ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18-ին, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն խմբակցութեան անձնակազմին հետ:
Արթուր Թովմասեան կարեւոր նկատեց կուսակցութեան պահպանած պետականամէտ առաքելութիւնը եւ միջազգային ատեաններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ու Արցախի ճանաչման հոլովոյթին մէջ ունեցած աւանդը: Խօսելով Արցախի եւ Հայաստանի խորհրդարաններու գործունէութեան մասին` Ազգային ժողովի նախագահը նշեց, որ Արցախի խորհրդարանին դռները բաց են ե՛ւ իշխանութեան, ե՛ւ ընդդիմութեան բոլոր պատգամաւորներուն առջեւ: Ըստ անոր, Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանին մէջ Արցախի հարցը պէտք է ըլլայ անսակարկելի:
Թովմասեան բարձր գնահատեց կուսակցութեան դերն ու նշանակութիւնը յատկապէս հայապահպանութեան, Հայ դատի, արցախեան հիմնախնդրի, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, անվտանգութեան հարցերը միշտ օրակարգի վրայ պահելու առումով. «Պատահական չէ, որ Հ․ Յ․Դ․ կուսակցութիւնը նկատած եմ ամենայն հայոց կուսակցութիւն: Իմ կարծիքովս, Հ․Յ․Դ․-ն միակ կայացած կուսակցութիւնն է Արցախի մէջ, եւ անկէ ուսանելու շատ բան ունինք»: