«ՊԱ ԵՍ Ո՞ՒՐ ԵՄ ԳՆԱԼՈՒ…»

0 0
Read Time:2 Minute, 2 Second

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Իմ տունը շատ ուրախ տուն է: Տեսնո՞ւմ էք էդ սարերը, Երեւանը շատ սիրուն է երեւում էստեղից ու դուք կը վայելէք տան յարմարաւէտ դիրքը՝ կենտրոնին մօտ, Հրազդանի հանգստացնող շառաչը անպակաս կը լինի ձեր ունկերից:

Եօթանասունի մօտ տանտիրուհին կը ծանօթացնէր տունը՝ տեսնելու եկող վարձակալներուն: Առանձին կը բնակէր ան չորս սենեակներու մէջ: Սենեակներ, որոնց պատերուն փակած էին տարիներու յուշեր եւ որոնց թելը կը քակուէր երբեմն, անկիւն մը, սենեակ մը ցոյց տուած պահուն.

-Սրանք իմ գրքերն են,- ըսաւ երբ ննջասենեակի յորդուն գրադարանին մօտեցան, յիշեց վկայուած տարիները, վկայականները, մասնագիտութիւնները՝ երաժշտութիւն, տնտեսագիտութիւն, մանկավարժութիւն…,- էդ տարիներին նոր էին համալսարանները, գնում էի մէկից միւսը…

Շարունակեց, աչքերը ջերմութեան պարոյր մը հագած էին, կարօտ նաեւ կ՚երեւի, կարօտ ապրուած քաղցրութեան:

Խօսքի հմուտ էր տանտիրուհին, ինչպէս հոս՝ շատերը, փոքրէն մեծ: Կը խօսէր անդադար տան բոլոր սենեակները, խոհանոցը, պատշգամը ցոյց տալով: Կը խօսէր, կը պատմէր թաղին մասին, խորհրդային տարիներու կենսակերպին մասին, այս օրերու իրադարձութիւններուն եւս կ՚անդրադառնար պատշգամէն ցոյց տալով գետեզրի ամարանոց առանձնատուները, որոնց տէրերուն՝ երկրի ղեկերուն, անունները դողալով կ՚ելլէին բերնէն եւ կարօտին կը խառնուէր կաթիլ մը ցասում, որ իսկոյն կը նշմարուէր դէմքին արտայայտութենէն, ինչպէս բոլորիս զրոյցներուն ժամանակ կը պատահի, երբ խօսքին խառնուին ներկայ թունաւոր իրադարձութիւնները:

Հիւրասենեակին ծանօթացումը մեղեդային էր, փաստ մը նաեւ երաժշտութեան մասնագիտութեան կամ ներսէն դրդում մը դարձեալ կարօտի, գալիք կարօտի նախապատրաստում մը թերեւս: Բացաւ տանտիրուհին դաշնամուրին ստեղներուն ծածկը եւ մեղեդին լեցուեցաւ ամբողջ բնակարանը. կը նուագէր ու կ՚երգէր ան՝ «Հով առէք, սարեր ճան…», նուագած պահուն կը դիտէր հանդիպակաց սարերը եւ վստահ կը լսէր Հրազդանի գլգլան շառաչը:

Հմայուած էին վարձակալները, հայրենիք նոր ժամանած բոլոր սփիւռքահայերուն պէս, Լիբանանէն փոխադրուող այս ընտանիքին համար ամէն ինչ նոր էր ու հայ, գծուած մտապատկեր մըն էր փայլուն վրձնահարուածներով, առանց փուշի վարդ էր հայրենիքը իրենց համար: Հմայուած էին անոնք, այն աստիճան որ տան մանր մունր թերութիւնները անտեսեցին եւ նախնական պայմանաւորուածութեան համար անհրաժեշտութիւնները ուզեցին քննարկել.

-Մի րոպէ, տղուս զանգահարեմ, նրա հետ պայմանաւորուէք:

Ըսաւ տանտիրուհին անփայլ ժպիտով մը եւ տան հեռաձայնին ընկալուչը վար առած, թիւերը հերթաբար սեղմեց եւ առանց խօսելու ընկալուչը տուաւ վարձակալին, որ խօսեցաւ, պայմանաւորուեցաւ հեռաձայնով, մինչ ինք կը խօսէր, կը պատմէր քիչ առաջուան պէս, վարձակալին տիկնոջ հետ կը շարունակէր քաղցր ու հմուտ զրոյցը:

-Վաղը դրամի փոխանցումները կ՚ընեմ ձեր տղուն եւ ամսեգլխուն կը տեղափոխուինք այս գեղեցիկ տունը:

Ըսաւ վարձակալը եւ ուրախութեամբ հրաժեշտ տուին տէր եւ տիկին:

-Պա ես ո՞ւր եմ գնալու, ո՞նց եմ թողնելու իմ էս բոյնը, ո՞ւր եմ գնալու…

Կրկնեց տանտիրուհին ինքնիրեն թախծոտ աչքերով, մեղադրանքի ոչ մէկ հնչիւն արձակեց, չմեղադրեց իր տղան, որ կ՚ուզէր մայրը տունէն հանել եւ օգտուիլ տան վարձքի գումարէն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles