ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ապրիլ 19-ին տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը, որուն իբրեւ արդիւնք որդեգրուեցաւ երկկողմ յայտարարութիւն, ըստ որուն, կողմերը պայմանաւորուեցան Նոյեմբեր ՝ 26, 2021-ի եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններուն հիման վռայ արագացնել հայ-ատրպէյճանական սահմանի շրջանին սահմանազատման եւ ապահովութեան հարցերու երկկողմ յանձնաժողովի կազմութիւն՝ Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ: Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ հանդիպումին ընթացքին կողմերը ողջունեցին Ռուսիոյ աջակցութեամբ մեկնարկած հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը:
Փաշինեանի այցելութիւնը նուիրուած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին:
«Կը նախատեսուի շարք մը փաստաթուղթերու ստորագրութիւն բաւական ամուր հիմերու վրայ. մենք նախորդ տարիներուն մեր իրաւական յարաբերութիւններու հիման վրայ 200 փաստաթուղթեր ստորագրած ենք, եւ այդ գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով աշխատելու համար լաւ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ», ըսաւ Փութին:
Երկու երկիրներու ղեկավարները, Արցախի տագնապի լուծման գործընթացին մէջ հաստատեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ ներուժի եւ փորձի օգտագործման կարեւորութիւնը՝ անոր միջազգային յանձնառութեան համապատասխան: