Երկու Պատուական Նուէրներ՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հովանաւորութեամբ

0 0
Read Time:1 Minute, 14 Second

ՓԸՐԱՄԸՍ (Նիւ Ճըրզի)․- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 23-ին, Ֆրէզնոյի (Քալիֆորնիա) մէջ կայացած տարեկան ժողովի Ճաշկերոյթի ընթացքին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը յայտարարեց երկու պատուական նուէրներ։ Ընկերակցութեան 102-րդ ժողովի Ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ Ֆրէզնոյի Առաջին Հայ Երիցական Եկեղեցիի սրահին մէջ, նուիրուած էր Արցախի Հանրապետութեան։

Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան յայտարարեց, որ Վըրճինիա նահանգի ՄէքԼին Քաղաքի Մանկիկեան ընտանիքը կը նուիրէ 300,000 տոլար, հովանաւորելու Ստեփանակերտի նոր մանկապարտէզի ծախսերը։ Վերանորոգուած մանկապարտէզը, որու դռները կը նախատեսուի բանալ 2022-ի աշնան, պիտի կոչուի Տոքթ. Պետրոս Մանկիկեանի անունով։

Խանճեան նաեւ յայտարարեց, որ Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Թորոնթօ քաղաքէն Սարգիս եւ Հայկուհի Մարանճեանները սիրով կը նուիրեն 125,000 ամերիկեան տոլար Հայաստանի Հանրապետութեան Վանաձոր քաղաքին մէջ գտնուող Աւետարանչականի «Շող» Կեդրոնին, որ յատուկ ծառայութիւն կը մատուցանէ անապահով ընտանիքներու երեխաներուն։ Կեդրոնը պիտի կոչուի Սարգիս եւ Հայկուհի Մարանճեան «Շող» Կեդրոն։

«Աւետարանչականը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ այս երկու ըտանիքներուն, որոնք Հայ համայնքի սիրոյ, հաւատքի եւ ծառայութեան օժանդակելու հարազատ օրինակներ են,» ըսաւ  Խանճեան։ «Նոր եւ ընդլայնուած մանկապարտէզը պիտի սպասարկէ 200 երեխաներու եւ անոնց ընտանիքներուն՝ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, անոնց ջամբելով ուսման հիասքանչ ճանապարհ։ Իսկ “Սարգիս եւ Հայկուհի Մարանճեան Շող Կեդրոն”-ը պիտի օգնէ քրիստոնէական ոգիի տարածման Վանաձորի երեխաներուն, ստեղծելով դրական մշակութային եւ կրթական միջավայր, որ վճռական ազդեցութիւն պիտի ունենայ այդ համայնքին վրայ»։

Որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, Աւետարանչականը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց՝ որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններու միջոցաւ աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։  Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Աւետարանչականի կայքէջը www.amaa.org.

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles