Ազգային Ողբերգութեան Սահմանը Եւ Անիւը Շրջելու Հրամայականը

0 0
Read Time:8 Minute, 31 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մեր ազգային ողբերգութիւնը յաճախ կտրած է անչափելի սահմաններ: Անիկա չսկսաւ 24 Ապրիլ 1915-ին, ո՛չ ալ վերջացաւ Ցեղասպանութեան, բռնագաղթին եւ մեր հայրենի հողերուն մեծ մասին բռնագրաւման կնքումով (մեզմէ անկախ որոշումներով ու համաձայնագիրներով): Մեր ազգային ողբերգութիւնը սկսած էր 1915-էն շա՜տ աւելի առաջ, աւելի՛ առաջ, քան` համիտեան ջարդերն ու «կեաւուր»-ներուն հանդէպ խտրական քաղաքականութեան, պետական ծրագիրներու մշակումը, շարունակուեցաւ նաեւ Ցեղասպանութեան ու հողերու բռնագրաւման հանգրուանի յաջորդ տասնամեակներուն, բազմաթիւ գիծերու վրայ կը շարունակուի մինչեւ այսօր (Թուրքիա, Արցախ եւ այլուր): Այդ ողբերգութեան վերջ տալու բազմաշերտ պայքարը կոչած ենք Հայ դատի հետապնդում, որուն խորագիրն է հայապատկան բոլոր հողերուն վրայ հայկական պետութեան գերիշխանութեան, ամբողջակա՛ն գերիշխանութեան վերականգնումը, այդ հողերուն վրայ մեր ժողովուրդին ազատ, բարօր եւ դէպի զարգացում, բարգաւաճում երթին յառաջ մղումը:

Հայ դատի պայքարը ունէր, այսօ՛ր ալ ունի մէկ գլխաւոր հասցէ. ցեղասպան Թուրքիան, այսինքն` պետական ոճիր ծրագրողն ու գործադրողը: Մեր պահանջատիրութիւնը չէ սահմանափակուած լոկ Ցեղասպանութեան ճանաչումով, այլ ունինք արդար հատուցման, հողային, նիւթական, մարդկային եւ մշակութային բոլոր կորուստներո՛ւն դիմաց արդար հատուցում ստանալու պահանջը: Բնականաբար մեր պայքարը անցեալ տասնամեակներուն ունեցած է բազում ճիւղաւորումներ. Հայ դատի նուիրեալները լայնածիր աշխատանք տարած են համոզելու համար Թուրքիոյ նեցուկ կանգնող կամ անոր հակադրուած պետութիւնները, որպէսզի կանգնին արդարութեան` մեր պահանջատիրութեան կողքին, ցեղասպանը նստեցնեն ամբաստանեալի աթոռին, անոր վրայ ճնշում բանեցնեն, որպէսզի հրաժարի Ցեղասպանութիւնը ուրանալու, դրժելու, կամ, լաւագոյն պարագային, զայն պատմաբաններու քննարկումներուն ծիրին մէջ տեսնելու ընթացքէն: Մեր պայքարը, բացայայտ կամ քուլիսային աշխատանքները, Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ նման միաւորներու ճիգերը քայլ առ քայլ արդիւնաւորուած են, աւելի քան երկու տարի առաջ հասան գլխաւոր բերդերէն մէկուն նուաճման, երբ Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանի երկու տուները պաշտօնական հռչակագիրներով հաստատեցին Ցեղասպանութեան ճանաչումը, իսկ նախագահ Ճօ Պայտըն յաւելեալ կնիք մը դրաւ ճանաչումին վրայ (ասոնք բոլորովին աննախընթաց բաներ չէին, սակայն ներկայ փուլին յաւելեալ կշիռ մը տուին մեր աշխատանքներուն արդիւնաւորման):

Այս բոլորը նորութիւն չեն քեզի համար, սիրելի՛ ընթերցող: Դուն ալ տասնամեակներ շարունակ հեւասպառ հետեւած ես հիմնականին մէջ ԱՐՏԱՔԻՆ ՃԱԿԱՏԻ, ԱՐՏԱՔԻՆ ԲԵՄԵՐՈՒ ՎՐԱՅ տարուած մեր պայքարին, կը ճանչնաս գլխաւոր եւ կողմնակի թիրախները, հասցէները (Ատրպէյճանը չենք առանձնացներ, որովհետեւ թէ՛ անցեալի եւ թէ՛ այժմու փուլին զայն կը դիտենք համահաւասար` ցեղասպանին): Եթէ մատղաշ երիտասարդ ես եւ երկարող կեանքիդ տարիներուն անձամբ ականատես չես եղած յիշեալ պայքարի նախընթաց փուլերուն, արձանագրուած յառաջխաղացքներուն, յաճախ նաեւ` պարտադրեալ ընկրկումներուն, անկասկած որ այդ աշխատանքները չես չափած, այսօր ալ չես չափեր քու կեանքիդ ժամանակով: Փաստօրէն այս պայքարը սկզբնաւորող սերունդն ու անոր դրօշը բարձր պահողներ արդէն անցած են պատմութեան, ժառանգորդներուս` քեզի, ինծի եւ վաղը գալիքներուն փոխանցելով երթը շարունակելու առաքելութիւնը:

***

Նախորդ տողերը պարզապէս նախաբան մըն էին մեր բուն խորհրդածութիւններուն:

Կրկնենք. մինչեւ այսօր, այսինքն` մինչեւ վերջին քանի մը տարիները, մեր պայքարին գլխաւոր թիրախն ու հասցէն էր ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՇԽԱՐՀԸ, Թուրքիան եւ առաւելաբար իր զօրակիցները:

Թէեւ յաճախ անդրադարձած ենք, որ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը շատ աւելի ընդարձակ հասկացողութիւն է, կը ներառէ մեր հայրենիքին մէջ ընկերային արդար համակարգի ստեղծումը, մենաշնորհներու եւ չարաշահութիւններու զսպումը, աշխատաւորին, բոլո՛ր հայրենիք կերտողներուն քրտինքին համապատասխան` ապրուստի բարօր պայմաններու ապահովումը` ժողովրդավարութեան լիարժէք կիրարկումով, սակայն նաեւ լաւ ըմբռնած էինք, որ էականը հայրենի հողին ապահովումն ու պահպանումն է, խլուած բոլոր հողերուն վերադարձը, որովհետեւ առանց հողի, առանց ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ` այլ արժէքներ զուրկ պիտի մնային սննդարար հողէ եւ ջուրէ, էական կենսանիւթէ, պիտի մատնուէին իմաստազրկման:

Այդ փուլերուն (բազմաթիւ են) մեր մտքէն չէր անցած, որ պիտի գայ օր, երբ ՀԱՅԸ ՍՏԻՊՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԶԳԱՅ ՀԱՅԸ` հայրենակից եւ ճակատագրակից հայը համոզելու, թէ ուրկէ՛ ծնած է մեր Դատը, մանաւանդ որ նոյնինքն վերանկախացումէն ասդին շարունակած էինք եւ կը շարունակենք կրել ցեղասպանին գործնական արարքներուն անվերջանալի հետեւանքները: Հոս ալ մեր նպատակը չէ վերաշարադրել ռազմական պանծալի եւ ցաւալի դէպքերը, որոնց գլխաւոր (բայց ո՛չ առանձնակի) հանգրուանները եղան արցախեան շարժումին շղթայազերծումը, Սումկայիթը, Շուշիի ազատագրումն ու Արցախի Հանրապետութեան իրողական միացումը` մայր հայրենիքին, «Ֆութպոլային քաղաքականութիւն»-ն ու վիժեցումը, ապա նաեւ` 2016-ի ու 2020-ի պատերազմները (իրենց տարբեր ելքերով): Դէպքերու այդ շարքը մեր համապարփակ պատմութենէն անջատ, առանձնացած զարգացումներ չէին, այլ ուղղակի շարունակութիւնը` գէթ ֆետայական շարժումով սկսած ու Սարդարապատի ու այլ հերոսամարտերու հնոցներէն անցած պայքարին, որ 1920-ական տարիներէն ետք առաւելաբար մնաց քաղաքական-դիւանագիտական քուլիսներու մէջ` մերթ ընդ մերթ ունենալով ուժական առկայծումներ: Անշուշտ չենք կրնար մոռնալ այդ տասնամեակներուն մեր ունեցած հողային նոր կորուստները` ստալինեան քմահաճոյքին զոհ գացած Արցախն ու Նախիջեւանը, նմանապէս` ստալինեան ոճրային քաղաքականութեան ճամբով Սիպերիա աքսորուած բազմահազար հայորդիները, որոնք կազմեցին ողբալի մէկ «յաւելուած»-ը` Ցեղասպանութեան:

Իսկ հիմա` ի՞նչ:

Հիմա հասած ենք տեղ մը, ուր մեր իրաւատիրութեան անվիճելիութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող թրքական մտածողութիւնը համահունչ արձագանգներ կը գտնէ… հայութեան բեմին վրայ: Երեւանի իշխանութեան բարձրագոյն դիրքերը գրաւող հայանուններ հարց կը դնեն, թէ պէտք է փնտռել հայ-թրքական թշնամանքին պատճառները, տգիտաբար կասկածներ կը սպրդեցնեն հայութեան (եւ մեր հարցերուն հետեւողներու) մտածողութեան մէջ, թէ արդեօք մենք` հայերս, յանցանքի բաժին չե՞նք ունեցած այդ թշնամանքին յառաջացման ու խորացման մէջ: Նոյն մարդիկը, նոյն (ան)տրամաբանութեամբ, ճակատաբաց կը խօսին Արցախի ազերիներու իրաւունքներուն պաշտպանութեան մասին, երբ անդին, Ատրպէյճան առիթ չի կորսնցներ յայտարարելու, թէ Արցախի հարցը լուծած է վերջնականապէս, չի ծածկեր այդ շրջանէն հայութիւնը վերջնականապէս հեռացնելու, այլապէս` նոր ջարդի ենթարկելու իր դիտաւորութիւնները, ՊԵՏԱԿԱ՛Ն ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ, այնպէս` ինչպէս իր դաշնակից Թուրքիան ըրաւ աւելի քան 100 տարի առաջ, իսկ այսօր ալ բառացիօրէն կը ձայնակցի Պաքուի խօսքին ու գործին: Երեւանի ղեկը խլած այս «իմաստուն քաղաքագէտներն ու դիւանագէտները» վճռած են ճամբայ բանալ ցեղասպան թուրքին ու ազերիին հետ խաղաղութեան ու գործակցութեան «դարաշրջանին» առջեւ, պատրաստ են ընդունելու անոնց յայտարարուած ու չյայտարարուած բոլոր նախապայմանները (կը հաւատա՞ն, թէ նախապայմաններ չկան), սկսելով Արցախի վերջնական խլումէն, Սիւնիքի նկատմամբ ախորժակներուն ընթացք տալէ, Հայաստանէն իբր թէ ազերիապատկան հողերու յանձնումէն, մինչեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման (եւ յարակից արարքներէն բխած) պահանջներու հրաժարումէն: Ճիշդ է` բացայայտ յայտարարութիւն չի հնչեր Երեւանէն, սակայն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ստացած «դրական նշանները» այրած են մեր «իմաստուններ»-ուն թզենիի վերջին տերեւը: Իսկ կարելի՞ է մոռնալ ու կոյր ձեւանալ, երբ այս իշխանութեան համակիր թէ հակադրուած հայութիւնը փաստացի փորձառութիւններ ապրեցաւ 10 Նոյեմբեր 2020-էն ասդին, տեսաւ ու իմացաւ, որ իշխանաւորները պատրաստ են, բերանացի եւ գրաւոր, աներեւակայելի զիջումներու երթալու: Սա արդէն անոնց ամրագրած ոճն ու խաբեպատիր գործելաձեւն է, թշնամիին պահանջներուն առջեւ կը սլանան… նահանջի ճամբուն վրայ, մինչեւ իսկ պատրաստ են հակադրուելու Արցախի իշխանութեան կարգ մը կեցուածքներուն, ա՛յն Արցախին, որ եղաւ մեր վերանկախացման երթին մեկնարկը տուողը, ա՛յն Արցախին, որ մինչեւ երէկ, այսինքն` 44-օրեայ պատերազմէն ետք ալ, կը մնար հլու կամակատարը կորուստէ կորուստ գացող եւ պարտութիւնը արժանիք սեպող… քալողներուն:

***

Սիամանթոն իր «Ափ մը մոխիր» բանաստեղծութեան մէջ ունի ահաւոր վիշտ արտայայտող տողեր` ի լուր հայրենի տան կործանման, մոխրացումին. «Արցունքով, արցունքով լսեցի…»: Մեր այս տողերը կ՛արձանագրենք նման զգացումով` ի տես Արցախէն ու Հայաստանէն կորուստներուն, Երեւանի իշխանութիւններուն դերակատարութեան, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` կացինահարումն ու մոխրացումը (գէթ այդ ճիգին լծուած են) մեր Դատին, ի խնդիր մեր անվիճելի ու անսակարկելի իրաւունքներուն տարուած դարաւոր պայքարին, բիւրաւոր նահատակներու զոհաբերումին, պտիկ-պտիկ ձեռք բերուած յառաջընթացին:

Արդեօք կ՛անդրադառնա՞ն (իսկ մենք` ժողովուրդս, կ՛անդրադառնա՛նք, պարտաւո՛ր ենք անդրադառնալու), որ ներկայ ընթացքով թալէաթներն ու ստալինները կը ցնծան իրենց գերեզմաններուն մէջ տեսնելով, որ իրենց ժառանգորդները, մասնաւորաբար` Էրտողանն ու Ալիեւը, սերտ գործակիցներ գտած են Հայաստանի իշխանական դասուն մէջ:

Եթէ թուրքին ու ազերիին հետ բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը պիտի թաղեն մեր պահանջներն ու արդար իրաւունքները, Արցախն ու Հայաստանէն հողամասեր (եթէ ո՛չ` ամբողջ հայրենիքը) նուէր պիտի տրուին թշնամիին եւ պիտի անցնին Նախիջեւանի, Կարս-Արտահանի, Արարատի ու ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի ցանկին, ալ ինչո՞ւ անէծքով կը յիշենք թալէաթներն ու ստալինները, որոնք, ի վերջոյ, հայ չէին, հայութեան ներկայացուցիչները չէին, մեր ձայնն ու կամքը չէին արտայայտեր, այլ կը գործէին համաձայն իրենց պետական շահերուն, որոնք ներհակ էին մեր պահանջներուն ու իրաւունքներուն:

Եւ… ի՜նչ հեգնանք, կործանարար, հայրենակորուստ խաղացող իշխանաւորները մերթ ընդ մերթ կը ժպրհի՜ն ընդդիմադիրները մեղադրելու, թէ Արցախը կը վտանգեն իրենց կարգ մը քայլերով ու պահանջներով: Կը մերժեն թուրք-ազերիական սադրանքներն ու վնասարար դաշինքները դատապարտող բանաձեւերը (եւ շատ ու շատ այլ բաներ, հասնելով մինչեւ ընկերային բարեշրջում հետապնդող առաջարկներ): Զարմանալի չէ, որովհետեւ իրենց շարքերուն այլանդակ աղանդաւորներ հաշուող իշխանականները յայտնապէս ծանօթ չեն դարաւոր իմաստութեան, թէ դիմացինին աչքի շիւղը տեսնելէ առաջ, պէտք է տեսնել սեփական աչքին գերանը…

***

Զարթնումի զանգը շատո՜նց հնչած է: Հնչած է 44-օրեայ պատերազմէն առաջ, անընդհատ կը հնչէ աւելի քան մէկ ու կէս տարիէ ի վեր: Հայը չի կրնար ընդունիլ, թոյլատրել, որ մեր հողերը նոր կորուստներու մատնուին հայու ձեռքով, Ստալինի իրողական կտակարարի դերը յանձն առած հայանուններու գրաւոր ու բանաւոր զիջումներուն ճամբով: Կը կանգնինք անյետաձգելի հրամայականի մը, մարտահրաւէրի՛ դէմ յանդիման: Պէ՛տք է տեսնենք (եթէ արդէն չենք տեսած), որ «հինի-նոր»-ի (եւ այլօրինակ) խաղերը մեզ ո՛ւր հասցուցած են, դէպի նոր կործանումներու կը տանին մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը: Վաղը արդեօք երանելի՞ պիտի նկատենք 9 նոյեմբերի համաձայնագիրը եւ ողբա՞նք, որ գոնէ անիկա գործադրուած ըլլար, «Աստուած հոգի՜դ լուսաւորէ, հա՛յր Ստալին» պիտի ըսենք…

24 ապրիլէն առաջ, այդ օրն ու անկէ ետք, հայը իրաւունք չունի մոռնալու անցեալի ու երէկի նահատակները, անոնց զոհաբերումին պատճառներն ու նպատակը, հարց տալու, թէ արդեօք ուրկէ՞ ծնած է Թուրքիոյ պետութեան հետ մեր թշնամութիւնը: Հայուն քաղաքական ու ռազմական բազուկները չեն կրնար զգայազերծման մատնուած մնալ երկար: Մենք միակ «փոքր ժողովուրդը» չենք աշխարհի վրայ, որ անարդարութեան զոհ գացած է, կը մնայ անարդարութեան զոհ: Չարենցեան պատգամը` սեփական ու միասնական ուժին ապաւինելու պատգամը, այսօր նո՛յնքան անժամանցելի է, որքան` մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն մութ ու անելանելի թուացող փուլերուն:

Ճիշդ է` այսօր մեր շուրջն ու աշխարհի տարածքին տեղի կ՛ունենան ծանրակշիռ իրադարձութիւններ: Բ. Աշխարհամարտէն ետք, երկրորդ անգամ ըլլալով, աշխարհն ու ուժերու դասաւորումը արմատական կերպարանափոխումի կ՛ենթարկուին (թէեւ վարագոյրին ետին շահաւորները կը մնան նոյնը): Մենք ալ, ընդունինք կամ ոչ, ինկած ենք ահաւոր յորձանուտին մէջ: Հոն ալ եզակի չենք: Մեծ մարտահրաւէրը այն է, որ իշխանութեան ձախաւեր ու կործանարար ընթացը տեսնողները` ընդդիմադիր թէ չէզոքութիւն խաղացող կրաւորականներ, դիտողներ, ինչպէ՞ս պիտի միացնեն իրենց ձեռքերը` շրջելու համար պատմութեան անիւը: Այս խրամատին մէջ միաւորուելու կոչուած են ո՛չ միայն խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիրները, այլեւ նոյնինքն մեր ամբողջ ժողովուրդը` Հայաստան-Արցախի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին, այսինքն` բոլոր անոնք, որոնք կը դաւանին ըլլալ Սարդարապատը կերտողներուն ժառանգորդները, նզովանքով կը յիշեն թալէաթներն ու մեր հողերը թշնամիին յանձնող հողատու Ստալինն ու գործակիցները` հայանուն համայնավար կամակատարները:

Անկումի ընթացքը շրջումի եւ մեզ վերականգնումի տանող` միացեալ պայքարի շոգեկառքին մէջ պէտք է տեղ գրաւեն նաե՛ւ այն «պայմանագրեալ քալողներ»-ը, որոնք արդէն սկսած են իրազեկ դառնալ հայրենիքի կորստեան վտանգին, պիտի չուզեն մասնակից ըլլալ աններելի մեղանչումին: Սա ցնորք չէ, այլ` իրականանալի ընտրանք, որովհետեւ հայութիւնը նաեւ ականատես եղաւ, թէ կարգ մը հաւատացեալ «քալողներ» մօտիկ անցեալին ինչպէ՛ս բացին իրենց աչքերը եւ «ուսապարկ»-ի դերէն հրաժարելով` այսօր իրազեկօրէն կը կանգնին իշխանութիւնը դատապարտողներուն շարքին:

Ազգովին մատնուած ենք ծանր տագնապի: Մեր պատմութիւնը վկայ է, որ նման պայմաններու մէջ յարութեան առաջ է մեր ներքին փիւնիկը, անկարելի թուացող ալիքներու դէմ պայքարած ենք բարձրաճակատ, տուած ենք զոհեր, ունեցած ենք կորուստներ, սակայն վախճանական ելքը եղած է շրջադարձ` դէպի վերելք ու ինքնափրկութիւն: Այսօր, ինչպէս միշտ, ծանր մարտահրաւէրը կը պահանջէ, որ ըմբռնենք բազմաճիւղ խաղը ճի՛շդ խաղալու ձեւերը, չբաւականանանք միայն ճիշդ դատողութիւններ ու մեկնաբանութիւններ ընելով, այլ մշակենք ու գործադրութեան դնենք հայրենիքի փրկութեան լիարժէք ծրագիր:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles