ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Երիտասարդութեան միջազգային օրուան զուգադիպող Օգոստոսի 12-ին, կատարուեցաւ Հ․Յ․Դ․ պատանեկան ճամբարներու փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Աւելի քան 280 պատանիներ մասնակցեցան Ստեփանակերտի եւ Ասկերանի մէջ կատարուած ճամբարներուն, որոնց մեկնարկը տրուած էր Օգոստոս 2-ին։ Այս ճամբարները կատարուեցան Հ․Յ․Դ․ Արցախի երիտասարդական միութեան եւ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի համագործակցութեամբ։
Ասկերանի մէջ կատարուած ճամբարի փակման արարողութեան ներկայ էին Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեանը, Հ․Յ․Դ․ Ասկերանի կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալեօշայ Գաբրիէլեանը, Շրջանային վարչակազմի ղեկավար Արմէն Ղահրամանեանը, Ասկերանի տարածքային միաւորի նախագահ Աշոտ Աղաջանեանը, շրջանային վարչակազմի պատասխանատու աշխատողներ, Հ․Յ․Դ․ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներ եւ ծնողներ:
Ստեփանակերտի մէչ կատարուած ճամբարի փակման արարողութեանը ներկայ էին Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Արա Պուլուզեանն ու Ալեօնայ Դադամեանը, Արցախի կրթութեան նախարարութեան արտադպրողական ծրագրերի բաժնի պետ Արմէն Պետրոսեանը, Հ․Յ․Դ․ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներ եւ ծնողներ:
Անդրադառնալով մասնակից պատանիներՈՒն Արմէն Պետրոսեանը նշեց.- «Սիրելի պատանիներ, միշտ մնացէք ձեր շապիկներին գրուած խօսքերին հաւատարիմ: Գարեգին Նժդեհը մեզ տուել է ապրելու բանաձեւը` «արիացիր եւ արիացրու»: Քանի որ մենք այնպիսի աշխարհում ենք ապրում, որտեղ ուժն է ծնում իրաւունք, ապա մենք թոյլ տեսակ չպէտք է լինենք. պէտք է արիանանք եւ արիացնենք մեր կողքիններին, որպէսզի մեր դիմաց բացուեն բոլոր դռները»: