Մեր Տեսլականը, Իրողութիւնները Եւ Յաղթանակի Հեռանկարը

3 0
Read Time:2 Minute, 8 Second

Ծ․Խ․- Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի  Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կազմակերպած Ողիմպիականին (Սեպտեմբեր 4, Փրովիտենս) առթիւ, հայերէն լեզուով արտասանուած՝ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Վրէժ Տաուլիի խօսքը։ 

Այսօր մենք համախմբուած ենք վառելու Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կազմակերպած 87-րդ Ողիմպիական խաղերու ջահը: Այն միութիւնը որ տասնեակ տարիներու ընթացքին անսպառօրէն ընդգրկեց Գարեգին Նժդեհի ուխտը եւ շարունակ փոխանցեց ապագայի սերունդներուն՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան սրբազան նպատակները: Անզուգական նպատակներ, որոնք պատճառ դարձան Հայ ազգի գոյատեւման, որ անդադար պայքարեցան կերտելու յեղափոխութիւն, ազգասիրութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ ընկերվարութիւն:

Սիրելիներ, կ՛ուզեմ այս առիթը օգտագործելով վերահաստատել, թէ մեր մարզական խաղերը զուտ միջոց են նպատակ հասնելու համար: Հ․Ե․Դ․ բոլոր հնարքները օգտագործելով միշտ եղած է ու մնացած է մեր անժամանցելի իրաւունքը  պաշտպանողը եւ անխորտակ դիմադրականութեամբ պայքարած է մինչեւ, որ հաստատուի արդարութիւն եւ մինչեւ հայութիւնը ազատօրէն գոյատեւէ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի մէջ:

Իբր դաշնակցական երիտասարդներ, ըլլայ հայրենիքի կամ սփիւռքի մէջ, մենք ծառայած ենք ղեկավարելով Հայ ժողովուրդի զարթօնքը, հայոց վրէժի ազատագրական պայքարը, շարունակ պաշտպանելով հայութեան արդար դատը: Դաշնակցական երիտասարդը, այն ազգային պարտականութեանը տէր երիտասարդն է, որ պատրաստ է ծառայելու։ Մենք դաստիարակուած ենք ազգային հաւատքով Զարէհ Ա Կաթողիկոսի, Խորէն Ա Կաթողիկոսի եւ Ղեւոնդ Արքեպիսկոպոսի օրինակով: Որովհետեւ մենք յեղափոխաշունչ ենք Քրիստափորի նման, վճռակամ Ռոստոմին պէս եւ գաղափարախօս Զաւարեանի նման: Փորձեցին մեզի արտաքսել, բանտարկել, փորձեցին մեզի սպաննել… Սուլթանը, Ստալինը, ՏԷր Պետրոսեանը եւ հիմա ալ դաւաճանը, բայց մենք երբեք ծունկի չեկանք եւ ոչ ալ պիտի գանք: Եթէ մեր մեղքը Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականին ղօղանջելն է, Մենք մեղաւոր ենք եւ մեղքով կ՛ուզենք ապրիլ: Արարատը մեզ կը դատէ՛:

Յստակ թող ըլլայ ներքին եւ արտաքին հակառակորդներուն, մեր միակ վերջնական ձգտումը Հայաստանն է, Արցախով, մեր սիրելի ամբողջական Արցախով, որ մեծամասնութեամբ կորսնցուցինք տիրող պարտողական մտայնութեան պատճառով։ Վարչապետներ կ՛երթան եւ կու գան, կառավարութիւններ կ՛երթան եւ կու գան, ունինք թշնամիներ եւ պիտի ունենանք ուրիշներ ալ։ Վահէ Իհսաններ (Եսայեան, խմբ․) ալ դաւաճանեցին ազգը, սակայն գիտցէ՛ք մէկ իրականութիւն կայ, որ երբեք չի փոխուիր եւ այդ ալ Հ․Յ․Դ․-ի, Հայաստանի, եւ Արցախի գոյութիւնն է։

Յարգելի հայորդիներ եւ սիրելի երիտասարդներ, յատուկ մարզական ոգիի շունչով կ՛ուզեմ ըսել, թէ յաղթութիւնները հեշտութեամբ չի կերտուիր, այլ անոնք կը պահանջեն հետեւողական ու անձնուրաց աշխատանք: Այս առաջնութեամբ, մեզմէ իւրաքանչիւրս ունի իրեն պատասխանատուութիւնը: Եկէ՛ք դարձեալ վերահաստատենք, թէ յանձնառու է պապերու վսեմ կտակը, մեր աննահանջ երգի պայքարով:

Այսպիսով 87-րդ Ողիմպիական խաղերը թող ըլլան մեր ուխտի վերանորոգումը, դարձեալ շարունակելու մեր երթը՝ Հայաստանի հզօրացման, թիկունք կանգնելու վիրաւոր Արցախին, ամրապնդելու սփիւռքի ազգային ինքնութիւնը  եւ միասնաբար հաւասար ու արդարօրէն ամբողջական հայութեամբ կերտելու ամբողջական հայրենիքը:

Փառք ազատ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականով Հայ ժողովուրդին

Բիւր յարգան՝ք մեր սուրբ նահատակներուն

Կեցցէ՛ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը

Կեցցէ՛ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։

 

Վրէժ Տաուլի

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles