Կիրակի, Սեպտեմբեր 12-ին, նշուեցաւ Ուստըրի (Մասաչուսէց) Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ 87-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ պատարագեց ու քարոզեց Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան։ Սուրբ Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւնը։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ «Էլ-Պաշա» ճաշարանին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մեծարեց եկեղեցւոյ դպրապետուհի՝ տիկին Վարսենիկ Տասթի Քոթըրը, որ աւելի քան 70 տարի ծառայած է եկեղեցւոյ։ Բարեջան Առաջնորդը տիկին Քոթըրի յանձնեց Ազգային Առաջնորդարանի յատուկ գնահատագիրը եւ յատուկ պատրաստուած խաչքար մը Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ, ինչպէս եւ հայ արուեստի պատկերագիրք մը եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեանի եւ հոգաբարձութեան կողմէ։
Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու անունով, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան շնորհաւորեց եկեղեցին, օժանդակ մարմինները եւ քոյր կազմակերպութիւնները իրենց աշխատանքին, սիրոյ եւ նուիրուածութեան համար։
Read Time:36 Second