«ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ԾՈՒԽԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ» ԾՐԱԳԻՐ՝ ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:49 Second

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 25-ին, Նորթ Անտովըրի (Մասաչուսէց) մէջ, Առաջնորդ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ Ուիտհըմէն մինչեւ Սէյլըմ (Նիւ Հէմշիր) երկարող Windham Rail Trail-ի տաս մղոն հեծանիւով երթ ու դարձի պտոյտ մը, որ առիթ տուաւ դրամահաւաքի՝ ի նպաստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։

Կիրակի, 26 Սեպտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատարագեց ու քարոզեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ  (Նորթ Անտովըր) եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, յանուն Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու, շնորհաւորեց 51-ամեայ յոբելեանը, մաղթելով որ ծուխը միակամ սրտով շարունակէ ապրիլ, առողջ հիմերու վրայ պահելով Մերիմաք Վէլիի եւ շրջակայից հայ համայնքը։

Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Ստեփան Քհն. Պալճեան, հոգաբարձութիւն եւ երեսփոխաններ։ Կեդրոնը՝ տիկին Վիոլէթ Մանուշակ Կարապետեան, որ յառաջիկայ Հոկտեմբերին 101 տարեկան պիտի ըլլայ։ Առ ի ծանօթութիւն, ան եկեղեցի կը յաճախէ մինչեւ օրս անձամբ վարելով իր ինքնաշարժը։
Պատարագիչ Սրբազան Հայրը՝ հոգեւոր հովիւին եւ սարկաւագաց ու դպրաց դասին հետ

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles