Յ. Պալեան
Հայաստան 44օրեայ կոչուած պատերազմէն դուրս եկաւ պարտութեամբ, որուն հետեւանքները կարծէք չեն մտահոգեր ո՛չ Հայաստանի վերնախաւը, որոշողները, ո՛չ ալ ժողովուրդը: Ընդհանրապէս կեանքի դժուարութիւնները ողջախոհութեամբ ճիշդ կը գնահատուին ժողովուրդներու կողմէ, կացութիւնները ըստ արժանւոյն կը դատուին, անոնք ըստ այնմ կը դիրքորոշուին եւ կը գործեն:
Հայաստան երանութեան մէջ է, ինչպէս կ’ըսեն՝ էյֆորիա…
Ցարդ ոչ ոք ուզեց քննել պարտութիւնը եւ անոր բազմերես հետեւանքներէն բխող հարցերը, կը խօսուի պատճառները հասկնալու մասին: Կեանքը կը շարունակուի կարծէք ոչինչ պատահած ըլլար, պարտութիւն չըլլային, հայրենի տարածքներու կորուստ եղած չըլլար, մեր փոքրիկ-փոքրացած ժողովուրդը հազարաւոր երիտասարդ զոհեր ունեցած չըլլար, տասնեակ հազարով հաշմանդամներ չունենար, սահմանին նստած թշնամին սանձարձակութիւններ չգործէր եւ անպատիժ կերպով երիտասարդ կեանքեր չշարունակէր հնձել:
Մարդիկ կը շարունակեն արձակուրդի մեկնիլ Լոս կամ Սպանիա եւ այլուր, մամուլի էջերուն կը փռուին այս կամ այն դերասանուհիին կամ թոփ-մոտէլի նորածինի նկարները, կը խանդավառուին որսի եղանակի բացումով եւ կը ցուցադրեն իրենց հրացանները: Գումարեցէ՛ք գոհունակութիւն պատճառող զբօսաշրջիկներու թիւի աճը… Կարծէք ամբողջ ժողովուրդը կը գտնուի եւ կ’ապրի Մայամի կամ Հոնոլուլու…
Հայաստանի զիջելիք եւ պարտադրուելիք տարածքներու օրակարգ եւ մտահոգութիւններ չկան, կարծէք Սիւնիք, Մեղրի, Սեւ Լիճ հազարաւոր մղոն հեռու գտնուող վայրեր են եւ մեզի չեն առնչուիր: Ի՞նչեր պիտի օտարուին Հայաստանի տարածքներէն, կոմունիկացիաներու համար, այդ տարածքները պիտի շարունակե՞ն Հայաստան մնալ, թէ՞ պիտի պատկանին ուրիշի, ուրիշներու, ոչ ոք կը խօսի Հայաստանի ստանալիքի մասին, բացի ենթադրական բարենպաստ համարուող հաղորդակցութիւններէ եւ առեւտուրէ:
Եթէ պահ մը մոռնանք զբօսաշրջիկներու եւ զբօսավայրերու մասին լուրերը, այլեւս ուշադրութիւն չդարձնենք բերման, կալանաւորման, քրէական գործերու եւ անվերջանալի դատերու, որոնք համաճարակի պէս կը բազմապատկուին, Ազգային Ժողովի չաւարտող քննադատութիւններու եւ փոխադարձ մարտահրաւէրներու լուրերու, եւ հարց տանք, թէ՝ Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՅ, Ո՞ՒՐ ԿԸ ՏԱՆԻՆ, Ո՞ՒՐ ԿԸ ՏԱՆԻՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, տեղւոյն վրայ գտնուողին եւ դուրսէն եկողին հանգիստը հարամ կ’ըլլայ: Ուստի, պէտք չէ խօսիլ, չխանգարուիլ, ընդունիլ կեանքը ինչպէս որ է, եոլա երթալ:
Պատմութիւն գիտցող, ազգային գիտակցութիւն ունեցող եւ իրաւունք վերականգնելու հաւատք, կամք եւ յանձնառու հայը կրնա՞յ եոլա երթալ, հաշտուիլ կատարուած իրողութիւններու հետ, կամաւոր կոյր ըլլալ հայրենիք կորսնցնելու սպառնալիքին դիմաց: Մեր գոյութեան սպառնացող կացութիւնները կրկնուած են պատմութեան ընթացքին, բայց տեւած ենք, դիմադրած ենք, պարտուած ենք երբ յանձնուած ենք, երբ յուսահատութիւնը դարձած է ղեկավարում, ի վերջոյ հայ իշխաններու պահանջով, 428ին վերջ տրուեցաւ հայոց թագաւորութեան, աւելցուցէ՛ք Անիի անկումը, 1920ի համայնավարներու Մայիսեան Խռովութիւնները ապակայունացնելով Հայաստանի Հանրապետութիւնը, երբ թուրքը կը գտնուէր սահմաններուն վրայ:
Ի՞նչ կը պատահի այսօր: Մեղրին տա՞լ, Սիւնիքը տա՞լ, Իլհամ Ալիեւի ինքնաշնորհուած իրաւունքով Էրիւանը տա՞լ, տալ Կէօքչայը… Այսինքն՝ Երեւանը եւ Սեւանը: Ի՞նչ պիտի մնայ յետոյ:
Այս կացութիւնը անհատներու մօտ կրնայ ծնունդ տալ ճակատագրապաշտութեան, յուսահատութեան եւ խուճապի: Այս հոգեվիճակի արտայայտութեան հանդիպեցայ ընթերցելով դեռ երէկ խանդավառ, զոհաբերող, հայեցի եւ քաղաքական պատրաստութիւն ունեցող սփիւռքահայ անձի մը, Հայդուկ Շամլեանի վիրաւորի ճիչի տողերը: Ան գրած էր.
…«ամբողջ Աշխարհ մըն է, որ կորսնցուցինք… Էութիւն մը, անէացաւ կը կարծէինք, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չէր հասած իր վախճանական նպատակին, թէ յաջողած էինք վերապրիլ, վերականգնիլ… սխալած էինք… պատրանք մըն էր, այդ պարզապէս մեր ազգային հոգեվարքն է, որ մէկ դար տեւեց մահամերձի ցնցումները շփոթեցինք կեանքի նշանի հետ…»
Ճիշդ է, երազը որքան մեծ ըլլայ, յոյսը որքան վառ ըլլայ, պարտութեան դառնութիւնը այնքան ուժեղ կ’ըլլայ:
Այս՝ երբ կը հակազդենք որպէս անհատ եւ հոն կանգ կ’առնենք:
Պարտուողականութիւնը զգացական վերաբերում է, հոգեբանական ընկճուածութիւն: Պատմութիւնը մեզմով չի սկսիր եւ մեզմով չի վերջանար: Ցեղասպանութիւնը կը հասնի իր նպատակին երբ մենք զայն կը լրացնենք մշակութասպանութեամբ, այսինքն հեռանալով լեր մեծագոյն ժառանգութիւն ինքնութիւն լեզուէն եւ մշակոյթէն: Վերականգնած ըլլալ կամ չըլլալ ենթակայական դատում է, կարեւորը տոկալու եւ տեւելու կամքն է, առանց սպասելու երկնային լուծումներու: Ինչ կը վերաբերի շփոթներու, անոնք իրաւ յանձնառութեան պակասէ կը բխին, ինքնութեան բազմաշերտ զիջումներէ եւ ճշմարիտ հայրենատիրութեան բացակայութենէ:
Իսկ հայրենատիրութիւնը ինք է եւ ինք, ո՛չ հայրենասիրութիւն է, ո՛չ բարեսիրութիւն, ո՛չ խրախճանք, ո՛չ ճառ, այլ՝ ներկայութիւն: Եթէ կ’ուզենք կառջիլ կեանքին, չըլլալ մահամերձ, պէտք է իրականացնել հաւաքական ուժ, համախմբում, բնակեցնելով հայրենի տարածքներու իւրաքանչիւր թիզ հողը: Այս վերաբերումը կեանքի գաղափարախօսութիւն չեղաւ ցարդ, բայց այդ չի նշանակեր, որ չի կրնար ըլլալ վաղը: Փոխանակ աւաղելու, ի՞նչ պէտք է ընել եւ ինչպէ՞ս, որ հայրենատիրութիւն եւ բնակեցում նոյնանան, ազգային-քաղաքական բարձր գիտակցութեամբ հայկական տասը կամ տասնըհինգ միլիոնը ըլլայ ներկայ, ո՛չ թէ բանիւ, այլ՝ գործով:
Այս ծրագրումի եւ կազմակերպութեան խնդիր է: Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որպէսզի ամէն տարի գէթ յիսուն հազար հայեր հայրենադարձուին, եւ Մասիսը, Սիսիանը, Դսեղը եւ ուրիշներ, դառնան բազմամարդ բնակեցուած արդիական քաղաքներ: Այս ընելու համար պէտք է դադրիլ սփիւռքեան-գաղթականական-էսթէպլիշմընթական ցուցամոլիկութիւնները նպատակ դարձնելէ եւ իրականացնել հայրենադարձութիւնը, ստեղծելու համար չպարտուելու ուժը:
Սփիւռքի հայու աւաղելու մշակոյթն է, գումարուած սպառողական ընկերութեան ընդարմացման, որ կը մղէ խորհելու, որ վերջն է վերականգնումի պայքարին:
Ճիշդ է, մեր նոր յոյսերուն ծանր հարուած հասցուց անփառունակ պարտութիւնը: Բայց պատմութիւնը հաշուապահական գիտութիւն չէ, անոր կարողականութիւնը ժողովուրդին եւ ժամանակին մէջ է:
Իսկ պարտութիւնը յաղթահարելու եւ վերականգնելու գաղտնիքը կը գտնուի տոկալու եւ տեւելու կամքի մէջ, հաւատաւորներու կամքին՝ որ ժողովուրդի միացման եւ յառաջդիմութեան ուժական եւ անմիջականութիւնները գերանցող ազդակ է:
Հարց կու տայի, ո՞ւր կ’երթայ, ո՞ւր կը տանին Հայաստանը:
Մենք պէտք է կարենանք ունենալ այն հոգեկան-գաղափարական ուժը, որոշելու, թէ ո՞ւր կ’ուզենք հասնիլ, ո՞ւր հասցնել Հայաստանները:
Փոխանակ խօսելու հոգեվարքի եւ մահամերձի մասին, պէտք է խորհիլ եւ գործել ֆրանսացի գրող Անթուան տէ Սէնթ՛Էքզիւբերիի իմ շատ սիրած իմաստութեամբ. ոտքի կանգնիլ, ընել առաջին քայլը, ապա երկրորդ առաջին քայլը եւ այդպէս շարունակ…
Ընկեր մը ունիմ, որ կ’ըսէր, թէ Հայաստանը մեզի համար չէ, ինք չէր հաւատար հայրենադարձութեան: Իրեն ըսած էի, որ «հայրերը պիտի չերթան, բայց զաւակները պիտի երթան»: Իր միակ զաւակը գնաց Հայաստան, կամաւոր գնաց Արցախ եւ հիմա կը սպասէ իր զաւակին ծնունդը:
Այսպէս կ’ըլլայ Սէնթ՛Էքզիւփերիի առաջին քայլը, երկրորդ առաջին քայլը… Ծաւալող քայլերը:
Պարզ է. Հայաստանը պիտի երթայ հո՛ն ուր մենք զայն տանինք:
Մենքը ո՞վ, որո՞նք: Ո՛չ հուրի-փերիները: Անձին օրինակով, գումարուող անձերու օրինակներով: Առանց աւաղելու եւ առանց եսերու: Այդպէս կը կերտուին պարտութեան յաջորդող յաղթանակը, յաղթանակները:
Պարտութիւնները բնական են, չպարտուիլ յաղթանակ չէ: Մեծ յաղթանակ է պարտութենէն վերջ վերականգնիլ: Այս ընելու համար ազգի նիւթական, համրանքի, գորշ նիւթի եւ բարոյական ուժերու մէկտեղումով, մասնակցութեամբ եւ համադրութեամբ վերականգնումն է: