Խմբագրական
«Հովիւը միշտ ալ կը փորձէ ոչխարները համոզել, որ իր եւ անոնց շահերը նոյնն են»:
Ֆրանսացի վիպագիր Հանրի Պէյլ, աւելի ծանօթ՝ Սթենտալ գրչանունով (1783-1842)
Աւելի քան երկու ժամ տեւեց Հ․Հ․ վարչապետին պատկերասփռուած հարցազրոյցը՝ Նոյեմբեր 23-ին, երբ մէկ առ մէկ կարդացուեցան լրատուամիջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու յղած հարցումները. գլխաւոր կիզակէտն էր սահմանազատման եւ սահմանագծման խորհրդաւոր ու մինչ այդ գաղտնի պահուած փաստաթուղթին բովանդակութիւնը։ Հիմնաւորեալ մեկնակէտը այն էր, որ վարչապետը քանի մը օր առաջ հաստատած էր, թէ փաստաթուղթ մը ունի սեղանին վրայ եւ պատրաստ է զայն ստորագրելու:
Նմանօրինակ երկար՝ մարաթոնանման հարցազրոյցի մը պարագային, առաջնահերթ եւ մեծ դեր կը խաղայ խօսող անձին արտայայտուելու ոճը, դէպք մը կամ կացութիւն մը ներկայացնելու ձեւը, մինչեւ իսկ առոգանութիւնը։ Ի վերջոյ մարդս յատուկ տաղանդ պէտք է ունենայ, որպէսզի նիւթ մը տպաւորիչ կերպով նկարագրէ եւ ներգրաւէ ունկնդիրը, իսկ շատ աւելի ամբողջական կ՛ըլլայ ներկայացուելիքը, երբ ներկայացնողին ձայնը ըլլայ ազդու եւ տպաւորիչ։
Այս առումով, նոյնիսկ իբրեւ դերասան՝ Հ․Հ․ վարչապետ Ն. Փաշինեան չի բաղդատուիր իմաստուն խօսքերու տէր Սօս Սարգսեանի, ոչ ալ խրոխտ ձայնով արտասանող Մորկըն Ֆրիմանի (նշանաւոր սեւամորթ դերասան) հետ։ Ան նման տիպարներու անհամակրելի, վանողական հականիշն է…
Ակնթարթ մը մէկդի դնենք երեւութականը՝ «դուրս»-էն դիտուածն ու տպաւորութիւն ստեղծածը, եւ փորձենք քայլ պահել – որքան ալ տաժանակիր ըլլայ – պատասխաններուն ներքին իմաստին, կամ աւելի ճիշդը՝ խորքին հետ։
Բանական, տրամաբանութիւն ունեցող մարդուն համար, իսկապէս որ դժուար էր մինչեւ աւարտը հետեւիլ մերթ անտեղի, մերթ անտրամաբանական արտայայտութիւններուն (չըսելու համար ցնդաբանութիւններուն), անվիճելիօրէն երկար ու դարձդարձիկ հարցազրոյցին, որուն միտք բանին հաւանաբար անգամ մը եւս քլիշէ դարձած՝ «Այլ ելք չկար»-ն էր։
Սակայն այդ մէկ պատասխանն ալ, ներառեալ սեւի եւ ճերմակի միջեւ տարուբերելու, կամ ներկայի ղեկավարները նախկիններէն զատորոշելու ճիգերը՝ սկսած է կորսնցնել իր ազդեցութիւնը, որ առաջին օրէն արդէն իսկ իրականութիւններուն խոտոր կը սեպուէր։
Հիմա հարցը աւելի մտահոգիչ է։
Յստակ է, թէ վարչապետը, Խորհրդային Միութեան օրերուն գծագրուած եւ ըստ էութեան՝ կամայական, շինծու սահմաններուն մասին կիսատ-պռատ հաստատումներ կատարելով, յերիւրածոյ վերլուծումներ կատարելով կամ պատմական թուականները շրջանցելով եւ ըստ կամս մեկնաբանելով՝ կը փորձէ իբրեւ թէ վարդագոյն պատասխաններով արտայայտուիլ։ Մեր այս տողերը պարզ հակաճառութիւն չեն, որովհետեւ իսկական տուեալներ ու անվիճելի փաստեր կան, որոնք կը մերկացնեն Փաշինեանի շինծու փաստագրումները (սա նորութիւն չէ)։ Տրամաբանութիւնը, հայրենիքի եւ պետութեան տարրական շահերու պաշտպանութիւնը կը թելադրեն, որ նման ճակատագրական պահերու, օգտագործուին քարտէսագէտներու, պատմագէտներու եւ քաղաքական դաւադիր հաշիւներու ծանօթներու գիտելիքները. սակայն այս իշխանութիւնն ու անոր միանձնեայ ղեկավարը կը յամառին անհաղորդ մնալ նման իմաստութեանց:
Այսպէս, վարչապետը կը շեշտէ, թէ Խորհրդային Միութեան փլուզման օրերուն, նորակազմ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան երկիրները, որոնց կարգին Հայաստան եւ Ատրպէյճան, ճանչցան իրենց սահմանները, սակայն «պատմագէտ» վարչապետը կը նախընտրէ չյիշել, եւ ունկնդիրն ալ մոլորեցնել, թէ այդ տարիներուն Արցախը ազատագրուած էր եւ մաս չէր կազմեր Ատրպէյճանի։ Չխօսինք միւս օգտագործելի իրականութեան մասին, ոչ ալ երկար մեկնաբանենք զայն, թէ վերանկախացած Ատրպէյճանն իսկ ինքզինք չհռչակեց խորհրդային շրջանի ժառանգորդը…
Մակերեսային մօտեցումով, այլ բացատրութիւններ ալ տուաւ վարչապետը 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին ստեղծուած կացութիւններուն մասին։
…Կարելի է առանձնաբար կանգ առնել հարցազրոյցին բազմաթիւ կէտերուն վրայ, լուսարձակի տակ բերել այլանդակ մեկնաբանութիւնները, մոլորեցումներն ու ինքնարդարացման ուղղակի եւ անուղղակի փորձերը, որոնք սովորութիւն են այս մարդուն համար, սակայն ի՞նչ օգուտ: Ի վերջոյ, պիտի հասնինք այն կէտին, որ իր երկմտանքով եւ բազմիցս շփոթ ստեղծելով, յուսալքութեան ալիք մը ստեղծեց երբեմնի «թաւշեայ յեղափոխութիւն» կատարած – կամ այդպէս կարծած – ղեկավարը, իսկ իր երեւակայական «լաւատեսութիւնը» պարզապէս նոր փանջունի մը կը շեշտէ անոր ու նմաններուն մէջ:
Այս հարցազրոյցը շատ աւելի մտահոգութիւն կը ստեղծէ, այն պատճառով, որ մինչեւ իսկ Փաշինեանի համակիր կամ երկրպագու մը հետզհետէ զգաստութեան կը հասնի, թէ որքա՜ն խաբուած է։
Լուծո՞ւմը. ժամանակն է հոծ բազմութեամբ միանալու բողոքի զանգուածային ցոյցերուն, որոնք հերթական դրութեամբ կը կատարուին Երեւանի զանազան բանուկ շրջաններու մէջ։ Այս ձախաւեր ու հայրենիք-պետութիւն կորստեան մատնող իշխանաւորներուն հեռացումը պէտք է իրականանայ գիտակից զանգուածին ԳՈՐԾՈՎ, ո՛չ թէ պարզապէս երկրի ղեկին վրայ «հին»-«նոր» դէմքեր փնտռելու, աթոռներ գրաւելու-փոխանակելու տրամաբանութեամբ, այլ նոյնինքն հայրենի հողերը պահպանելու, նոր կորուստներ կանխարգիլելու եւ կորսուածները, ԲՈԼՈ՛Ր ԿՈՐՍՈՒԱԾՆԵՐԸ վերաշահելու կամքով:
Հայրենասիրութիւնը կեղծ կատակորիա չէ: