ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀԻՒՐՆ ԷՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ․ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

0 0
Read Time:52 Second

ՊԷԹԷՍԹԱ (Մէրիլէնտ)․-  Շաբաթ, Նոյեմբեր 13-ի յետմիջօրէին, ներկայութեամբ Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի բարեջան Առաջնորդ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեանի, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ համայնքը (Պէթէստա, Մէրիլէնտ)  խմբուեցաւ ապագային կառուցուելիք եկեղեցւոյ հողամասին վրայ եւ Անդաստանի արարողութեամբ նոր երազներու իրագործման առաջին քայլը առաւ։

Արարողութեան յաջորդեց եկեղեցւոյ 57-րդ տարեդարձի հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին Ազգային Առաջնորդարանի Արժանեաց գնահատագրով պարգեւատրուեցաւ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան, իսկ գնահատագիր ստացաւ տիկ. Նորա Գասպարեան։ Տիար Կարպօ Աֆարեան ստացաւ հոգեւոր հովիւի գնահատագիր։

Եկեղեցւոյ ատենապետ՝ տիար Արամ Սարաֆեանի միամեայ ամփոփ զեկոյցէն, եւ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեանի եկեղեցւոյ Մարմիններուն ուղղուած գնահատանքի խօսքէն ետք, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, դրուատեց գաղութին ներդաշնակ գործակցութիւնը եւ անվերապահ աջակցութիւնը նոր երազներու իրագործման ճամբուն վրայ։

Մէջընդմէջ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր գործադրուեցաւ, եւ հոգեւոր հովիւի «Պահպանիչ» աղօթքով ու «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ ձեռնարկը։

Կիրակի, Նոյեմբեր 14-ին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հոգեւոր հովիւին հետ եկեղեցւոյ մէջ «Համաստեղ» վարժարանի աշակերտութեան հետ հանդիպեցաւ։ Յընթացս Սուրբ Պատարագին, Առաջնորդ Հայրը դպիր ձեռնադրեց Անդրանիկ եւ Պօղոս Թաթառեանները, եւ իր խօսքին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը հաւատարմութեամբ գործադրելու փոքր պարտականութիւններ, որոնք ի վերջոյ կ՛առաջնորդեն պատասխանատու պաշտօններու։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles