ՊԱՔՈՒ․- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ շաբաթասկիզբին, Հայաստանի եւ Արցախի մօտակայ Լաչինի շրջանին մէջ մեկնարկը տրուած է Ատրպէյճան-Թուրքիա ռազմափորձերուն։
Նշենք, թէ Լաչինի շրջանը Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք անցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նշէ, թէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած ռազմական համագործակցութեան համաձայնագիրի պայմաններուն համաձայն Կը կատարուին այս ռազմափորձերը, որոնց հիմնական նպատակը` մարտական գործողութիւններու ընթացքին գործակցութեան եւ մարտական համակարգման բարելաւումն է, աւելցնելով, թէ յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի բարդ շրջաններու մէջ ժամանակակից ռազմական արհեստագիտութեան հմտօրէն օգտագործման։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան` յայտնեց, թէ Լաչինի միջանցքի մերձակայքին մէջ կատարուող զօրավարժութիւնը կը վտանգէ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը։
«Այս ռազմափորձը չի համապատասխանում Նոյեմբեր 9, 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան ոգուն եւ խաթարում է տարածաշրջանում տեւական խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերը», եզրակացուց Յունանեան:
Read Time:39 Second