ԵՐԱՆԻ ԱՆՈՆՑ ՈՐՈՆՔ ԱՄԱՆՈՐ ԿՐՆԱՆ ՏՕՆԵԼ ԵՒ ԿԸ ՏՕՆԵՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 37 Second

Յ. Պալեան 

            Մտորումներ: Ո՛չ յոռետեսութիւն, ո՛չ յուսահատութիւն:

            Տարին անցաւ. ըսինք վերանկախացման երեսուն տարի, ըսինք 44օրեայ պատերազմ, պարտութիւն, կորուստներ: Կը մխիթարուինք հայրենադարձութեան միշտ դրական քանի մը պարագաներով:

            Տխրի՞լ, թէ՞ ուրախանալ. աւարտած տարուան ընթացքին, ռուսական խաղապահ ուժերու պաշտպանութեան ներքեւ, չորս հազար արցախցիներ իրենց բռնագրաւուած հայրենիքի սրբավայրերը ուխտի գացած են: Ի՞նչ մտածել:

            Տխրի՞լ թէ՞ ուրախանալ, որ հայեւթուրք խօսակցութիւններ պիտի սկսին: Կողմերը նշանակած են իրենց բանագնացները: Ի՞նչ բանի շուրջ պիտի բանակցին: Բանակցիլ կը նշանակէ առնելիք-տալիք որոշել: Ի՞նչ պիտի պահանջուի կամ պարտադրուի, ի՞նչ պիտի կարենանք պահանջել:

            Համազգային համախոհութիւն պիտի ստեղծուի՞ տալիքի եւ առնելիքի շուրջ, թէ՞ անոնք պիտի պարտադրուին դուրսէն եւ ընդունուին առանց ժողովուրդի կարծիքին դիմելու, սեփական ղեկավարութեան տիքթաթով: Ինքզինք ազգի անդամ համարողը,- ո՛չ հեռու կամ մօտ համայնքի մը,- ինչպէ՞ս գոյութենական տագնապ պիտի չապրի, եւ պիտի Ամանոր տօնէ:

            Եթէ ազգային համախոհութիւն չըլլայ առնելիքի եւ տալիքի շուրջ, անխուսափելի կ’ըլլան պառակտումները, որոնք մեր կացութեան մէջ եղող ժողովուրդի մը համար պերճանք են: Իսկ համախոհութեան հասնելու համար բանակցութիւններու առարկան պէտք է գիտնալ, ունենալ ներազգային վիճարկում, վճռել եւ ապա նստիլ բանակցային սեղանին շուրջ:

            Եթէ թշնամիին հետ կարելի է բանակցիլ, ինչպէ՞ս կարելի է չխօսիլ սեփական ժողովուրդին հետ, որպէսզի վաղը կրկին յանցաւորներ եւ թշնամիներ չփնտռենք մեր մէջ, այլ տարրական ողջմտութեամբ գիտնանք, որ թշնամին դուրսն է: Միթէ՞ այս չէ ազգային քաղաքականութեան առաջին եւ սկզբունքային իմաստութիւնը:

            Ընկեր մը ունէի, որ տեւաբար կ’ըսէր, թէ «այդ հարցերուն մասին առանձութեանս մէջ մտածած եմ, բայց գրոց-բրոց չեմ որ գրեմ»: Հիմա ես ալ կրնամ լրացնել իր միտքը, եւ ըսել, որ մտածել եւ գրոց-բրոց ըլլալ չեն բաւեր, երբ որոշողներու վենախաւին մէջ չենք, էլիդային մաս չենք կազմեր: Էլիդա՝ որ միշտ ալ այդպէս չէ: Քանի որ կը միջամտեն քսակը եւ մեքենայութիւնները, քոմպինացիաները, մանիպուլացիաները: Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը:

Կարծելով գիտնալ, որ մարդ արարածի հին եւ նոր փառասիրութիւնն է, որ յաճախ կը յանգի անսխալականութեան ախտի, որ միշտ եղած է, կը թափահարենք: Նախորդ դարու իմաստասէր մը,- նախորդ դարը այնքան ալ հին պատմութիւն չէ,- Ժան Կրընիէ ըսած է. «Մարդ չի կրնար գործել քանի որ կրնայ չգիտնալ: Բայց կ’ուզէ գործել գիտնալով իր արարքին պատճառը: Աղիտալի փառասիրութիւն»: Արդարեւ, մարդ որ ողջմիտ է, կրնայ զգոյշ ըլլալ, խոհեմութեամբ խորհիլ, որ ճիշդ գործելու համար բոլոր տուեալները չունի: Բայց կը գործէ, այն համոզումով, որ գիտէ իր արարքին պատճառները: Այս ինքնաշնորհուած համոզումը իմաստասէրը կը համարէ «աղիտալի փառասիրութիւն»:

            Ճիշդ է, ամէն տեղ որ ենք, կը գտնուինք թագաժահրի (քովիտ) եւ հիմա նաեւ անոր ձագերու սպառնալիքին տակ: Կացութիւնը կը դիմագրաւենք պատուատով եւ ճակատագրապաշտութեամբ: Բայց մեզմէ կախում չունեցող աղէտ-սպառնալիքը արգելք չէ, որ նաեւ Ամանորի այս օրերուն, մտածենք Հայաստանի եւ մեր ժողովուրդի մասին, որ պարտութենէ ետք ենթակայ է անդամահատուելու վտանգին: Բառը չափազանցութիւն պէտք չէ համարել, խորհիլ այդ մասին, որպէսզի օր մենք մեզ չքմեղացնլու համար չըսենք. չէինք գիտեր, չգիտցանք, ըսող չեղաւ:

            Մնացած կենսական քիչի անդամահատումը:

            Արդէն այդ աշխատանքը կը կատարուի պզտիկ քայլերով: Եթէ այդ նկրտումներուն դիմաց կանգնող չըլլայ, անոնք պիտի շարունակուին:

            Գուժկան նախատեսութիւններ ընելու ցանկութիւն չունիմ: Բայց պարտաւոր ենք մտածելու յոռեգոյնի մասին, երբ կը հետեւինք թուրք եւ ազերի ղեկավարներու անզուսպ ծաւալապաշտական հռետորութեան, Արցախէն՝ Զանգեզուր, Երասխ, Ղափան: Անոնք պահանջներ ունին: Բանակցութեան սեղանին դրուելիք պահանջներ չունի՞ Հայաստանը, ոչ միայն Հանրապետութեան անունով, այլ նաեւ իրաւազրկուած Հայութեան: Ինչո՞ւ այս մասին ներազգային լայնածիր խորհրդակցութիւն չունինք:

            Կարծէք լեռնային ճամբաներու վրայ, թանձր մշուշի մէջ կը յառաջանանք, առանց գիտնալ թէ ո՞ւր կ’երթանք, ո՞ւր պիտի հասնինք:

            Եթէ գիտցողներ կան, թող ըսեն, որպէսզի զանգուածը գիտնայ, թէ ո՞ւր կ’երթայ, ո՞ւր կը տանին: Որպէսզի, ինչպէս ըսած է Սասունցի Դաւիթ, ոչ ոք ըսէ թէ գողի պէս եկան եւ մենք չգիտցանք: Եւ չարդարանանք:

            Եթէ մենք մեզի հետ պահ մը անկեղծ հաշուի նստինք, ինչպէ՞ս Ամանոր կրնանք տօնել, ուրախանալ, երբ անքա՜ն անորոշ եւ սպառնական է գալիք օրը:

            Իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչի, նահանջողի, իմաստունի, գործնապաշտի, բանակցութեան գացող իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչի թղթապանակին մէջ պէտք է դնել Վահագն Դաւթեանի պատգամ եւ ճամբացոյց խօսքը, զոր պէտք է տեւաբար կրկնել, յիշել եւ մանաւանդ՝ նաեւ յիշեցնել.

Այս հողին եմ ես դարեդար խառնել արցունք ու կարօտ,

Խառնել տառապանք, հրաշք եմ խառնել ու խառնել ոգի,

Որ երբե՜ք, երբե՜ք չթողնեմ կեանքում երկիրն այս քարոտ

Ու երբե՜ք, երքե՜ք չտամ ոչ ոքի

                        Ըլլալ հայ եւ ըլլալ մարդ: Ամանորը տօնել Վահագն Դաւթեանը յիշելով

            եւ կրկնելով տոկալու եւ տեւելու իր պատգամը.

            «…երկիրն այս քարոտ ու երբե՜ք, երբե՜ք չտամ ոչ ոքի»:

            Վահագն Դաւթեան պատեհապաշտ եւ երկչոտ չէր.  մտաւորական էր եւ անխառն՝ հայ:

            Օրացոյցին վրայ օրերը տօնական են: Այդքա՛ն:

            Իսկ հայուն օրե՞րը…

            Իշխանութեան հետ կամ դէմ ըլլալու նեղմտութեամբ չառաջնորդուիլ:

            Եւ պատասխանել հայու անդոհանքին. «Ինչպէ՞ս կրնանք Ամանոր տօնել»:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles