0 0
Read Time:1 Minute, 32 Second

Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գուժէ միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր, Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ, վաստակաշատ Հ․Մ․Ը․Մ․-ական՝

ԵՂԲ․ ՄԱՆՈՒԷԼ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ 30 Սեպտեմբեր 2021-ին, Թորոնթօ, Գանատա։

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ շրջանի պատմական տարիները կերտած դէմքերէն Մանուէլ Հալլաճեան կը պատկանի սերունդին այն տղոց, որոնք գաղափարի կիրքով ու նուիրումով, անսահման ծառայութեամբ եւ անշահախնդրութեամբ իրենց անուրանալի ներդրումը ունեցած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ճամբով իրենց գաղութներու ազգային առողջ ու հպարտ դիմագիծին կերտման։ Իր սերնդակիցներուն նման, Մանուէլ Հալլաճեան յոգնութիւն չէ ճանչցած եւ Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան անդամակցութենէն մինչեւ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ ապա՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամակցութիւն, ան մնացած է տէրն ու պահապանը միութենական անշեղելի սկզբունքներու եւ ազգային-բարոյական աւանդական արժէքներու։

Մանուէլ Հալլաճեան ծնած է 1929-ին, Հալէպ։ Իբրեւ սկաուտ, ան Հ.Մ.Ը.Մ.-ին անդամակցած է 1944-ին։ Երկար տարիներ ան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչական։ 1958-ին ընտրուած է Սուրիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ 14 տարի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցչութիւնը կատարած է ֆետերասիոնին մօտ։ Ան կարեւոր դեր ունեցած է «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան հողաշերտին գնման եւ Քեսապի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բանակավայրի կալուածագիրի ապահովման մէջ։

1990-1995 Մանուէլ Հալլաճեան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ, 1992-էն ետք՝ ատենապետի պաշտօնով։ 1995-2003, երկու շրջան ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան։

Միութենական իր երկարատեւ ծառայութիւններուն համար, Մանուէլ Հալլաճեան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան կողմէ գնահատուած է «Ծառայութեան» շքանշանով։ 2000-էն ետք ան հաստատուած է Թորոնթօ։

19 Սեպտեմբեր 2007-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Թ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի պաշտօնական բացման հանդիսութեան, Հայաստան, Մանուէլ Հալլաճեան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի օրուան Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով արժանացած է միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին։

92 տարեկան հասակին, Մանուէլ Հալլաճեան իր մահկանացուն կնքեց 30 Սեպտեմբեր 2021-ին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles