«Թիւֆէնքեան» Հիմնադրամի Գործունէութիւնը՝ Մարտունիի Մէջ

0 0
Read Time:1 Minute, 43 Second

«Թիւֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամը Արցախի Մարտունի քաղաքի եւ շրջանի դպրոցներուն տարրալուծական սարքաւորումներ (ընդամէնը 33) նուիրեց: Այս սարքաւորումները պատրաստուած են հանրածանօթ գրող Զապէլ Եսայեանի թոռ եւ ծոռ՝ Ալեքսանտր եւ Տիգրան Եսայեաններու կողմէ եւ առատաձեռնօրէն տրամադրուած՝ Ճուտի Սարեանի եւ Վիքթոր Ծառուկեանի կողմէ:

«Այս փոքր քայլով կ՛ուզենք նպաստել, որ դպրոցներու աշակերտները լաւ սորվին եւ ապագային  լաւ մասնագէտներ դառնան, մանաւանդ` ուսուցիչներ»,- նշեց «Թիւֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կրէկ Պետեանը: Սօս գիւղի դպրոցի տնօրէն Մանուշակ Վանեանը դպրոցի ուսուցչական անձնակազմի եւ աշակերտների անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամին։

«Մենք մեր ուժերի ներածին չափով կ’անենք ամէն ինչ, որպէսզի դպրոցի աշակերտները ստանան կայուն գիտելիքներ, ապագայում դառնան լաւ մասնագէտներ եւ պիտանի մարդիկ Արցախի համար»,- ընդգծեց Վանեան:

«Թիւֆէնքեան» հիմնադրամը վերանորոգեց Մարտունի քաղաքի բնակիչ, զինուոր, արցախեան 3-րդ պատերազմին վիրաւորուած Հայկ Յակոբեանի` պատերազմի ընթացքին վնասուած տունը:

«Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կրէկ Պետեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Մարտունիի մէջ արդէն հինգերորդ վիրաւոր զինուորին տունը վերանորոգեցինք: Շրջանին մէջ նմանատիպ ծրագիրներ շատ էին, մասնաւորապէս Հերհեր գիւղէն մինչեւ Մաճկալաշէնի ինկած հատուածին մէջ տեղակայուած գիւղերուն մէջ վերանորոգեցինք վիրաւորուած զինուորներու բնակարանները: Յառաջիկային նախատեսած ենք վերանորոգել Ծովատեղի համայնքապետարանը: Մենք կը փորձենք մեր ունեցածով օգնել սահմանամերձ գիւղերու մէջ ապրող մարդոց, որպէսզի անոնք գիտնան, որ մինակ չեն, այլ ամբողջ հայութիւնը իրենց կողքին է»:

Յակոբեաններու տան վերանորոգումն ու կահաւորումը կարելի դարձաւ առցանց նուիրահաւաքի շնորհիւ, զոր կազմակերպած էր հիմնադրամը եւ աւարտած էր յուլիսի վերջաւորութեան: «Մեր ընկերներուն եւ աջակիցներուն առատաձեռն ներդրումներուն շնորհիւ մենք գերազանցեցինք մեր թիրախը եւ հանգանակեցինք աւելի քան 43 հազար տոլար», նշեց «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի հանրային կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեանը:

Նուիրահաւաքին միջոցով ապահովուած գումարով ֆինանսաւորուեցաւ նաեւ այլ վիրաւոր վեթերանի մը ընտանիքի տան վերակառուցումը: Երկրորդ տունը, որ կը նախատեսուի յանձնել հոկտեմբերին, կը պատկանի 27 տարեկան Հայկ Հայիրեանին:

Յակոբեաններու ընտանիքին մայրը` Նինել Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադրամին` իր որդիին նուիրումը գնահատելուն եւ զիրենք բնակարանային բարւոք պայմաններով ապահովելուն համար:

Յայտնենք, որ Յակոբեաններու տունը Մարտունի շրջանի 16 տուներէն վեցերորդն է, զոր «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը վերանորոգած է` 2020-ի պատերազմէն ետք:

«Թիւֆէնքեան»-ը ունի մեծ փորձառութիւն. տարիներէ ի վեր կ՛օգնենք վիրաւոր հայ զինուորներու եւ մեր նահատակ հերոսներուն ընտանիքներուն: Մեր «Վիրաւոր զինծառայողներուն աջակցութիւն» եւ «Վնասուած տան վերակառուցման եւ վերանորոգում» նախաձեռնութիւնները պիտի շարունակուին` օգնելու համար այլ ընտանիքներու այս տարածաշրջանին մէջ», եզրակացուց Ճանպազեան:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles