Հազամղձուկ-Մղձկահազ

0 0
Read Time:3 Minute, 22 Second

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Մոնրէալ

Հազամղձուկը-մղձկահազը (croup) մանկական ժահրային  փոխանցիկ հի-ւանդութիւն մըն է: Անիկա վերին շնչառական համակարգի խողովակներուն ժահրային բորբոքումն է, ուր տեղի կ’ունենայ խռչափողի (trachea) եւ շնչափողի նեղացում, խցում, եւ որուն հետեւանքով կը յառաջանայ հաչոցային հազ-հաջոց (barking cough): Մանրէական հազամղձուկը հազուադէպօրէն կը տեսնուի, սա-կայն աւելի ուժգին է իր ախտանշաններով:

Մղձկահազի յարուցիչը Parainfluenza ժահրն է:

Հազամղձուկը ընդհանրապէս կը պատահի երեխաներուն, առանց սեռի խտրութեան, սակայն աւելի յաճախակի՝ տղոց, քան աղջիկներուն եւ  առա-ւելաբար 0.5-3  տարեկան երեխաներուն: Այս տարիքի մանուկներ աւելի հակամէտ են վարակուելու այս ժահրերով եւ հազամաղձուկ ունենալ, որովհետեւ անոնց խռչափողը եւ շնչափողը՝ բաղդատաբար չափահասներու, աւելի նեղ կ’ըլլան եւ պզտիկ բորբոքումով մը կը խցուին:  Հազամղձուկը 6 տարեկանէն ետք ընդհանրապէս չի պատահիր: Չափահասներն ալ կրնան վարակուիլ, սակայն նուազ ախտանշաններով եւ աւելի մեղմ:

Հազամղձուկը առաւելաբար աշնան եւ ձմրան օրերուն  տեսնուած հիւանդութին մըն է:  Անիկա կը տեւէ 6-7 օր: Հիւանդներուն մեծամասնութիւնը կը բարելաւուի 6-7 օրուան ժամանակամիջոցի մը:

Սկզբնական ախտանշանները կը նմանին հարբուխի ախտանշաններուն՝ կոկորդացաւ, քթահոսք, փռնգտուք, կարմրած աչքեր, ակնազօդաբորբ, (conjunctivitis) եւ մեղմ ջերմ: Երրորդ օրէն սկսեալ, բարձր ջերմին հետ նոր ախտանշաններ ի յայտ կու գան: Յաջորդող օրերուն, ախտանշանները կը սաստկանան եւ հիւանդը կրնայ ունենալ առողջական մտահոգիչ վիճակ: Այս հանգրուանին, հիւանդ երեխան կը տառապի գիշերային անակնկալ շնչա-հեղձութենէ, շնչարգելութենէ,  շնչասլոցէ (stridor), գրգռուած չոր հաջոցանման հազէ, ձայնի փոփոխութենէ եւ խռպոտութենէ (hoarseness), վիզի, վերնափորի եւ անրակի (clavicle) վերին եւ ստորին փոսիկներու խորացումէ ու ներթխումէ (retraction): Արտաշնչումի ընթացքին կը պատահի հաջոցային հազը, որ կը զօրանայ լալով եւ ջղագրգռութեամբ, իսկ ներշնչումի ընթացքին կը լսուի բարձր ձայնաստիճանով սուլոց:  Ախտանշանները կը պատահին առաւելաբար գիշերը:

Ինչպէս յիշուեցաւ, հազամղձուկը փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է: Անիկա փոխանցիկ է՝ առաջին ախտանշանները սկսելէն մինչեւ 3 օր ետք, եւ մինչեւ ջերմի անհետացումը: Այլ խօսքով՝  ընդհամէնը 3-4 օր:

Հազամղձուկը կը տարածուի եւ կը փոխանցուի ուղղակի եւ անուղղակի ձեւով: Ուղղակի փոխանցումը տեղի կ’ունենայ օդին մէջ գտնուած ժահրերու միջոցաւ: Այս ժահրերը հիւանդ մանուկը իր շրջապատին կը տարածէ արտաշնչումով, հազալով եւ փռնգտալով: Առողջ անձ մը երբ ներշնչէ օդին մէջ գտնուող այս ժահրերը, շուտով կը վարակուի:

Վարակուած երեխան իր արտաշնչած ժահրերը հազալով եւ փռնգտալով կը տարածէ եւ կը տեղաւորէ իր խաղալիքներուն, իրեղէններուն եւ սպասներուն վրայ: Ան քիթին եւ բերնին մէջ գտնուած գործօն ժահրերը իր մատներով կը փոխադրէ իր խաղալիքներուն եւ գործածած իրերուն վրայ: Առողջ մանուկ մը կը վարակուի այս ժահրերով՝ երբ կը դպնայ այդ խաղալիքներուն եւ իրերուն: Վարակման այս ձեւը կը կոչուի անուղղակի վարակում:

Հազամղձուկի ախտաճանաչումը կը հիմնաւորուի առաւելաբար հիւանդին ունեցած ախտանշաններով, որոնք ամէնէն կարեւոր եւ հիմնական ազդակներն են: Ախտաճանաչումը կ’ամբողջանայ բժշկական քննութեամբ եւ թոքերու նկարումով:

Հազամղձուկի դարմանումը կախեալ է ախտանշաններու ուժգնութենէն: Հիւանդներուն  մեծամասնութեան առողջական վիճակը կը բարելաւուի  տնային դարմանամիջոցներով: Այս միջոցներն են՝ հիւանդը պահել հանդարտ վիճակի մէջ, առիթ չտալ որ ան լայ, գրգռուի եւ ջղայնանայ, անոր տալ առատ հեղուկ եւ հակաջերմ դեղեր, պահել երեխան ուղղահայեաց դիրքի վրայ, հայթայթել մաքուր-խոնաւ օդ եւ շոգի, զայն հեռու պահել ծխախոտի ծուխէն եւ մուխէն: Կը յանձնարարուի ծնողներուն, որ հիւանդ երեխային մօտ ըլլան միշտ եւ նոյն իսկ նստին անոր ննջարանին մէջ, որպէսզի հետեւին անոր շնչառութեան հոլովոյթին:

Հիւանդանոցային շտապ օգնութիւնը պարտադիր կը դառնայ յառաջացած ախտանշաններով հիւանդներուն: Անոնք կը խնամուին  հիւանդանոցի մը մէջ, ուր կը տրուի շտապ խնամք եւ որոշ դեղեր՝ մեղմացնելու համար անոնց շնչահեղձութիւնը եւ բարելաւելու անոնց շնչառութիւնը: Կը կիրարկուին խոնաւ օդ եւ շոգի ու հետեւեալ երկու դեղերը. Շաքարագորթիզոն (glucocor-ticoid) եւ Էփինեֆրին (epinephrine) մեղմացնելու համար շնչառական խողովակներու բորբոքումը: Շաքարագորթիզոնը (glucocortisone)  դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ կիրարկումէն 1-2 ժամ ետք, իսկ Էփինեֆրինը (epinephrine)՝ 5-10 վայրկեան ետք: էփինեֆրինը աւելի արագ կը գործէ, բայց անոր ազդեցութիւնը կարճատեւ է՝ բաղդատմամբ շաքարագորթիզոնի: Շնչականգառի պարագային, կը կատարուի շտապ շնչափողածակում (tracheotomy), որպէսզի հիւանդին արուեստական շնչառութիւն կիրարկուի եւ թթուածին ներմուծուի :

Հազամաղձուկի բարդութիւններն են շնչահեղձութիւն, արագ շնչառութիւն, շնչասլոց, շնչականգառ (respiratory arrest), կապտութիւն (cyanosis), շնչափողի եւ խռչափողի մանրէական երկրորդական բորբոքում, կլլելու դժուարութիւն, ջրազրկում (dehydration):

Կարելի՞ է  հազամղձուկի տարածումը արգիլել:

Այո՛, կարելի է, հետեւելով հետեւեալ ցցմունքներուն. առողջ անձեր հեռու պէտք է մնան վարակուած անձերէ, վարակուածներ պէտք չէ շփում ունենան առողջ անձերու հետ, առողջ անձեր վարակուած հիւանդներուն իրերուն եւ սպասներուն պէտք չէ դպնան, վարակուած հիւանդներ պէտք է հազան եւ փռնգտան իրենց արմուկին, եւ ոչ թէ ձեռքի մէջ կամ բացօդեայ: Առողջ անձեր, վարակուած հիւանդի մը մօտ գտնուելէ ետք, պէտք է իրենց ձեռքերը լուան ջուրով եւ օճառով:

Դժբախտաբար հազամղձուկի դէմ պատուաստ չէ գտնուած մինչեւ օրս:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles