Խնապատի Խիզախ Բնակչութիւնը

0 0
Read Time:1 Minute, 44 Second


Խնապատ (նախապէս Խանապատ) գիւղ մըն է Արցախի Ասկերան շրջանի արեւելեան հատուածէն ներս, մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն 19 քլմ․ հեռաւորութեան վրայ:
Քաղաքը հիմնուած է Ղլիջբաղի լանջին վրայ։ Կլիման անախորժ եւ ճնշիչ է, յատկապէս ամռան։
Համայնքը լեռնային է, ունի 1815,74 հեքթար: Գիւղին մէջէն հոսող Ղլիջբաղ գետը կը հասնի մինչեւ Կարկառ գետը։
Գիւղի համայնքապետ Սամուէլ Շահրամանեանին համար, հակառակ տիրող դաժան կացութեան, գիւղի բնակչութիւնը վճռակամ է եւ պատրաստ է պատասխանելու մօտակայ ազերի զինուորներու ներխուժումին։
«Կրակոցնէր եղած են գիւղի ուղղութեամբ, սակայն, բարեբախտաբար, գիւղի տարածք չեն հասել եւ որեւէ վնաս չեն պատճառել: Բնակիչների մօտ իհարկէ մտահոգութիւն կայ, սակայն բնականոն կեանքով են ապրում. դպրոցը արձակուրդի մէջ է, իսկ մանկապարտէզը շարունակում է աշխատել», կը յայտնէ Շահրամանեան:
Անոր խօսքով` թշնամիին նպատակն ու երազանքն է բնակչութեան վրայ ճնշել եւ հնարաւորին չափ վնաս պատճառել: Համայնքի ղեկավարը հրատապ կը համարէ գիւղին մէջ ապաստարաններու եւ գիւղի համար անվտանգութիւն ապահովող այլ շինութիւններու կառուցումը, որուն մասին արդէն իսկ տեղեակ պահած է պատկան մարմիններուն:
Ըստ լեզուաբանական բացատրութեան «ապատ»-ը ունի բնակեցուած, բարեկարգուած իմաստը։ Նաեւ կը նշանակէ բնակատեղ, քաղաք, շէն, աւան եւ խան։
Այսպէս, «ապատ» արմատը դրսեւորուած է իբրեւ բնակութեան վայր՝ նախնական ջրային տարածքի կողքին։ 9-17-րդ դարերուն, գիւղին անունն էր Ջրուէր, նաեւ Ջրհոր։
Բանահաւաք Լեւոն Յարութիւնեան կը նշէ, թէ գիւղին հին ու հայալեզու անունն է Ջրաւեր կազմուած ջուր եւ վայր բաղադրիչներէն։
Խնապատը՝ Խոնապատի աղաւաղուած տարբերակը կը համարուի: «Խոն»-ը կը մեկնաբանուի ցած, ներքեւ, դաշտային, տափաստանային նշանակութիւններով եւ կը նշուի, որ Խնապատը ջրային տարածք, ջրարառատ բնակավայր նշանակութիւն ունէր:
Գիւղի տարածքի արեւմտեան սահմանը Բոզդաղի շարունակութիւնը կազմող Բիլայ Խութ անտառապատ լեռնային շրջանն, աւելի քան 3 քլմ․երկարութեամբ, որ կը տարածուի հարաւ-արեւելք-հիւսիս-արեւմուտք ուղղութեամբ: Աենաբարձրադիր գագաթը Բիլայ Խութն է ծովի մակերեսէն շուրջ 1200 մեթր բարձրութեամբ: Անոր կը հետեւի Սարէ խաչ (1175 մ․), Շեգունց (1145,5 մ․) եւ Հացոտ (968.1 մ․) բարձունքները: Գիւղէն հիւսիս գրեթէ արեւելք-արեւմուտք ուղղութեամբ կը գտնուի Քարէնկլոխ (Քարագլուխ) արեւելահայեաց անտառազուրկ, 1.5 քլմ․ երկարութեամբ լեռնադաշտը Կարմիր քերծ կամ Չոպոխ բարձունքով։
Թրքական տիրապետութեան կարճ ճամանակաշրջանի մը ընթացքին, գիւղը վերանուանուած է Թեզխարապ, ապա 1962-ին անուանուած է Ոսկէվազ։ Իբրեւ լրացեալ անուններ առաջարկուած են Այգեձոր եւ Մրգաշատ անունները: Տրուած անուններէն ոչ մէկը չորդեգրուեցաւ եւ կրկին անգամ գիւղը վերանուանուեցաւ Խնապատ:

Քաղուած՝ ԱՊԱՌԱԺ-էն

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles