ՍՈՉԻ.- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26-ին, տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վրատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, որ տեւեց աւելի քան երեք ժամ: Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ երեք երկիրներու ղեկավարներու մամլոյ ասուլիսը:
Ռուսիոյ նախագահը յայտարարեց, որ Փաշինեանի, Ալիեւի եւ իր միջեւ գոյացած են համաձայնութիւններ, որոնց մասին պիտի յայտարարեն երեք երկիրներու փոխվարչապետները` յաջորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք իրենց հանդիպումին:
«Մենք շատ մանրամասն խօսեցանք փոխադրական կապերու, նախ եւ առաջ` երկաթուղային եւ մայրուղիներու ապաշրջափակման մասին», ըսաւ Փութին` աւելցնելով, որ բանակցութիւնները կայացան կառուցողական մթնոլորտի մէջ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնեց հանդիպումի արդիւնքներէն, յայտնելով, թէ.-: «Մենք քննարկեցինք օրակարգի բոլոր հարցերը: Ասիկա հանդիպում էր ոչ թէ հարցերը թաքցնելու, այլ` զանոնք բաց քննարկելու համար: Շատ դրական է, որ շարք մը հարցերու շուրջ յստակացուցինք դիրքորոշումները, եւ պարզուեցաւ, որ որոշ հարցերու շուրջ չկան թիւրիմացութիւններ:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ անկեղծ ու շատ մանրազնին քննարկում կատարուեցաւ «հաղորդակցութեան երակներու ապաշրջափակման շուրջ»: «Մենք բացէ ի բաց քննարկեցինք մեր ծրագիրները, քննարկեցինք երկու կողմերուն մօտ անհանգստութիւն պատճառող հարցերը: Կարեւորը այն է, որ մեր տուած որոշումները պիտի նպաստեն, որ իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ դառնայ աւելի անվտանգ», յայտնեց Ալիեւ:
Փութին յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային կարելի պիտի ըլլայ տալ որոշումներ` փոխադրութեան միջոցներու ապաշրջափակման վերաբերեալ: «Հիմքեր կան ենթադրելու, որ մօտիկ ապագային մենք պիտի կարենանք ո՛չ միայն հաստատել ապաշրջափակումով զբաղող համապատասխան խումբի աշխատանքը, այլ նաեւ տալ բոլորին համար անհրաժեշտ որոշումներ», նշեց Փութին` աւելցնելով, որ ընդհանուր ջանքերուն նպատակն է պայմաններ ստեղծել` շրջանի վերածնման համար, որպէսզի մարդիկ ապահով զգան եւ կարենան բնական գործունէութեամբ զբաղիլ եւ տնտեսութիւն զարգացնել:
Ռուսիոյ նախագահը մտահոգութիւն յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տակաւին դէպքեր կը պատահին, եւ մարդիկ կը զոհուին` շեշտելով, որ պէտք է քննարկուի կատարուածն ու կատարուելիքը, որպէսզի կարելի ըլլայ նման դէպքերու առաջքը առնել: Անդրադառնալով խաղաղութեան հոլովոյթին` ան գնահատանքով խօսեցաւ շրջանին մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան մասին: