Արմենակին հետ ցուցարարներու խիտ շարքերու մէջ էինք: Էլպիսը եւ Մակարուհին իսկական ակդիվիստներու՝ պէս բռունցք բարձրացուցած՝ կը պոռային: Արմենակ ֆաքիրի պէս աջ եւ ձախ կը նայէր, ետ կը դառնար: Ֆրանսա հրապարակէն դէպի Բաղրամեան… Ոստիկանական խիտ ջոկատներ, բազմաթիւ շարքերով պատ հիւսած էին, գլխաւոր փողոցներու մուտքին տեղադրուած էին մեծ ու պզտիկ կառքեր:
– Մակա՛ր, այս որքան զինուած ուժ ունինք փողոցներուն մէջ, Ազգային ժողովի շէնքին շուրջ: Եթէ այս զինեալները ղրկուած ըլլային Շուշի եւ Հադրութ, անոնք հասուն պտուղի պէս չէին իյնար թշնամիին սակառը: Այս ոստիկանները հայ չե՞ն, որ սեփական ժողովուրդին դէմ ազգը երկփեղկող եւ պարտութեան խորհրդանիշ դարձած, տարածք յանձող եւ թուրքին առջեւ նուաստացած իշխանաւոր կը պաշտպանեն,- խեղդուկ ձայնով ըսաւ Արմենակ.
– Միամիտ ես,- ըսի: Եթէ զիրենք լսես, կ’ըսեն, որ օրէնք կը պաշտպանեն:
– Դուն փարիզցի ես: Հոն յաճախ կը ներկայացուի Ժան Անույի «Անթիկոն» երկը, Հին Յունաստանի պատմութեան դրուագ մը: Անթիկոն դէմ կ’երթայ իշխանաւորի օրէնքին, որ հակառակ է աստուածային օրէնքին, չի հպատակիր եւ իր կեանքով կը վճարէ անհնազանդութեան գինը: Մեր աստուածային օրէնքը հայրենիքի եւ ազգի իրաւունքն է եւ այդ պէտք է պաշտպանել: Ոստիկանը ազգի տէր եւ անդամ է:
– Լաւ կը խօսիս: Քու այդ Անթիկոնի ներկայացումը պէտք է տանիս ոստիկանական զօրանոցներ, հոն ներկայացնես, բացատրես: Ոստիկաններուն սորվեցուցած են հնազանդիլ իրենց կազմակերպական օրէնքին, պաշտպանել պետական մարդիկը եւ շէնքերը, այդ է իրենց կոչման եւ դերին օրէնքը: Ոստիկանը չի մտածեր: Կը հնազանդի:
– Բայց Մակա՛րս, ոստիկանը հայ է, իրաւազրկուած ժողովուրդի մը ոստիկանը: Ան ճնշումներու մասնակից պէտք չէ ըլլայ: Պէտք է խօսիլ անոր սրտին՝ ընդդէմ քար կոյր օրէնքին:
– Արմենա՛կ, փիլիսոփայ դարձեր ես: Աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր, որ իշխանը միացնէր ժողովուրդը ազգի իրաւունքին շուրջ, լսէր հազարաւորներու բողոքը, փոխանակ ոստիկանական ջոկատներ անոր դէմ հանելու, զանոնք ղրկէր խրամներ փորելու եւ զինուած ոստիկաններն ալ ղրկէր սահման՝ հայրենիք պաշտպանելու:
Մեր զրոյցը ընդհատուեցաւ: Ոստիկանները հայ ցուցարար մը ձեռքերէն-ոտքերէն բռնած, օդին մէջ օրօրելով կը տանէին, եւ կը խցկէին ոստիկանական կառքի մը մէջ: Կը յարգէին օրէնքի տառը: Օրէնքի ոգի՞ն: Տեղ մը գրուա՞ծ է ան:
Երբ կը վերադառնայինք, վարորդը պարտուած ամբոխի կրաւորական խօսք ըսաւ. «Եթէ ցուցարարները իշխանը հրաժարեցնեն, ո՞վ պիտի փոխարինէ զայն»:
Ապաքաղաքականացածի եւ ստրկամիտի հոգիին մէջ մշակուած-մշակուող անփոխարինելիութեան կրկնուող չարիք-հէքիաթը:
Այս անգամ ես աւարտեցի սրտի ճմլում յառաջացնող մեր զրոյցը: Ըսի.
– Արմենա՛կ, ֆրանսացիներ իմաստուն խօսք ունին: Կ’ըսեն. «Գերեզմանատուները լիքն են անփոխարինելի մարդոցմով», եւ մոլորակը կը շարունակէ թաւալիլ:
Մակար, 5 Մայիս 2022, Երեւան