Վարանդ Փափազեանի Մահուան Ա․ Տարելիցին Առթիւ

0 0
Read Time:7 Minute, 5 Second

Ահաւասիկ, տարի մը անցաւ Հ․Յ․ Դաշնակցութեան վաստակաշատ գործիչներէն, դաշնակցական գաղափարական աւանդներուն հաւատարիմ մտաւորականներէն՝ Վարանդ Փափազեանի մահուան։

Մեծ եղած է Վարանդ Փափազեանի ներդրումը ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան դաստիարակչական ծրագիրներու մշակման եւ ընդհանրապէս մեր երիտասարդական միաւորներու գաղափարներուն շուրջ համախմբման աշխատանքներուն մէջ:

1980-ականներու երկրորդ կէսին եւ 1990-ականներու երկրորդ կէսին, Վարանդ ստանձնած է Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէնի պատասխանատու պաշտօնը: Դաշնակցական գաղափարական աւանդներէն սնած` Վարանդ Փափազեանի գրիչին կը պատկանին նախ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի եւ ապա Հ․Յ․Դ․ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի մէջ լոյս տեսած գաղափարաբանական բնոյթի յօդուածներ: 1993-ին Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ իր «Հայ ազգային ռազմավարութիւնը» խորագրեալ գիրքը:

Անմոռանալի է Վարանդ Փափազեանի նուիրումն ու նպաստը Արցախեան ազատագրական պայքարին եւ Արցախի մէջ Հ․Յ․Դ․-ի կազմակերպական կառոյցի կայացման աշխատանքներուն մէջ: Այս փուլին ան եղած է խորհրդական Արցախի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի եւ ապա Գերագոյն խորհուրդի նախագահի պաշտօնակատար Գէորգի Պետրոսեանի:

Ստորեւ, անոր մահուան Ա․ տարելիցին առթիւ իր աղջկան եւ քրոջ պատրաստած, այս երկու գրութիւնները։

***

ՀՕՐՍ՝ ՎԱՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

Թալին Փափազեան

Ակնոցներուդ ետին պահուըտած անուշիկ աչքերդ տեսած են շատ բան, ապրած են ուրախութիւն եւ յուզում, փոխանցած են սէր ու գոհունակութիւն եւ ներշնչած են ուժ ու խիզախութիւն:

Մահուանդ պատճառով երբ կը գտնուէի Լիբանան, ահա արդէն մէկ տարի առաջ, առիթը ունեցայ  զրուցելու տարբեր միջավայրերէ անձերու հետ, որոնք քեզի հանդիպած էին կամ քեզ մօտէն ճանչցած:

Ցաւակցական այցելութիւններու ընթացքին, ե-նամակներու ընդմէջէն եւ զրոյցներու ժամանակ շատեր յիշեցին իրենց փոխանցած գիտելիքներդ եւ պատմութիւններդ, կատակներդ եւ միասնաբար ապրած վայրկեաններդ, սակայն մանաւանդ՝ քու հոգատարութիւնդ, ազնուութիւնդ, անկեղծութիւնդ եւ հորիզոններ բացող մտածումներդ:

Բոլորին հետ վարուած ես նոյն ձեւով, համեստութեամբ եւ լայնասիրտ մօտեցումով: Եռանդդ ու խանդավառութիւնդ փոխանցիկ էին, շարժումներդ լոյսի արագութիւն ունէին:

Տարիներու ընթացքին մեզի օգնեցիր խնդիրներ լուծելու, հարցեր տարբեր անկիւններէ դիտելու, եւ պահանջեցիր մեզմէ մարդկային արժէքներու նկատմամբ ըլլալ անզիջող: Երախտապարտ կը մնանք սիրելի՛ պապ:

Ընտանիքիդ զուգահեռ նուիրուած էիր հայ ազգին, Հայաստանին ու Արցախին: Դաշնակցականի մաքուր միտքդ ու ոգիդ ճառագայթեցին ամբողջ կեանքիդ ընթացքին: Թող ըլլաս օրինակ եկող սերունդներուն:

Արցախեան վերջին պատերազմը չապրեցար: Հակառակ անոր որ շատ բան կը նախատեսէիր, լա՛ւ որ չտեսար Շուշիի անկումը: Այնքան հպարտ ու երջանիկ էիր իր ազատագրումով` 1992-ին: Մէկ կողմէ կ՚ըսեմ փրկուեցար աննկարագրելի տառապանքէ, բայց միւս կողմէ կը հաւատամ, որ պէտք պիտի ունենայինք կարծիքներուդ, գաղափարներուդ եւ ուղեցոյցիդ: Տէր կեցի՛ր մեր հին եւ նոր նահատակներու վեհ հոգիներուն:

Քու կեանքիդ ձեւով, համոզումներով, դաստիարակութեամբ օրինակ եղար մեզի եւ մենք, ակնոցիդ միւս կողմէն տեսանք ու սիրեցինք իրական մարդն ու հայրը:

Սիրելի՛ պապ, շատ բան փոխանցեցիր մեզի: «Սէրը հիմն է ամէն ինչի» կ՛ըսէիր:

Եւ իբրեւ սիրոյ յաւերժական արտայայտութիւն, գրութիւնս կ՚աւարտեմ հօրդ եւ մեծ հօրդ ուղղուած քու իսկ խօսքովդ.

«Ձեր պատգամը կը փոխանցեմ շառաւիղին օղակներուն. ընդդէմ փորձանքի եւ դժուարութեան, ցաւի թէ յուսաբեկումի, ամրացէ՛ք պատումի շղթայով. կոփեցէ՛ք կամք»:

Այս մէկը թող ըլլայ պատգամ նաեւ ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն:

 

***

 

ՎԱՐԱՆԴԻՆ

Անի Աստուրեան

Մէկ տարի առաջ էր՝ ըսին, որ ա՛լ չկայիր. ատիկա կը նշանակէր, որ ա՛լ պիտի չգրէիր մեզի, պիտի չղրկէիր սիրած երաժշտական կտորներդ, կարճ շարժապատկերներդ, հետաքրքրական գտած յօդուածներդ եւ խնդուք յառաջացնող կատակներդ: Պիտի չխօսէիր մեզի ազգային- հասարակական հարցերու մասին ու պիտի չխաղայիր իրաւարարի դերը տարբեր կարծիքներ ունեցողներու միջեւ:

Բոլորս ըսինք, որ հիմա որ չկայիր, մէկ-մէկ պիտի վերաբանայինք ել-գիրերդ եւ կրկին կարդայինք կամ դիտէինք ղրկածներդ, վերագտնելու համար քեզ. բայց չկրցանք: Անկարելի կը թուէր զանոնք բանալ առանց քու ներկայութեանդ գիտակցութեան. դուն՝ նստած Պէյրութի ձեր տան հիւրանոցին բազկաթոռին կամ պատշգամին աթոռներէն մէկուն  վրայ. ունքերդ կիտած ու լուրջ, կամ պայթող խնդուքով մը:

 

Միայն այսօր է, գրեթէ մէկ տարի վերջ, որ քաջութիւնը ունիմ անունդ գրելու տուփիկին մէջ եւ ահա՝ բոլոր ել-գիրերդ կը սկսին տողանցել դիմացս:

Պախի թիւ երկու Փարթիթան,- Շաքոն-. ջութակահարը՝ երկար մազերը պոչիկ ըրած, մօրուքաւոր երիտասարդ մը. Նեմանյա Ռատուլվիք:

Կ՚ըսեն, որ ա՛լ չկաս, բայց ջութակի լարերուն եւ ճիպոտին հպումէն տարածուող նուրբ ու խորունկ հեծեծանքներուն հետ կը փորձեմ մօտենալ քեզի: Հոս ես եւ հոս չես:  Այնքա՛ն մօտ ես, որ ահա կը բռնեմ ժպիտդ ու ձայնդ:  Այնքա՛ն հեռու ես, որ չեմ կրնար կրքոտ նամակներէս մէկը ղրկել քեզի եւ պատասխանիդ սպասել…

Դուն հիմա կաս ղրկածներուդ ընդմէջէն. ամբո՛ղջ երանգապնակ մը, քու բազմերես անհատականութեանդ գոյն տուող:

Անոնցմէ մէկը Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանէն, կ՚ըսէ.

«Եթէ լռութիւնը ընտրես` լուռ մնա՛.

Եթէ խօսիս՝ խօսէ՛ մինչեւ ըսելիքդ ըսես.

Եւ մի՛ խօսիր լռելու համար»…

Ահա երկու պալէ պարողներ: Մէկը՝ տղամարդ, միւսը՝ կին: Մկանոտ թեւերը բանալով, մարդը կ՚ընդունի պարուհին ու միասին կը դառնան. կը բաժնուին, կրկին միաձուլուելու համար: Իրենց ձիգ ու ճկուն մարմինները կաւէ շինուած ըլլան կարծես…ահա կը վերածուին չորքոտանի կենդանիներու կամ՝ նախամարդերու…

Ու կը գտնեմ ղրկած հայաստանեան կատակդ աշխարհի առաջին երկու բնակիչներուն մասին: Միս մինակ ու մերկ են ծառերուն տակ. Եւան կը հարցնէ Ադամին. « Ադա՜մ, դու ինձ սիրո՞ւմ ես».իսկ Ադամը կը պատասխանէ. « Էլի գժուեցիր…Բա ո՞ւմ սիրեմ…»: Փարթիթայի ջութակը կը հեծեծէ, բայց ես չեմ կրնար չժպտիլ, յիշելով խնդուքը, որ սփռած էիր աշխարհի չորս կողմը գտնուող հարազատներուդ ու բարեկամներուդ:

Հապա ա՞յս մէկը, որ իրականութեան կը համապատասխանէր, որովհետեւ անգլիական The Guardian օրաթերթէն առնուած էր, ու կը պատմէր թէ ինչպէ՛ս հիւսիսային Պրազիլիոյ մէջ թութակ մը ձերբակալուած էր մեղսակցութեան համար….:  Ամէն անգամ, որ թմրեցուցիչի մաքսանենգերը գտնելու եկող ոստիկանները տուն կը մտնէին եւ թութակին կը մօտենային՝ ան կը զգուշացնէր տնեցիները.«մամա՛.ոստիկանները» (Mom, the Police!) կրկնելով: Երբ վերջապէս բանտ կը տանին թութակը, կը նկատեն, որ հլու-հնազանդ ըլլալու վարժեցուած էր, ինչպէս մեր օրերու շատ մը թութակներ:

Շաքոնը երաժշտական շեղումներու վրայ հիմնուած շարք մըն է՝ նոյն բնաբանին վրայ դանդաղօրէն զարգացող, նման այս տարբեր-տարբեր նամակներուն ու նիւթերուն, որոնց ընթերցումը մշուշին մէջէն կամացուկ մը կը յայտնաբերէ անձը, որ էիր. խորունկ ու լուրջ, բայց նաեւ զուարթաբան եւ «զեւզեկ». տրամաբանող, բայց նաեւ զգացական. անզիջող, բայց նուրբ զգացումներու տէր. սկզբունքային, բայց դիմացինին կեցուածքը հասկնալու պատրաստ:

Պախի երկրորդ Փարթիթային Շաքոնը սակայն, ամենէն աւելի կը փոխանցէ մարդկային ողբերգութեան զօրաւոր գիտակցութիւնդ: «Դուն քու ծնունդովդ եւ քու մահովդ անհեթեթ ես» գրած ես տեղ մը. եւ ահա՝ պաստառիս կը յայտնուի սեւ գլխարկով, լաւ հագուած պարոն մը, որ կը փորձէ աստիճան մը բարձրանալ, հասնելու համար տեղ մը:  Կը յաջողի հասնիլ երրորդ սանդխամատին ու կ՚իյնայ. ոտքի կ՚ելլէ. ինքզինքը կը թօթափէ եւ կրկին կը փորձէ հասնիլ կատարին. նորէն կ՚իյնայ…: Դիտողը կ՚անդադառնայ որ Սիզիփոսի առասպելին արդիական ներկայացում մըն է տեղի ունեցածը:

Անհեթեթի գիտակցութեանդ զուգահեռ կ՚ընթանար միւսը. ըստ անոր, միայն  յարատեւ աշխատանքով, շուրջինները յարգելով ու սիրելով, ընտանիքին, գերդաստանին, սեփական ժողովուրդին կարիքներուն հասնելով կարելի է լեցնել պարապը: Եւ այդպէս ալ ըրիր,Վարա՛նդ. գեղեցիկ հոգիովդ ջերմացուցիր բոլորս եւ հաշտ եղար տարածած գաղափարներուդ հետ. անձնական տառապանքի գնով, քանի մը տարի բաժնուեցար կնոջմէդ եւ պատանի զաւակներէդ, երթալու Հայաստան եւ Արցախ, կուսակցութեանդ ճամբով ծառայելու հայրենիքիդ: Որքա՜ն ուրախ էիր Շուշիի ազատագրումին ականատես եղած ըլլալուդ…

Շուշին ինկած է հիմա ու կ՚ըսենք. «լա՛ւ որ Վարանդը հոս չէ»:

Պետութիւնը կը հարուածուի ամէն օր. կը մտածենք. « լա՛ւ որ Վարանդը չի տեսներ ու չի լսեր»:

Եւ սակայն…ափսո՜ս որ հոս չես. ներկայութեամբդ թերեւս ամոքէիր մեր ցաւերը: Թերեւս կրկին պատմէիր մեզի Մասիս լերան լանջին ապրող դարբինին եւ շղթայուած հայոց թագաւորին մասին: Ըստ առասպելին, հայոց Արտաշէս թագաւորը անիծած է որդին՝ Արտաւազդը եւ դատապարտած զինք շղթայուած մնալու: Կ՚ըսեն, որ ամէն շաբաթ երեկոյեան հայ դարբինները յաւելեալ հարուած մը կը հասցնեն իրենց սալին, Արտաւազդի շղթաներուն օղակները ամրացնելու համար: Իսկ դուն կը հաւատայիր, որ այս առասպելը այլաբանական առակ մըն է՝ (parable) հայ ժողովուրդին նկարագիրը, ճակատագիրը եւ Պատմութիւնը շեշտող:  Մէկ կողմէն դատապարտուած ենք իյնալու եւ տառապելու. միւս կողմէն՝ չենք դադրիր յարատեւելէ, ստեղծագործելէ, վերականգնելէ…:  Այդպէս որ, կարծես կը լսեմ քեզ հիմա. « եթէ միանաք. եթէ միասին աշխատիք, Շուշին նորէն մերը կ՚ըլլայ. չվհատի՛ք…»:

Ղրկածներէդ մէկը կ՚առնչուի տարբեր մշակոյթներու մէջ «բարեւ» ըսելու ձեւերուն: Ամերիկայի բնիկները, փոխանակ «ինչպէ՞ս ես» հարցնելու, «ինչպէս են ներքին կապերը, յարակցութիւնները» (How are the connections?) կը հարցնեն եղեր, որովհետեւ ըստ իրենց, բոլոր ապրող արարածներուն միջեւ ներդաշնակ կապը միակ գրաւականն է առողջ աշխարհի մը:  Իսկ մեր աշխարհը, Վարա՛նդ…առողջ չէ մեկնումէդ ի վեր. ազգային, ընկերային, կազմակերպական կապերը խախտեր են եւ քաոսը կը տիրէ մեր հոգիներուն: Փոխանակ շինելու՝ կը քանդենք. փոխանակ իրարու օգնելու՝ կը բզկտենք զիրար:

Լիբանացիներուն բարեւն ալ «Եա Այունի՜» է եղեր (Օ՜, աչքե՜րս) եւ ըսել կ՚ուզէ. «հոս ե՜ս. եկա՜ր. ուրեմն կրնա՛նք տեսնել մեր շուրջը». այսինքն՝ պէտք ունինք բազմապիսի նայուածքներու, հասնիլ կարենալու համար ճշմարտութեան: Չէի՞ր կրնար քիչ մըն ալ մնալ՝ հարցերը տարբեր անկիւններէ դիտելու կարելիութիւնը տալու համար մեզի…

Սեպտեմբեր 10ին ղրկած ես Փարիզի թանգարաններէն մէկուն մասին լուր մը. սեպտեմբեր 11ին՝ անորոշ ժամանակներու վերաբերեալ յօդուած մը. նոյն օրը քեզմէ ստացած եմ ստեղծագործական ոգին ուսումնասիրող գրութիւն մը:

Կ՚ըսեն որ մէկ թելէ կախուած է մարդուս կեանքը ու չենք գիտեր՝ վաղը պիտի ըլլա՞նք, թէ՞ ոչ: Դուն գիտէի՞ր որ սեպտեմբեր 12ին պիտի դադրէր քեզի սահմանուած ժամանակը, Վարա՛նդ:

Հիմա նստեր՝ կը հաւաքեմ մեզի ձգած փշուրներդ ու կը փորձեմ գտնել քեզ Պախի Փարթիթայի լարահայեացքներուն մէջ:

Ահա գտա՛յ: Եա Այունի՜ – Օ՜ աչքե՜րս -, աղբարի՛կ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles