Խրամորթ. Ազերիներու Մուղամներն Ու Հեռանալու Կոչերը

0 0
Read Time:3 Minute, 33 Second


Վահագն Խաչատրեան
«Ապառաժ»
յապաւումով

Ծ․Խ․- Մարտ 6-ին, ազերի բանակը անգամ մը եւս խախտեց զինադադարը եւ կրակեց Խրամորթի ուղղութեամբ։
Ռուս խաղաղապահ ուժերու արձագանգին շնորհիւ իրավիճակը հանդարտեցաւ։ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, այս դէպքին լոյսին տակ յայտարարեց, թէ վերջին օրերուն Ատրպէյճանի զինուած ուժերը պարբերաբար սադրիչ եւ լարուածութիւն յառաջացնող գործողութիւններ կ՛իրականացնեն Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Խրամորթ համայնքին յարակից դիրքերուն ուղղութեամբ: Կարելի բոլոր միջոցներով փորձ կը կատարուի խաթարել գիւղի բնականոն կեանքը, գիւղատնտեսական աշխատանքներու ընթացքը, գիւղական առօրեայի կազմակերպումը: Ռազմական ուժի կիրարկման սպառնալիքին հոգեբանական ճնշման տեղեկատուական յարձակումն ու բարձրախօսներով տարբեր բնոյթի յայտարարութիւններու տարածման տարբերակը աւելնալէ ետք, ատրպէյճանական կողմը կրկին դիմած է սադրանքի` հայկական կողմին ուղղութեամբ արձակելով բուռն կրակոցներ: «Հայրենիք» այս գրութեան վերամշակումը կատարած էր, Մարտ 6-ի դէպքէն քանի մը օր առաջ։

Ասկերանէն 6 քլմ․, իսկ Ստեփանակերտէն 21 քլմ․հեռաւորութեան վրայ, Ակնայի անմիջական հարեւանութեամբ կը գտնուի Խրամորթ գիւղը:
Գիւղի մուտքէն իսկ, յստակ է թէ պատերազմին ծանր ռմբակոծումներ տեղի ունեցած են։
Նախքան 44-օրեայ պատերազմը, այս գիւղը Արցախի այն եզակի տարածաշրջաններէն էր, ուր խնդիրներ քիչ կային, սակայն այսօր պատկերը բոլորովին տարբեր է:
Նոյեմբեր 9, 2020-ին կնքուած խայտառակ պայմանագրով, Ակնան դաւադիր ստորագրութեամբ յանձնուեցաւ թշնամիին։ Խրամորթի շրջանը յայտնուեցաւ թշնամիի դիրքերէն միայն 600 – 800 մեթր հեռաւորութեան վրայ, թէեւ սահմանամերձ ըլլալու հանգամանքը խոչընդոտ չդարձաւ, որ պատերազմէն ետք հողին ամուռ կառչած խրամորթցին վերադառնայ եւ շարունակէ ապրիլ երդիքին տակ: Բացի խրամորթցիներէն, գիւղին մէջ հաստատուած են նաեւ տեղահանուած 11 ընտանիք:
Կը թուի, թէ խաղաղասիրութեան եւ բարեկամութեան կոչերէն ետք, բնակիչները պէտք է կարողանային խաղաղ ապրիլ եւ գործել, զբաղուիլ կենցաղային աշխատանքներով, այգեգործութեամբ ու հողագործութեամբ, որ շատ մը գիւղացիներու համար ապրուստի հիմնական միջոց է, սակայն թշնամին լաւ ճանաչողները, իհարկէ, գիտէին, որ այդ մէկը հնարաւոր չէր կատարել:
Եթէ պատերազմէն անմիջապէս ետք ռուս խաղաղապահներու ներկայութեամբ գիւղացիները կարողացած են աշխատիլ իրենց այգիներում, ապա այսօր նոյնիսկ անոնց ներկայութիւնը չի զսպէր թշնամին, որ պարզապէս կ՛արգելէ գիւղացիներուն աշխատիլ իրենց այգիներուն մէջ: Դեռ այս իրավիճակին կողքին, մերթ ընդ մերթ կը լսուին նաեւ կրակոցներ:
Թշնամին կը դիմէ տարբեր միջողներու, ամէն գնով անհանգստացնելու համար Խրամորթցին: Փետրուար 24-ի կէսօրուայ ժամերուն, գիւղի մօտ բնակութիւն հաստատած ատրպէյճանցիները բարձրախօսներով փորձած են սարսափ ստեղծել: Ատրպէյճանցիները բարձրախօսներով հայերէն յայտարարութիւններ կատարած են, յայտնելով․- «Լքեցէք մեր տարածքները, խաղաղ ճանապարհով հեռացէք, այլապէս ուժի կը դիմենք»:
«Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին գիւղացիները նշեցին, որ պիտի չհեռանան այս գիւղէն: «90-ականներին երեխայիս հետ դուրս եմ եկել, 2020-ին երեխաս է թոռներիս հետ դուրս եկել, հիմա ո՞ւր գնանք»է,- պատասխանեց գիւղացիներից մէկը:
Այլ բնակիչ մը նշեց, որ երեք անգամ այս գիւղին մէջ տուն կառուցած է:
Դպրոցի կազմակերպիչ Յասմիկ Անդրեանը նշեց․- «Դասի էինք, երբ գիւղացիներից մէկը զանգեց` հարցնելու համար, թէ ի՞նչ յայտարարութիւն է տարածւում Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքը լքելու մասին: Մենք չէինք լսել, ուստի ասացի, որ տեղեակ չեմ: Քիչ ետք կրկին զանգեց, ու ասաց, որ հիմա նորից յայտարարութիւն է տարածւում, դուրս գամ ու լսեմ: 11-րդ դասարանի տղաներից մէկին ուղարկեցի բակ` լսելու, թէ ինչ յայտարարութիւն է տարածւում: Տղան վերադարձաւ` ասելով, որ ամէն ինչ նորմալ (բնական, խմբ․) է, որպէսզի խուճապի չմատնուենք: Երրորդ անգամ երբ զանգ եկաւ, արդէն ես դուրս եկայ, տեսայ, որ մեքենան կանգնեցրած` բարձրախօսներով մաքուր հայերէնով յայտարարութիւն են տարածում»։
Ան յայտնեց, թէ շարունակած են իրենց դասը, առանց խուճապի մատնուելու:
Այս անորոշ իրավիճակին, գիւղացիները չեն կարողանար որեւէ աշխատանք կատարել: Տղամարդիկ կը յորդորեն կանանց չվախնալ, իսկ կանայքն ալ կը պատասխանեն, թէ թուրքէն չեն վախնար, այլ նորագոյն զէնքերէն, որ հեռուէն անգամ մահացու են:
Գիւղի Բնակիչներէն՝ Անժելա Ղահրամանեանը չի պատկերացնէր իր կեանքը այլ վայրի մէջ եւ մինչեւ պատերազմը, չէր պատկերացնէր, որ այսպիսի կացութիւն կը ստեղծուէր։ Այս օրերու հետ զուգադիպուած սադրանքներն ու բռնի տեղահանման սպառնալիքները կը յիշեցնեն 1988-ի Սումկայիթեան օրերը:
Գիւղացիները կը բողոքեն, որ նոյնիսկ ռուսերու ներկայութեամբ, չեն կրնար հանգստօրէն մշակել։
Ազերիները սկսած են հնչեցնել իրենց մուղամները:
Փետրուար 26-ին Խրամորթ այցելեցին Արցախի ոստիկանութեան Ասկերանի շրջանային բաժնի ծառայողներն ու ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան պատասխանատուները։
«Գիւղի բնակչութեանն ահաբեկելու ատրպէյճանական հերթական գործողութիւններն իրականացւում են յատուկ փլանաւորուած (դասաւորուած, խմբ․) եւ Պաքուի ղեկավարութեան ուղիղ համակարգմամբ: Դրանք կողմից Արցախի ժողովրդի հոգեբանական անձեռնմխելիութեան դէմ ուղղուած գործողութիւններ են, ինչի մասին է վկայում նաեւ այն հանգամանքը, որ այսպէս կոչուած կոչերն ու յորդորները տեսաձայնագրուել ու սոցիալական ցանցերում տարածուել են 44-օրեայ պատերազմի օրերին եւ դրանից յետոյ` ադրբեջանական քարոզչութիւն իրականացնող ալիքներով: Կոչերի բովանդակութիւնից պարզ երեւում է, որ ատրպէյճանական կողմը ուժի կիրառման սպառնալիք է հնչեցնում Խրամորթ համայնքի խաղաղ բնակիչների նկատմամբ` նպատակ ունենալով զրկել նրանց սեփական հայրենիքից, խաղաղ ու անվտանգ ապրելու, արժանապատիւ աշխատանքով բնականոն կեանք վարելու իրաւունքից»,- կը յայտնէ Արցախի ապահովութեան պատասխանատուներէն Գեղամ Ստեփանեանը:
Այս պատահածները հերթական սպառնալիքներն են, որոնք նրանք նպատակ ունին խուճապ տարածելու բնակչութեան մօտ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles