Տերեւաթափ․- Սեդա Սոնենց-Փափազեան (1925-2022)

0 0
Read Time:1 Minute, 41 Second

 

Փետրուար 3-ին մահացաւ Պոսթընահայ գաղութի ծանօթ դէմքերէն՝ Սեդա Սոնենց-Փափազեանը, ծնած՝ Յուլիս 1, 1925-ին Խարթում (Սուտան)։ Ան առջինեկ դուստրն էր Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ, բժիշկ Երուանդ Խաթանասեանի («Հայրենիք»-ի խմբագիր՝ 1963-էն 1968) եւ Վերգին Ալիանաքի։

Իր հայրը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Սեդայի վրայ։

Դաշնակցական ծանօթ ֆետայի Աբրոյի քրոջ որդին, տոքթ․ Խաթանասեան, որ կիսատ թողելով դասընթացքները, 1915-ին կը միանայ Անդրանիկի բանակին: Հայաստանի անկախացումէն ետք կը վերադառնայ Պէյրութ եւ յիշատակութեամբ կ՚աւարտէ բժշկական դասընթացքները, որմէ ետք կը մեկնի Սուտան, ուր կը կազմէ ընտանիք: Երկրորդ Աշխարհամարտին սկիզբը ընտանիքով կը հաստատուի Գահիրէ:

Եգիպտոսի մէջ կը նուիրուի կուսակցական կեանքին, կ՚ընտրուի Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ ու կը ծառայէ այդ մարմնին վրայ մինչեւ 1960-ական թուականները:

Խաթանասեան գործունէութեան վերջին շրջանը կատարեց Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Ան խանդավառութիւն ստեղծեց երիտասարդ շրջանակներէ ներս զանազան շրջաններու մէջ իր տուած դասախօսութիւններով եւ ստորագրած յօդուածներով: Մահացաւ 1980-ին Պոսթընի մէջ:

Սեդան համալսարանական ուսումը ստացաւ Գահիրէի մէջ եւ նշանակուեցաւ տեղւոյն ամերիկեան ամերիկեան դեսպանատան գրադարանի պատասխանատու։ Ապա, ան միեւնոյն պաշտօնը կատարեց բրիտանական դեսպանատան մէջ։ Ընտանիք կազմելէ ետք, Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի հետ, յիսունականներուն սկիզբը, ան գաղթեց Միացեալ Նահանգներ՝ Պոսթըն։ Ամոլը բախտաւորուեցաւ երկու մանչ զաւակներով՝ Արմէն (Պոսթըն)  եւ Վիգէն (Լոս Անճելըս)։

Վաթսունականներու աւարտէն ի վեր, Սեդա գործեց Հարվըրտ համալսարանի հանրահռչակ գրադարանէն ներս։ Նոյնիսկ պսակաձեւ ժահրի օրերուն, ան շարունակեց գործել առցանց, մինչեւ տարեսկիզբ, երբ իր առողջական վիճակը լրջօրէն սկսաւ վատթարանալ։

Իր հօրմէն ժառանգած էր տիպար հայ ըլլալու, մնալու եւ գործելու պարտականութիւնը։ Սեդա մօտէն կը հետեւէր Հայ Դատի գործունէութեան, Հայաստանի եւ Արցախի անցուդարձերուն։

Փոխան ծաղկեպսակի, նուիրատութիւնները կատարել Հ․Օ․Մ․-ին կամ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ ․-

Armenian Relief Society, Inc. (ARS)

80 Bigelow Avenue, #300

 Watertown, MA 02472

կամ

Saint Stephen’s Armenian Apostolic Church

38 Elton Avenue

Watertown, MA 02472.

 

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ

Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնն ու գրասենեակներու անձնակազմը խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնեն Ընկ. Թաթուլ Սոնենց Փափազեանին եւ հարազատներուն, ՍԵԴԱ ԽԱԹԱՆԱՍԵԱՆի մահուան տխուր առիթով։

***

Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի, Պոսթընի Հ.Յ.Դ. «Սարդարապատ» կոմիտէութեան, «Հայրենիք»-ի եւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի անձնակազմերը ցաւակցութիւն կը յայտնեն ընկ. Թաթուլ Սոնենց Փափազեանին եւ հարազատներուն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles