, որոնք նախապէս Ուքրայինական բանակին չեն հասած։
Այցելութեան փոխանցած երկրորդ պատգամը կը կեդրոնանայ Ուքրայինայի մայրաքաղաքին մէջ ամերիկեան դեսպանատան վերաբացումին վրայ, նկատի ունենալով, որ 24 փետրուարին Քիեւի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը փակուած էր։ Ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն գնահատանքով, իրենց երկրին դեսպանատան վերաբացումը ցուցանիշ է, թէ Սպիտակ Տունը կը փափաքի գետնի վրայ հսկել ռուս-Ուքրայինական բախումներուն՝ նոր նշանակուելիք ամերիկացի դեսպանին անձով։
Հոս հարկ է նշել, որ ամերիկեան ուժերը շաբաթներէ ի վեր կը հերքեն, թէ իրենք Ուքրայինական ուժերը կը մարզեն եւ զինավարժութիւններ կը կատարեն, որպէսզի ուքրանացի զինուորներ սորվին օգտագործել իրենց տրամադրուած ամերիկեան արդիական նոր զէնքերը։ Սակայն անցեալ շաբթուան ընթացքին ամերիկեան պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ ամերիկացի զինուորներ երկրէն դուրս սկսած են մարզել 50 ուքրանացի զինուորներ, որպէսզի անոնք կարենան օգտագործել Հաուիցըր 155 մմ տրամաչափի հրթիռներ արձակող հրասայլերը։ 800 միլիոն տոլար արժողութեամբ այդ հրասայլերը Ամերիկայի նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ վերջերս Ուքրայինայի տրամադրուած զինուորական օժանդակութիւն էին։
Քիեւ կատարուած այցելութեան երրորդ պատգամն էր Ուքրայինայի ղեկավարութեան ապահովութիւն ներշնչել, թէ անոր նկատմամբ ամերիկեան զօրակցութիւնը պիտի շարունակուի։ Նոյն այցելութեան ընթացքին էր, որ ամերիկեան պատուիրակութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ աւելի քան 300 միլիոն տոլարի զինուորական օժանդակութիւն եւ 165 միլիոն տոլարի զինամթերք տրամադրուած է Քիեւի։ Յայտարարուեցաւ նաեւ, թէ Ուքրայինայի արտօնութիւն տրուած է արդիական զէնքեր ունենալու։
Ի՞ՆՉ Է ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՈՒՔՐԱՅԻՆԱ ԿԱՏԱՐԱԾ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ
Ամերիկեան պատուիրակութեան Ուքրայինա կատարած այցելութիւնը որոշուած էր գաղտնաբար կատարել, սակայն այդ այցելութեան մասին տեղեկատուութեան մարզին լուրեր սպրդուեցան եւ կատարուելիք ժամանակին ընթացքին արդէն իսկ լուրը դրուեցաւ շրջանառութեան մէջ։ Ամերիկեան պատուիրակութեան այս այցելութիւնը Ռուսիոյ համար ընդվզեցնող էր եւ ոչ հիւրընկալ հանգամանքով դիտուող այցելութիւն, հետեւաբար Մոսկուա զինուորական եւ հրթիռային պատգամներով պատասխանեց ամերիկեան վարչակարգին։ Ուքրայինայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ ամերիկեան պատուիրակութեան այցելութենէն անմիջապէս ետք ռուսական բանակը հրթիռակծումի թիրախ դարձուց նուազագոյնը հինգ երկաթուղիներ։
Ռուսական ռմբակոծումին անակնկալը կը գտնուէր անոր ընտրած երկաթուղիներուն մէջ. անոնք այն երկաթուղիներն էին, որոնցմով ամերիկեան պատուիրակութիւնը 11 ժամուան ընթացքին ճամբորդած էին դէպի Լեհաստան։ Անշուշտ ոչ մէկ յստակացում արձանագրուեցաւ ամերիկեան պատուիրակութեան ուր ըլլալուն մասին, այսինքն՝ եթէ անոնք ռմբակոծումի ընթացքին տակաւին Ուքրայինական հողերուն վրայ կը գտնուէին թէ ոչ։ Սակայն պէտք է նշել, որ երկաթուղիներն ու գնացքները, ինչպէս նաեւ մեթրոները Ուքրայինայի մէջ գլխաւոր փոխադրամիջոցները կը նկատուին եւ անոնք կ՛օգտագործուին նաեւ արեւմտեան զէնք եւ զինամթերք փոխադրելու դէպի Ուքրայինա։
ՈՒՔՐԱՅԻՆԱՅԻ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԵԼԻՔ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Ի՞ՆՉ ՆՈՐ ԶԷՆՔԵՐ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ԵՆ
Այն ժամանակաշրջանին, երբ զինուորական գործողութիւնները մուտք կը գործեն նոր փուլ, յատկապէս՝ երբ ռուսական բանակը իր ճակատամարտը կը կեդրոնացնէ Ուքրայինայի հարաւ արեւելեան շրջանին մէջ գտնուող Տոնպաս շրջանին վրայ, Ուաշինկթըն եւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներ զօրաշարժի ենթարկած են իրենց կարողութիւնները՝ ձախողութեան մատնելու համար ռուսական ծրագիրը։
Հոս պէտք է ընդգծել, որ ամերիկեան պատուիրակութեան Քիեւ կատարած այցելութենէն 15 օրեր առաջ Պայտընի վարչակարգը 1,2 միլիառ տոլարի Հաուիցըր 155 մմ․ տրամաչափի հրթիռներ արձակող հրասայլեր, 200 հրասայլի հրթիռներ, զրահապատ մեքենաներ, հակահրթիռային ռատարներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր տրամադրած էր Ուքրայինայի։
Ամերիկեան այս օժանդակութիւններուն զուգահեռ անցեալ շաբաթ Ֆրանսա յայտարարած էր, թէ Ուքրայինայի տրամադրած է Հաուիցըր 155 մմ տրամաչափի հրթիռներ արձակող հրասայլեր, որոնց գործածութեան վարժողական փորձերու կ՛ենթարկէ 40 ուքրայինացի զինուորներ։
Նշենք, որ Հաուիցըր հրասայլերը, որոնք ֆրանսացիներուն կողմէ օգտագործուեցան Աֆղանիստանի մէջ եւ ապա վաճառուեցան ՆԱԹՕ-ի, 24-34 մայլ հեռաւորութեան վրայ թիրախներ կրնայ հարուածել։ Այդ հրասայլերը առիթ կու տան, որ ուքրանացիները կարողութիւն ունենան հեռահաս եւ թիրախահար հրթիռներու համակարգի։
Այս բոլորին կողքին Մեծն Բրիտանիա կը ջանայ Լեհաստանի տրամադրել ծանր զէնքեր, որպէսզի Վարշաւա կարենայ Ուքրայինան զինել հրասայլերով։ Այս շրջագիծին մէջ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտնեց, որ Լոնտոն կը սերտէ Լեհաստանի հրասայլեր տրամադրելու կարելիութիւնները, եթէ Վարշաւա նկատի ունենայ «Թի. 72» տիպի իր հրասայլերը Ուքրայինա ուղղարկել։
Վերադառնալով Ուքրայինայի տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութիւններուն, Հաուիցըր հրասայլերուն կողքին Ամերիկա Քիեւի յանձնած է «Ֆինիքս – Կոսթ» տիպի անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք վեց ժամ տեւողութեամբ թռիչքներ կրնան գործել (ցերեկ եւ գիշեր), ինչպէս նաեւ կրնան ռուսական դիրքեր ճշդել եւ վերածուելով անձնասպանական օդանաւերու ու ճշդուած թիրախին վրայ պայթիլ։
Անօդաչու թռչող այս սարքերը կարելի եղած է նախորդ ամիսներուն ընթացքին ստեղծել, եւ Ուքրայինական բանակը պիտի ըլլայ զանոնք առաջին օգտագործողը՝ Ռուսիոյ դէմ իր ունեցած ճակատամարտերուն ընթացքին։
Ամերիկա Ուքրայինայի յանձնած է նաեւ «Ճեվլին» տիպի հակահրասայլային հրթիռներ, որոնք Ռուսիոյ դէմ տագնապին առաջին շաբաթներէն սկսեալ օգտագործուեցան։
Զինուորական իմաստով Ուքրայինայի տրամադրուած այս հսկայական օժանդակութիւնները եւ զինամթերքի արդիական տեսականին ցոյց կու տան, թէ Ռուսիոյ դէմ Ուքրայինայի յաջորդ ճակատամարտերուն ընթացքին կեդրոնացումը պիտի ըլլայ հրասայլերուն վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ռուսական հետեւակազօրքը Ուքրայինայի արեւելեան դաշտերէն կը մօտենայ։
ՏՈՆՊԱՍԸ ՌՈՒՍԵՐՈՒՆԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱ՞Յ ՄԻՆՉԵՒ 9 ՄԱՅԻՍ
Զելենսքի բազմիցս հաստատեց, թէ Քիեւ ունի ապահովական երաշխիքներու պահանջ՝ ընդգծելով, որ իրեն համար յստակ է, թէ այդ պահանջը ի՛նչ է։ «Առաջին հերթին անոնք կռուողներն են, զինուորներ, որոնք ճիշդ ժամանակին պէտք է հասնին Ուքրայինա։
Զելենսքի շեշտեց, որ նման ապահովական երաշխիքներ պէտք է գտնուին Եւրոպայի տարբեր շրջաններուն մէջ, որպէսզի անոնք անմիջապէս փութան օժանդակութեան։ Ան աւելցուց, որ այդ իրականութիւնը ՆԱԹՕ-ի հետ որեւէ առնչութիւն չունի, այլ՝ զուգահեռ գործընթաց մըն է, որ կարելի չէ ՆԱԹՕ-ի հետ բաղդատել։
Զելենսքիի այս յայտարարութիւնը կը վերաբերի Տոնպասի մէջ Ուքրայինական ուժերուն դիմագրաւած դժուար կացութեան։ Հակառակ անոր որ Ուքրայինական ուժերուն ընտրանին նկատուող 60-70 հազար ուքրանացի զինուորներ տեղակայուած են Տոնպասի մէջ եւ անոնց տրամադրուած են գերարդիական զէնք ու զինամթերք, շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի վիտէոներ, որոնք ցոյց կու տան հսկայական թիւով ուքրանացի սպանուած զինուորներ։
Տոնպասի ճակատամարտերը կը փաստեն, թէ ուքրանացի բանակը տակաւին կը դիմադրէ, իսկ ռուսական բանակը ոչ մէկ վնաս կրած է։ Ընդհակառակն՝ Տոնպասի ճակատին վրայ ռուսական բանակը օրական դրութեամբ առաջնագիծը հսկող 1000-1200 ուքրանացի զինուոր թիրախ կը դարձնէ ռմբակոծումի եւ կը փորձէ քանդել Ուքրայինական սպառազինումը, ինչպէս նաեւ Ուքրայինական բանակին պատկանող տարբեր պահեստանոցները՝ ըլլան անոնց սննդեղէնի թէ վառելանիւթի։
Արեւմտեան լրատուամիջոցներ միջազգային հանրային կարծիքին մօտ սկսած են տարածել այն իրականութիւնը, թէ Ռուսիոյ նպատակն է մինչեւ 9 Մայիս՝ Բ. Աշխարհամարտին նացիներուն դէմ արձանագրուած յաղթանակը, տիրանալ Տոնպասին, փորձելով արդարացնել, թէ այլապէս Ռուսիա ձախող դուրս կու գայ այդ ճակատամարտէն։
Սակայն գործնական գետնի վրայ յստակ է, թէ Ռուսիա ամէն գնով կը փորձէ ամբողջական կերպով տիրանալ Տոնպասին, որովհետեւ անիկա իրեն համար առաջնահերթութիւն է՝ անկախ թուականներէն ու անոնց խորհրդանիշներէն։