ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ԵՒ ԻՆԱՅԻ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 5 Second

 

 

            Օգոստոսի վերջին Կիրակին էր: Կէսօրէ ետք Էլպիս եւ Արմենակ եկան: Բերած էին մեր բաժին մասը:

            Մակարուհիի սուրճէն եւ իր սովորութիւն դարձած Հայաստանը պիտի կորսնցնենքի ահազանգէն առաջ, Արմենակ հեռատեսիլի խղճամիտ լրագրողի պէս պատմեց.

            – Այսօր եկեղեցիին բակը արեւախանձ դէմքերով դիմակաւոր հաւատացեալներու բազմութիւն կար: Թագաժահրը մոռցուած էր եւ մարդիկ զիրար կը հրմշտկէին եկեղեցասէր տիկիններու կարկանդակներուն եւ սուրճին պատիւ ընելով:

            – Հայը կը յարգէ իր եկեղեցին, որ առիթ կ’ընծայէ զիրար տեսնելու, Հայաստանի մասին տիրական եւ սրտցաւ խօսքեր ըսելու: Այսօր մարդիկ ուխտաւորի պէս խմբուած էին Սերժ Ապրեսեանի հայաստանցի կնոջ Ինայի շուրջ, որ անոնցմէ է, որոնք կ’ըսեն թէ Հայաստան ապրուելիք տեղ չէ: Հոն ազգականներ ունի եւ լաւ քաղքենիի պէս արձակուրդ կը սիրէ: Օգոստոսին փոքրիկ Քէվինի եւ Ստելլայի հետ Հայաստան գացած էր:

            Մակարուհին հարցուց, որ չէ՞ր վախցած վարակուելէ: Արմենակ շարունակեց.

            – Ըսաւ, որ վախցող չկայ, դիմակ կրողներ քիչ են, ամէն առիթով կը խմբուին: Պատմեց, որ իր ընտանիքը, ազգականներ եւ ընկերներ, մեծ խումբով, իր տարեդարձը տօնած են շէնքերու առջեւ գտնուող պուրակին մէջ, նոյնիսկ ՏԻ ՃԻ կանչած են, բարձրախօսներով երգած ու պարած: Դրացի շէնքերու բնակիչները փափաքած են միանալ ուրախութեան, որ մինչեւ օգոստոսի արեւի մայրամուտը շարունակուած է:

            Մակարուհին հարցուց.

            – Շուրջի շէնքերուն մէջ զոհուածներու մայր, տատիկ, կին եւ զաւակներ չկայի՞ն: ՏԻ ՃԻի աղմկարարութեամբ գինովցողները չե՞ն մտածած այդ մասին:

            – Ինայի մօտ կանգնած կին մը ըսաւ, որ մենք հոս կը սգանք, հոգեհանգիստ կ’ընենք, հաշմանդամներուն օգնութիւն կը փորձենք հասցնել, դուք ինչպէ՞ս կրցեր էք ամբողջ թաղամասով, ՏԻ ՃԻով տարեդարձ տօնել փողոցը: Ինան ըսաւ, որ պատերազմը հեռու է, Երեւան կը սիրեն երգել, խմել, պարել: Անմոռանալի օր մըն էր:

            Էլպիս շարունակեց.

            – Ինան հանգիստի գացեր է: Ուրիշներ ալ գացին եւ եկան: Ոմանք խանդավառութեամբ, ոմանք տխրութեամբ, պատմեցին, որ ճաշարանները տեղ չկար, մարդիկ ուշ գիշերով փողոցներն էին, սրճարաններու մէջ կ’աղմկէին: Հոն պարտութիւն եւ զոհեր անցեալ են:

            Արմենակ լրացուց:

            –  Մի՛ զարմանաք: Լսեցէ՛ք լուրերը: Երեւելիներ, անոնց տիկինները եւ զաւակները, հանգստանալու կ’երթան Փարիզ, Լոս, Սպանիա, քիչով գոհացողները՝ Սոչի եւ Պաթումի, եթէ արդէն երկրէն չեն հեռացած:

            Մակարուհին քաղաքագէտի պէս ըսաւ.

            – Եթէ պարտութիւն եւ զոհեր այսքան շուտ կը մոռնանք, վաղը եթէ վասն բարի դրացնութեան, Մեղրի, Վարդենիս, Գորիս, արդէն ազրպէյճաներէն Էյվազլի, Կէօքչայ եւ Էրիվան ալ առնեն, պէտք է իմաստուն ըլլանք, շարունակենք հանգստանալ:

            Արմենակ գլուխը ճօճելով ըսաւ.

            – Լեւոն Շանթի հերոս դժբախտութիւն եւ ոճիր դիմագրաւած Քեսունի իշխանը, կ’ըսէ. «Մահը իր ճամբով, կեանքը իր ճամբով»: Հայաստանն ալ չըլլայ, կեանքը պիտի երթայ իր ճամբով: Ինաներու տարեդարձ պիտի տօնենք ՏԻ ՃԻով:

            Հայաստանով հիւանդ Մակարուհին Արմենակի փոխարէն ըսաւ.

            – Մեծ պատմաբան Առնոլտ Թոյնպին կ’ըսէ, որ «Ազգերը չեն մեռնիր, անձնասպան կ’ըլլան»:

            Էլպիս եւ Արմենակ, անխօս գացին: Իրենց քունը փախցնելով Ինայի տօնը պիտի երազեն:

 

Մակար ի Գաղիա, 29 Oգոստոս 2021

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles