Դամբանական՝ Ընկեր Սարհատ Գարակէօզեանի Յիշատակին

0 0
Read Time:2 Minute, 15 Second

Խաժակ Մկրտիչեան

(կարդացուած՝ թաղման օրը)

Սարհատս գնաց, անմար յիշատակը մնաց:

Սարհատս կ՚ըսեմ, որովհետեւ ան բոլորիս Սարհատն էր: Համեստ, ազնիւ, աշխատասէր ու ընկերային իր խառնուածքով, բոլորիս կողմէ ցանկալի զաւակի մը օրինակելի կերպար էր:

Իւրաքանչիւր ծնողք պիտի ուզէր նման զաւակի մը յարգանքին արժանանալ, նման զաւակի մը ազնուութիւնն ու համեստութիւնը վայելել:

Իր կարեւորագոյն յատկանիշներէն մէկը ընկերասիրութիւնն էր: Ամենէն հպանցիկ մտերմութիւնն ու ծանօթութիւնն անգամ կ՚ընկալէր իբրեւ անդաւաճան ընկերութիւն: Իսկ իրեն համար ընկերասիրութիւնը սկիզբ ունէր, բայց վերջ չունէր: Սարհատին ընկերասիրութեան աստիճանը չէր նուազեր ո՚չ ժամանակի եւ ո՚չ ալ աշխարհագրական հեռաւորութեան վրայ: Պատանեկան տարիներէն ի վեր Լիբանանի մէջ ձեռք բերած ընկերութիւնը կը շարունակէր նոյն աստիճանի վրայ մնալ, անկախ աշխարհագրական հեռաւորութենէն ու անցած տարիներէն: Ան, նոյն հաւատարմութեամբ կը տագնապէր Լիբանանի իր ընկերներու դիմագրաւած դժուարութիւններով, ու կ՚ուրախանար անոնց յաջողութիւններով:

Դաշնակցականի բարոյական արժէքին հաւատարիմ էր իր ընկերասիրութեամբ: Աւելին, իրեն համար ընկերասիրութիւնը չէր ընկալուէր միայն դաշնակցական ընկերոջ հանդէպ տածած սիրով, այլ որեւէ հայու կամ նոյնիսկ օտարի, եթէ արժանացած էր իր ընկերը դառնալու բախտին:

Հ․Մ․Ը․Մ․-ական Սարհատը «Բարձրացի՛ր ու Բարձրացո՛ւր» նշանաբանը վերածած էր ապրելակերպի: Առանց տատամսելու միշտ պատրաստ էր անսակարկ օգնութեան ձեռք մեկնելու, ուր որ անոր կարիքը կը զգար: Չարութեան մասին բնաւ չէր մտածեր, իրեն համար կեանքը բարի ցանկութիւններու ողջ շղթայ մըն էր պարզապէս:

Սարհատին հայրը ընկեր Յարութը ինծի պատմած է այն մասին, որ նորածին Սարհատը դեռ պարուրին մէջ իր հօր եւ մօր հետ եղած է Պէյրութի ակումբներուն մէջ: Այս մէկ փաստը ինքնին բաւարար է գտնելու Սարհատի մարդկային ու դաշնակցական արժանիքներուն ողջ գաղտնիքը: Ինչպէս կրնար Պէյրութի նման հայաշունչ գաղութի հայաբոյր ակումբի ջերմ մթնոլորտին օդը շնչած երեխան չդառնար ընկերասէր, ազգասէր ու հայրենասէր երիտասարդ, ինչպիսին էր Սարհատը:

Սարհատ քիչ կը խօսէր եւ կ՚ատէր շատախօսութիւնը: Բայց տարբեր առիթներով ունեցած ենք զրոյցներ, ուր շատ պարզ տեսած եմ, թէ ինչպէս իր ծննդավայրի արմատներուն կառչած կը տագնապէր այնտեղի հայութեան խնդիրներով ու դիմագրաւած դժուարութիւններով: Վերջին զրոյցներէն մեկուն նիւթը Հայաստանի ու Արցախի վերջին իրադարձութիւններն էին ու ես տեսայ, թէ ինչպէս քչախօս ընկեր Սարհատը ոչ միայն կը տիրապետէ անցուդարձերու յետին մանրամասնութիւններուն, այլ յստակ, ճիշտ, պարզ ու արմատական տեսակէտ ունի իւրաքանչիւր խնդրի հանդէպ: Այստեղ եւս կ՚ընդգծուէր երիտասարդ մեր ընկերոջ համեստութիւնը՝ իր պարզ ու յստակ կեցուածքները կ՚արտայայտէր, բայց հարցումի ձեւակերպումով, որպէսզի յանկարծ անզգոյշ մեծամտութեան տպաւորութիւն չստեղծէ դիմացինին մօտ: Իր անուանակից ֆիտայու նկարագրին հաւատարիմ մնալով՝ հայրենասէր էր առանց ցուցամոլութեան, արմատական տեսակէտ ունեցող էր առանց մեծամտութեան, օգնող ու ծառայասէր էր առանց ակնկալութեան, ընկերասէր ու ազնիւ էր առանց սակարկութեան:

Այսօր հաւաքուած ենք հրաժեշտ տալու մեր երիտասարդ ընկերոջ ֆիզիքական ներկայութեան, բայց իր կարճ կեանքով ընկեր Սարհատը մեզի համար է՚ր ու կը մնայ Դաշնակցութեան բարոյական արժէքներու պատմութենէն եկած ընկերասիրութեան, համեստութեան ու ծառայասիրութեան իբրեւ կենդանի օրինակ, ծնողքի, ընկերոջ, ընտանիքի, հայրենիքի ու ազգի հանդէպ սիրոյ խորհրդանիշ:

Այսպիսին է Սարհատ Գարակէօզեանի թողած աւանդը, մեզի փոխանցած յիշատակը: Ատոր համար ըսի` Սարհատս գնաց, անմար յիշատակը մնաց:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles