Հ.Օ.Մ.-Ի Ա․Մ․Ն․ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԸ ԿԱՏԱՐԵՑ 100-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԵՒ ՊԱՏՈՒԵՑ ԱՆԺԷԼ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԸ

0 0
Read Time:5 Minute, 24 Second

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30-էն մինչեւ Կիրակի, Հոկտեմբեր 3, Պոսթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի 100-րդ պատգամաւորական ժողովը։ Շաբաթ երեկոյեան, Ուոթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ յարկին ներքեւ տեղի ունեցաւ աւանդական ճաշկերոյթը նախագահութեամբ Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, հանդիսավարութեամբ Հ․Օ․Մ․-ի Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի ատենապետուհի՝ Անի Աթթարի։

Ձեռնարկը մեկնարկեց Ալլա Պետրոսեանի «Մեր Հայրենիք» քայլերգով եւ Հ․Օ․Մ․-ի քայլերգով՝ Քեմպրիճի «Շուշի» մասնաճիւղի Անի Զարկարեանի կատարմամբ։ Ապա, Անի Աթթար բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց Հ․Օ․Մ․-ի առաջին համագումարը, որ տեղի ունեցաւ Մայիս 30, 1915-ին Պոսթըն քաղաքին մէջ, եւ այսօր նոյն քաղաքին մէջ գումարուեցաւ 100-րդ պատմական պատգամաւորական ժողովը։ Այսօր կազմակերպութիւնը Մ․Ա․Կ․- ի անդամ է ու կը գործէ 27 երկիրներու մէջ: Անդամակցութիւնը տասնեակէն հասեր է հազարներու, հիմնելով դպրոցներ, առողջապահական կեդրոններ, ճամբարներ եւ ներդրումներ կատարած երիտասարդական եւ կրթական ծրագիրներու:  Աթթար նաեւ նշեց, թե անցեալի երկու պատգամաւորական ժողովները տեղի ունեցան մեր ազգի աննախադէպ ժամանակներուն, սակայն Հ․Օ․Մ․-ը շարունակեց արձագանգել, կոչ ուղելով ծառայել հայ ժողովուրդի ծովածաւալ կարիքներուն։ «Մենք պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը եւ օգնութեան ձեռք երկարենք  բոլոր անոնց, որոնք մեր կարիքը ունին։ Հ․Օ․Մ․-ը հզօր է, շնորհիւ ձեր բոլորին», ըսաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անխտիր բոլոր ընկերուհիներուն եւ միութեան հաւատացող ազնուասիրտ նուիրատուներուն։

Յանուն Կեդրոնական Վարչութեան, խօսք առաւ Նայիրի Տէրտէրեան յայտնելով, թէ մեծ պատիւ է ներկայ գտնուիլ Հ․Օ․Մ․-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 100-րդ պատմական պատգամաւորական ժողովի տօնակատարութեան։ Այս շրջանը Հ․Օ․Մ․-ի ողնասիւնն է, ուր ծնունդ առաւ այս կազմակերպութիւնը 1910-ին Նիւ Եորք քաղաքին մէջ։ Կազմակերպութիւն մը, որ աւելի քան դար մը շարունակեց ծառայել Հայ ժողովուրդի կարիքներուն ամէն մարտահրաւէրներ յաղթահարելով։ Կազմակերպութիւն մը, որ յոյս տուաւ նորածինին Հ․Օ․Մ․-ի «Մօր ու Մանկան» ծննդատան մէջ, յոյս տուաւ նորակազմ ընտանիքին, յոյս տուաւ Հ․Օ․Մ․-ի Սօսէ մանկապարտէզ յաճախող մանուկին, յոյս տուաւ Ջաւախքի Հայ երիտասարդին տէր կանգնելու մեր մշակութային արժէքներուն, եւ յոյս աշխարհացրիւ ամէն գաղթօճախներուն։

Տէրտէրեան նշեց.- «Մեր ազգային կեանքէն ներս մենք չենք գնահատեր մեր վաստակաշատ ընկերուհիները, սակայն այսօր պարտք կը զգանք շնորհաւորանքի արժանի Մանուկեանը գնահատել իր տարիներու անխոնջ ծառայութեան համար»։ Շնորհաւորանքի արժանացաւ նաեւ Շրջանային Վարչութիւնը եւ պարգեւատրուեցաւ “Գնահատանքի Յուշագիր”-ով։

Այս առթիւ, շնորհաւորագրեր եւ մաղթանքներ ընթերցուեցան նաեւ Քալիֆորնիոյ եւ Գանատայի շրջանային վարչութիւններուն կողմէ։

Ապա Սրբազան Հայրը իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց.- «Յանուն Ազգային Առաջնորդարանի Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն, կ՚ողջունեմ Հայ Օգնութեան Միութեան Ամերիկայի Արեւելեան Շրջանի 100-րդ պատգամաւորական ժողովը եւ ժողովականները։

Պատմական այս համաժողովը կ՚ենթադրէ ցամաքամասիս տարբեր շրջաններուն մէջ մեղուաջան ու նուիրեալ կամաւորներու 100 տարիներու անխափան հաւաքներ՝ Հայ կեանքը յուզող տագնապներու լուծումներ որոնելու եւ  զանոնք իրականացնելու վսեմ գաղափարականով։

Հ․Օ․Մ․-ի հիմնադրին ժամանակաշրջանը, պայմաններն ու տիրող կարիքները որքան որ տարբեր էին մերօրեայ կացութենէն, սակայն տեսլականը՝ անսակարկ կերպով ծառայել մեր ժողովուրդին, կը մնայ նոյնը, աւելի ճիւղաւորուած եւ աւելի ընդարձակուած։ Արդարեւ, եթէ մինչեւ 1988-ի աղէտալի երկրաշարժը Հ․Օ․Մ․-ի հոգածութեան առարկան դարձած էր Միջին Արեւելքը, այնուհետեւ կիզակէտ դարձաւ մայր Հայրենիքը, Արցախով ու Ջաւախքով, միշտ պատրաստ նորանոր տարածքներ ընդգրկելու։

Հայ ժողովուրդի ի սպաս բարեսիրական, մշակութային ու ընկերային ծառայութիւններու ատոք հասկերով ծանրաբեռնուած աւելի քան մէկ դարու մայրական գուրգուրանքով ու զոհողութեամբ համակուած այս սքանչելի կազմակերպութեան անկիւնադարձային հանգրուանին կ՚աղօթենք Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադիր, եւ անցեալի բոլոր անձնուրաց անդամներու հոգիներուն ի հանգիստ, կը մաղթենք յարատեւ ու աննահանջ կորով ներկայի նուիրեալներու, կը ցանկանք որ նորանոր կամաւորներ խտացնեն շարքերը Հայ կեանքը հարստացնող ու լուսաւորող ընծայեալ Հ․Օ․Մ․-ուհիներուն, եւ կը քաջալերենք որ բարերարներ լայն բանան իրենց սրտերը որպէսզի փառապանծ այս Միութիւնը նորանոր իրագործումներով պսակուի», ըսաւ Սրբազան հայրը ։

Ապա բեմ բարձրացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Խաժակ Մկրտիչեանը։ Ան շնորհաւորեց Արեւելեան Ամերիկայի Հ․Օ․Մ․-ը, իր պատմական 100-րդ համագումարին եւ կազմակերպութեան 111-ամեակին առիթով։ Ան ընդգծեց շարունակական գնահատման, ինքնաքննադատութեան եւ վերագնահատման կարեւորութիւնը՝ կատարելագործելու եւ առաջ ընթանալու համար: Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը շարունակէ բարգաւաճել հիմնադիր Էտկար Ակնունիի դրած ամուռ հիմերուն վրայ։  «Կազմակերպութիւնը կը շարունակէ բարգաւաճիլ, քանի որ խորապէս արմատաւորուած է ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարական համոզումներով», եզրակացուց ան։

Ձեռնարկը շարունակուեցաւ Հ․Օ․Մ․-ի ընկերային ծառայութիւններու յանձնախումբին «Ծառայութեան» վկայագիրներ բաժնելով։ Հ․Օ․Մ․-ի «Լէօլա Սասունի» մասնաճիւղի Ուոթըրթաունի եւ Հ․Օ․Մ․-ի «Շուշի» մասնաճիւղի անդամներ՝ Նուարդ Գույումճեանին, Վանի Թաշճեանին, Անժէլ Յովհաննէսեանին, Շաքէ Մինասեանին, Սօսի Պողարեանին, Լուիզա Խրիմեանին, Մարի Պազարեանին, Մելինէ Թոփուզեան-Պէրպէրեանին եւ Նարինէ Ապրիմեանին։

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Օ․Մ․-ի 100-րդ Պատմական Պատգամաւորական Ժողովի առթիւ կազմակերպուած այս ձեռնարկը պարգեւատրեց Միութեան երկարամեայ անդամ Անժէլ Մանուկեանը  «Երկարամեայ Նուաճումներու» (Lifetime Achievement Award) մրցանակով։

Անի Աթթար խօսք առնելով, ըսաւ․- «Անժէլ Մանուկեանը հիմնասիւնն է մեր կազմակերպութեան։ Ան Հ․Օ․Մ․-ի անսասան, հաստատուն եւ նուիրեալ ղեկավար է ընդմիշտ, եւ մեր տարածաշրջանին, եւ միջազգային մակարդակի վրայ: Մանուկեանի տարիներու գործունէութեան լուսանկարներով պատրաստուած է յատուկ տեսահոլովակ մը, որուն մէջ ընդգծուած է Սպիտակի երկրաշարժէն ետք անոր 28 այցելութիւնները հայրենիք։ Այս ընթացքին ան վերահսկեց Հ․Օ․Մ․-ի չորս միլիոն տոլար արժողութեամբ աղէտէն վնասուածներուն օգնելու ջանքերը, որոնք կը նեռարեն  42 տուներու շինութիւն, “Նիկոլ Աղբալեան” դպրոց ու Ախուրեանի  “Մօր ու Մանկան” Առողջապահութեան կեդրոնն ու Ծննդատունը, բուժքոյրերի եւ բժիշկների վերապատրաստման ծրագրի ֆինանսաւորումը, ինչպէս նաեւ նոր մանկապարտէզի շինութիւնը։ Արցախեան պատերազմի առաջին օրերուն իր ներկայութեամբ Արցախ բաժնուած վառարանները, հաշմանդամներու համար բժշկական սարքաւորումներ, դեղորայք եւ սննդեղէն եւ այլ շարք մը անհամար ծառայութիւններ»։

Անժէլ Մանուկեանը բուռն ծափահարութիուններով բեմ բարձրացաւ եւ խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Օ․Մ․-ին այս մրցանակին արժանանալուն համար եւ ներկաներուն յայտնեց, որ տասնամեակներ առաջ տուած երդումը ոգեշնչած է զինք յարատեւ ծառայելու այս կազմակերպութեան, հայրենիքին ու ժողովուրդին։ Ան ապա խոնարհութեամբ յիշեց Հ․Օ․Մ․-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու գրասենեակի աշխատակիցները, որոնք աշխատած էին իր ղեկավարութեամբ, որոնցմէ շատերը  (Սեդա Աղամեանց, Մարալ Հապէշեան, Ռուզան Խաչատուրեան, Սոնա Տուլկարեան եւ Նարդուհի Ապրիմեան) ներկայ էին: Ընթերցուեցան բազմաթիւ շնորհաւորական ուղերձներ եւ յայտարարուեցան նուիրատուութիւններ՝ արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Օ․Մ․-ին։

Յաջորդ մրցանակը՝ «Ակնունի», յանձնուեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին  Ամերիկայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն համար։ Մրցանակը ընդունեց Պոսթընի մէջ Հայ Դատի համար գործող  Տիգրան Խալիկեանը: Իր խօսքին մէջ ան յիշեց Հայ Դատի ռահվիրաները, ինչպէս Վահան Քարտաշեանը, եւ բոլոր անոնք, որոնք լուռ ու քուլիսներու ետեւ աշխատեցան ստեղծելու ժամանակակից Հայ Դատ շարժումը։

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հ․Օ․Մ․-ին նշելով, որ այս միութիւնը ոչ միայն բարեգործական կազմակերպութիւն է, այլ այն հայու ոգիի մարմնացումն է։

Այս առթիւ, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց բոլոր անոնց, որոնք արժանացան գնահատագրի, ի մասնաւորի Անժէլ Մանուկեանը՝ Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական ու Շրջանային Վարչութիւններու բազմամեայ անխոնջ սպասարկուն։ «Ան իր անջնջելի դրոշմը թողած է Միութեան ժողովրդանուէր ծառայութեան վրայ, ներշնչելով սերունդներ, որ սիրով եւ ուրախութեամբ փարին Հայ Խաչուհիին ընձեռուած առաքելութեան», եզրակացուց Սրբազանը։

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ճոխացուց ձեռնարկը։ Շնորհակալութիւն Ալլա Պետրոսեանին, Անի Զարկարեանին, Յովիկ խաչերեանին, եւ Մհեր Մնացականեանին ու իր  նուագախումբին։

Ճաշկերոյթը փակուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն.  Պալճեանի «Պահպանիչ» աղօթքով ու «Կիլիկիա» երգով։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles