ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկացուց, թէ Շաբաթ, Նոյեմբեր 13-ին, վաղ առաւօտեան Ստեփանակերտ-Բերձոր միջպետական ճամբուն վրայ, Շուշի քաղաքի անցակէտին մօտ, ատրպէյճանցի զինուորներու սադրիչ գործողութիւններուն ի պատասխան անյայտ անձ մը պայթուցիկ սարք նետած է անցակէտի հատուածին վրայ, որմէ ետք Ստեփանակերտ-Շուշի-Բերձոր միջպետական ճամբան երկկողմանիօրէն փակուած է:
Աւելի ուշ Ստեփանակերտ-Շուշի-Բերձոր միջպետական ճամբան երկկողմանիօրէն բացուած է:
Իսկ Հանրապետութեան քննչական կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ դէպքը գործադրողը՝ 1975-ի ծնունդ, Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչ մըն է, որ կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէին մօտ: