Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի Նշում՝ Ուայթինզվիլի Մէջ

0 0
Read Time:1 Minute, 5 Second

Շաբաթ, Օգոստոս 14-ին, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, ընկերակցութեամբ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեանի՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ (Ուայթընզվիլ, Մասաչուսէց), եւ Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեանի՝ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ (Ուստըր, Մասաչուսէց), հսկումի արարողութիւն կատարեց Սուրբ Աստուածածնի վերափոխման տօնի նախօրէին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Ուայթընզվիլ)։

Ներկայ հաւատացեալները իրենց մասնակցութիւնը բերին սաղմոսներու եւ աղօթքներու ընթերցումով։ Հսկումը ուղիղ կերպով սփռուեցաւ։ Սրբազան Հայրը յուզումնախառն ուրախութեամբ շնորհաւորեց Տէր Հայրը հսկումի այս արարողութեան նախաձեռնութեան համար, մաղթելով, որ օրինակ դառնայ թեմէն ներս եկեղեցիներու անուանակոչութեան տօնի նախօրեակին։

Ձախէն աջ՝ Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան, Մասաչուսէցի նահանգային ծերակուտական՝ Ռայըն Ֆաթմըն, Առաջնորդ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Պետրոս Քհն. Շիթիլեան, Թորգոմ Քհն. Չորպաճեան եւ Ազգ. Վարչութեան նախկին անդամ՝ Յակոբ Անդրանիկեան

Կիրակի, Օգոստոս 15-ի առաւօտուն, բարեջան Առաջնորդը պատարագեց ու քարոզեց։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց եկեղեցւոյ տարեկան դաշտագնացութեան եւ խաղողօրհէքին, որուն նաեւ մասնակցեցան Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեան՝ Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսէց), Տ. Միքայէլ եւ Տ. Թորգոմ քահանայ հայրերը։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ գեղեցիկ եղանակին համար եւ կարճ բացատրութիւն մը տուաւ արարողութեան իմաստին մասին։ Դաշտագնացութիւնը մեծ յաջողութեամբ կատարուեցաւ, աւելի քան 700 մասնակիցներով, ինչ որ մրցանիշ կոտրող թիւ էր ծուխին համար։ Համադամ կերակուրները պատրաստուած էին եկեղեցւոյ անդամներու կողմէ, իսկ երաժշտութիւնը ապահոված էր Ճան Պէրպէրեանի նուագախումբը։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles