Նիւ Եորք․- Օրինակելի Բարեսիրական Համերգ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

0 0
Read Time:34 Second

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Կիրակի, Նոյեմբեր 14-ին, երկու պատանիներ՝ Անահիտ Ինճիկիւլեան եւ Պենճըմին Զասլաւսկի, այցելեցին Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին իրենց ծնողներուն հետ։ Երկու պատանիները, որոնք  Հոկտեմբեր 17-ին կազմակերպած էին «Կեանքեր փոխեցէ՛ք, աշխարհը փոխեցէ՛ք» բարեսիրական համերգը Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Լագիսեանին յանձնեցին համերգին շնորհիւ հաւաքուած գումարը՝ 18.000 տոլարի վճարագրով։

Գումարը պիտի յատկացուի Լիբանանի ու Արցախի կարիքաւոր ընտանիքներու՝ Ազգային Առաջնորդարանի միջոցով, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի համալսարանի կուրծքի քաղցկեղի հետազօտութեան։

Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց երկու նախաձեռնարկ պատանիներուն, իրենց ծնողներուն, մասնակից երաժիշտներուն ու երգիչներուն եւ բոլոր նուիրատուներուն։ Ան գնահատագրեր յանձնեց Անահիտ Ինճիկիւլեանին, Պենճըմին Զասլաւսկիին եւ համերգին միւս մասնակիցներուն, միաժամանակ հրաւիրելով բոլորը, որ իրենք զիրենք նկատեն Մայր Եկեղեցւոյ «մշակութային» ծխականներ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles