ՀԻՆ ՑԱՒԵՐ, ՆՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ – Բ. ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓՈԹՈՐԻԿՆԵՐ, «ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ» ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ

0 0
Read Time:7 Minute, 53 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

1 Օգոստոս 2021

Նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանը կը բացուի այնպիսի պահու մը, երբ Հայաստանն ու աշխարհը փոթորկող հովերը մեղմացումի նշաններ չեն ցուցաբերեր (ինչպէս եղաւ շուրջ 30 տարի առաջ, քիչ մը ձեւականօրէն, Խորհրդային Միութեան փլուզման օրերուն), սակայն նաեւ ի յայտ կու գան նոր ուղղութիւններ:

Մեր անմիջական շրջապատին մէջ, Թուրքիա կը մնայ Ազրպէյճանի զօրավիգը, ապաւէնն ու համաթուրանական ծրագիրը անոր գործակցութեամբ հետապնդողը: Աւելին, Թուրքիա իր հորիզոններուն նոր տարածք կու տայ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա եւ այլուր: Երէկ էր, երբ Հիւսիսային Կիպրոսը գումարուեցաւ թուրքեւազերիական «եղբայրութեան» քարտէսին վրայ:

Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը նոր վիճակ ստեղծած է՝ աւելի քան 40 տարիէ ի վեր տաք կռուախնձոր եղող կեդրոնասիական այդ երկրին մէջ (նկատի ունինք միայն նորագոյն պատմութիւնը): Իբրեւ թէ հանելուկային դէպքեր տեղի կ’ունենան հոն (հաւանաբար մտածող կայ, որ անոնք մեզի ի՞նչ, «Մեզմէ հեռու, Աստուծոյ մօտ»): Տասնամեակներ շարունակ իբրեւ «ահաբեկչական խմբակ» ճանչցուած «Թալեպաններ»ը (որոնց պայքարին էական երեսը՝ իրենց երկրին ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը ապահովելն է, իսկ գործնական քայլերը ունին խորապէս վիճելի երեսներ) յանկարծ քանի մը տարի առաջ իբրեւ բանակցող կողմ ճանչցուեցան զիրենք դատափետող Արեւմուտքին կողմէ (չմոռնանք, որ Խորհրդային Միութիւնը ժառանգած Ռուսիան ի՛ր պատճառները ունի չհամակրելու այս ուժին), հիմա, արդէն իր տիրապետութեան տակ առած է երկրին մեծագոյն բաժինը, մինչեւ ամերիկացի վերջին զինուորին հեռացումը, կրնայ ամբողջական դարձնել իր տիրապետութիւնը: Կարելի է հետեւցնել, որ երէկի «թշնամին» այսօր ընդունելի՝ անուղղակի գործակից է, նման զարգացում կը տարուի նաեւ Իրաքի մէջ: Այլ խօսքով, այն իշխանութիւնները, որոնք երէկ ոգի ի բռին կը պաշտպանուէին արեւմուտքցի դաշնակիցներու կողմէ, այսօր, իրողապէս կը թողուին «անբաղձալի»ներու հետ դէմ յանդիման (պէտք չէ արհամարհել քաղաքացիական պատերազմին սաստկացումը…): Իրանի պարագան տարբեր է,. հոն, Արեւմուտքին հետ իշխանութիւններուն լարուածութեան մեղմացման գիծերը արժանի են այլ տեսակի ընկալումի եւ մեկնաբանութեան, առանց անտեսելու Ռուսիա-Իրան կապերը:

Վերադառնալով Աֆղանիստան, ուշագրաւ է, որ ընդհանրապէս Փաքիստանի հետ լաւ կապեր ունեցող «Թալեպաններ»ը (իսկ Փաքիստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կապերը նոր ճառագայթումներ ստացան վերջերս) հաշտ աչքով չընկալեցին արեւմտեան դաշնակիցներուն կողմէ թրքական ուժերու խաղաղարար առաքելութիւն մը վստահելու ծրագիրը, որ այլապէս խանդավառեց ՆԱԹՕ-ի դաշնակից Էրտողանը. ա՛յն Էրտողանը, որ մէկ կողմէ թշնամութիւն կը խաղայ ՆԱԹՕ-ի պարագլուխներուն հետ, իսկ միւս կողմէ՝ գործակցութեան էջեր կը հետապնդէ Ռուսիոյ հետ: Եւ սա նոյն Էրտողանի Թուրքիան է, որ Ազրպէյճանի հետ միանալու կ’աշխատի «Զանգեզուրի միջանցք»ին վրայով, իսկ Հայաստանի մէջ կան պատրանակիրներ, թէ սահմաններու եւ ճամբաներու բացումը բարիք պիտի բերէ Հայաստանին (Արցա՞խը…):

 

ԲԱՐԻ՞Ք, ԹԷ՞ ԹԱԿԱՐԴ

Հայաստանի մէջ վերջերս աւելի՛ ուժգին կը հնչեն այն մեկնաբանութիւնները, թէ Եւրոպական միութեան կողմէ քանի մը շաբաթ առաջ Հայաստանին տրուած մեծագումար օժանդակութեան խոստումը (2.6 միլիառ Եւրօ, քանի մը տարուան վրայ, մասամբ պարտքի ծանրացում) խորքին մէջ կը քողարկէ թրքական դրամագլուխին Հայաստան մուտքի դուռը: Այս մասին կը խօսուի բարձրաձայն, սակայն միայն շշուկներ շրջան կ’ընեն, որ ճամբաներու բացման եւ առեւտրական ծրագիրները արդէն լարած են Հայաստանի բազմաթիւ գործատէրերու ռունգերը. անոնց շարքին կարելի է դասել երէկի կարգ մը ընդդիմադիրներ, որոնք քաղաքական մեծ դաշտէն դուրս մնալ յանձն առած են՝ նման «կարկանդակներէ» բաժին ունենալու յոյսով: Իսկ ի՜նչ խօսք՝ իշխանաւորներու այս փեթակին շուրջ բզզացող՝ համակիրներու պարսերուն մասին…

Մնալով Հայաստանի ու անմիջական շրջապատին մէջ, տեղի կ’ունենան ուշագրաւ զարգացումներ (նորութիւն չեն, սակայն ստացած են նոր գունաւորումներ): Առաջին հերթին, մրցակցութիւն մը ստեղծուած է «թափանցումներու» օրակարգին վրայ: Ռուսական ուժերը, գիտենք, յառաջ մղած են Արցախի եւ Հայաստանի հարաւին մէջ իրենց ներկայութիւնը. Արեւմուտքը կ’աշխատի «բարի նպատակով» հակակշռել այս յառաջխաղացքը: Իշխանաւորը կը խօսի սահմանին վրայ խաղաղարար ուժեր բերելու մասին, սկսելով ռուսականէն, հասնելու համար Հ․Ա․Պ․Կ․ եւ Մ․Ա․Կ․: Ֆրանսա վերջերս պատրաստակամութիւն յայտնեց այս իմաստով «բաներ մը ընելու» մասին: Նման ծրագիրներ հաւանաբար կը խանդավառեն (արդարօրէն) խաղաղութիւն ցանկացող հայը, որ կ’ուրախանայ՝ զինք պաշտպանողներու փաղանգներուն ստուարացումին ի լուր, անտեսելով, որ աշխարհի որեւէ տաք գօտիի մէջ, խաղաղարար ուժեր, մինչեւ իսկ բոլոր մեծ ուժերուն համամտութիւնը վայելող ՄԱԿի «Կապոյտ սաղաւարտակիրներ»ը իրենց առաքելութիւնը չեն կրցած իրականացնել ի նպաստ անտեսուածներու եւ իրաւազրկուածներու, պարզապէս զինադուլ պահպանած են (օրինակ՝ Կիպրոսի եւ Լիբանանի մէջ, չերթանք աւելի հեռաւոր աշխարհներ): Իսկ որեւէ օտար ուժ, որքան ալ որ բարի նպատակով եւ ժողովրդավարութիւն, իրաւունք պահպանելու առաջադրանքով քիթը կոխած է հոս կամ հոն, ի վերջոյ, առաջին եւ վերջին հաշուով իր շահերը հետապնդած է, եւ երբ այդ շահերը տեղ հասած են, կամ՝ առանց տեղ հասնելու՝ միջամտողը սկսած է վնասներ կրել, ձեւը գտած է քաշուելու (տասնամեակներ առաջ, խորհրդայինները մտան Աֆղանիստան, յետոյ դուրս եկան, ամերիկացիք եւ դաշնակիցները մտան, հիմա մէկ առ մէկ դուրս կը սահին…): Երկար ժամանակի վրայ ապացուցուած այս իրականութիւնները պէտք է բան մը ըսեն այս կամ այն ծրագիրով խանդավառուող հայուն, իշխանութիւն թէ այլ, որպէսզի մեր հրապարակներէն մէկուն վրայ տեղադրուի ՍԵՓԱԿԱՆ եւ ՄԻԱՑԵԱԼ ՈՒԺԵՐՈՎ փրկուելու եւ երկիր կերտելու նշանախօսքը մարմնաւորող յուշարձան մը (սա բնականաբար կը նշանակէ նաեւ, որ մեզի օգնել ուզողին ձեռքը պէտք չէ կոտրել, այլ ստեղծել ՄԵՐ ՇԱՀԵՐՈՒ եւ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ պահպանումին ի նպաստ մթնոլորտ, գործակցական կապեր, հեռու՝ այլոց մրցակցութիւնը վնասակար ձեւով «հիւրընկալելու» փորձութենէն):

 

ԷԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆԷՆ

Արձանագրեցինք արդէն, որ նոր Ազգային ժողովը սոսկական, ձեւական նոր կազմ մը չէ, պէտք չէ զայն դիտել իբրեւ այդպիսին, այլ ի՛նք, ժողո՛վն իսկ պէտք է տեսնէ, որ կը կանգնի ճակատագրական երկընտրանքի մը առջեւ. շարունակե՞լ պարտուողական, զիչումներու եւ դուրսէն եկող բոլոր պարտադրանքներուն դիմաց ոչինչ ընելու ուղին, թէ՞ ձեւերը գտնել դուրս գալու Նոյեմբերէն ի վեր մեզի վիճակուած ուղիէն: Սա ամէն բանէ առաջ կը պահանջէ ՏԵՍՆԵԼ այս երկընտրանքը, ԸՆՏՐԵԼ Հայաստանի եւ մեր ժողովուրդին համար բարիք բերողը եւ, նոյնքան կարեւոր՝ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻԼ եւ մշակել իրատես ծրագիրներ, մէկդի դնել զիրար ջլատելու վարքագիծը:

Մեզ շրջապատող յիշեալ (եւ բազում այլ) իրավիճակներու մէջ է որ պարտաւորուած ենք գործի անցնելու օրէնսդիրի եւ գործադիրի մակարդակներուն վրայ (բնականաբար ստեղծելով դատական համակարգի առողջացման եւ իբրեւ առանձին իշխանութիւն գործելու հնարաւորութիւնները):

Նախորդ սիւնակով ուրուագծուած՝ ներքին պատկերին դիմաց, շրջանային եւ միջազգային վերիվայրումներուն իրազեկութեամբ է որ պէտք է ձեռնարկել նոր կառավարութեան կազմութեան, որպէսզի գործի գլուխ բերուին դիւանագիտական համակարգն ու զինուժը կառավարելու ատակ անձեր. չենք արհամարհեր այլ ոլորտներ, ինչպէս՝ տնտեսական, ելեւմտական, մինչեւ  իսկ զբօսաշրջային եւ ուսումնական կալուածները. ուսումնական-կրթականը պէտք չէ դիտարկել ու քննարկել լոկ ներհայկական ակնոցով, այլ նաեւ տեսնել, որ արտաքին ինչպիսի՛ գործօններ (դրական եւ անբաղձալի) ազդեցութիւն ունին այս մարզին վրայ, որպէսզի նաեւ մեր աչքերուն դնենք ազգայինն ու հայաւանդը տեսնող ակնոցներ (ի հարկին զանոնք օժտելով հեռադիտակներով…):

Շրջանային եւ միջազգային զարգացումները կը թելադրեն նաեւ շատ աւելի՛ շրջահայեաց դիտել տնտեսական ու ելեւմտական աշխարհը: Խօսքը չի վերաբերիր մաքսանենգութեանց նեղ օղակին, որ, կը տեսնենք, ինչպիսի կապերով զօթուած է արտաքին խմբակներու: Ակնարկութիւն ըրինք արդէն այն հաւանականութեանց, թէ արեւմտեան նպաստները կրնան իբրեւ «Տրովադայի ձի» ծառայել թուրք-ազերիական ներդրումներու,  Հայաստանը վերածել այդ երկիրներու նիւթական հզօրանքին ենթակայ տարածքի, որ այլ տեսակի ստրկութիւն կը նշանակէ: Կան նաեւ «օֆ-շորային» տարածքները, իրենց միջազգային թելերով: Ասոնք ունին բազմամեայ արմատներ…

Այս ծիրին մէջ, պէտք է անպայմանօրէն արձանագրենք նաեւ Հայաստան-Արցախի միջազգային այն տարածքը, որ հայկական է ըստ էութեան, սակայն ունի համաշխարհային հզօրանք: Մէկ բառով՝ ՍՓԻՒՌՔն ու իր կարողականութիւնները, զանոնք լաւագոյն ձեւով օգտագործելու մարտահրաւէրը: Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, որ սա արժէքաւոր դրամագլուխ է թէ՛ դիւանագիտական մարզին իր զօրակցութեամբ, եւ թէ նիւթական-տնտեսական դերակատարութեամբ (առանց մոռնալու, որ Սփիւռքն ալ ի՛ր ակնկալիքները ունի…):

 

ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԲԱՐԵՇՐՋՈՒՄ

Հայկական հարցերու դիտանկիւնէն, եւ շրջանային ու միջազգային զարգացումներու յիշեալ «հովանոց»ին տակ, նորակազմ խորհրդարանը ունի շատ էական առաքելութիւն մը. Հայաստանի քաղաքական վարքագիծը տեղափոխել այն դաշտերը, որ այլեւս չմնանք այլոց տրամադրութիւններէն սպասումներ ունենալու՝ կախեալ վիճակին մէջ, այլ մշակենք մեր անմիջական ապագայի եւ հեռահաս ծրագիրները, զանոնք վերածենք գործադրելի վարքագիծի:

Սա մեզ կը հասցնէ մեր վաղեմի եւ նորագոյն իրաւազրկումներուն սեղանը շրջելու քայլին: Մեր ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ անփոխարինելի գիծերէն մէկը պէտք է ընենք մեր անվիճելի հողերուն հաւաքն ու տիրութիւնը, բարեկամ ու դաշնակից համոզելը, թէ մեր իրաւատիրութիւնը ուրկէ՞ կը սկսի եւ ո՛ւր կը հասնի:

Խօսքը միայն քանի մը ամիս առաջ մեր կորսնցուցած՝ արցախեան հողերուն մասին չէ. անկէ առաջ, կային Գետաշէնն ու Շահումեանը, աւելի առաջ՝ Նախիջեւանը, իսկ շատ աւելի մեծ տարածքով՝ Պատմական (Արեւմտեան) Հայաստանն ու Կիլիկիան:

Չենք կրնար բաւականանալ այդ բոլոր մենք մեր տան մէջ յիշելով, պատկերասփիւռներէն վաւերագրական ծրագիրներ հրապարակելով, մինչեւ իսկ Ցեղասպանութեան թանգարան եւ այգի կանգնելով: Մեր էական քաղաքականութեան մէջ պէտք է քայլ մը (քայլեր) յառաջ անցնինք, եւ Ծիծեռնակաբերդ այցելող օտար հզօրներուն (եւ ներկայացուցիչներու) հասկցնենք, որ ծաղկեպսակ զետեղելը, տոմարներու մէջ արձանագրութիւն պահելը, ծառ մը տնկելը խորհրդանշական ողջունելի քայլեր են, սակայն այդ բոլորը պէտք է մարմնաւորուին մեր հողերուն վերադարձին ի խնդիր ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ քայլերով: Սա կը սկսի Արցախի գրաւման եւ գերիներու դատավարութեան դէմ խօսքի աճուրդին գործնականի վերածումով:

Ո՛չ միայն դիւանագիտական մարմինները (նախարար, դեսպաններ եւ այլք), այլ նաեւ պետական ամբողջ համակարգը պէտք է իբրեւ քաղաքական հիմնագիծ որդեգրէ մեր Դատի իրականացումը, հետեւաբար, նա՛եւ հեռահաս եւ լիակատար ծրագիրներու մշակումը: Ուրիշէն հող չենք ուզեր, այլ պատմականօրէն մե՛րը:

Ներկայ պայմաններուն մէջ, մանաւանդ Նոյեմբերէն ասդին, նման առաջադրանքներու ուրուագծումն ու իբրեւ պետական ծրագիր որդեգրումը կրնան երազային թուիլ, սակայն ո՞վ կ’ըսէ, թէ այսօրուան աննպաստ վիճակները վաղը բարեշրջական հովեր պիտի չբերեն, իսկ մենք հրաւիրուած ենք նման հովերու ստեղծման ուղղութեամբ գործելու: Սկսելու համար, այս աշխատանքին ծանրութիւնը կ’իյնայ խորհրդարանական ընդդիմադիր ճակատին ուսերուն (ինչո՞ւ անտեսել այն հաւանականութիւնը, որ իշխանական մեծամասնութեան մէջ կարելի է գտնել այս ու նման հիմունքներով գործակիցներ. մօտիկ անցեալին չէ՞ր, որ բազմաթիւ «իմքայլականներ» հեռացան վնասարար ուղիէն…):

Կան նաեւ արտաքին (ձեւով մը) նպաստաւոր զարգացումներ: Հիմա, Թուրքիոյ կարգ մը դաշնակիցները (մասնաւորաբար Եւրոպայի մէջ) սկսած են բաց աչքերով տեսնել, թէ թրքական ծաւալապաշտութիւնը, բայց մանաւանդ ահաբեկչական խմբակներու Թուրքիոյ զօրակցութիւնը (մենք զայն համտեսեցինք 44-օրեայ պատերազմին), ու դեռ՝ գաղթականներու տագնապը նիւթական եւ այլ շահերու ապահովման ջաղացքին լծելու էրտողանեան ընթացքը ոյւր հասած են, արդէն իրենց իսկ մորթերուն վրայ արիւնոտ ու ցաւալի հետքեր կը թողուն:

Շրջանային եւ միջազգային փոթորիկները եթէ ընդհանրապէս աննպաստ ու աղէտալի կը թուին, պէտք է տեսնել  որ անոնց կարգ մը ալիքներէն կարելի է նպաստ քաղել (միակը չենքւ): Սա կը պահանջէ տեսողութիւն, մասնակի հաշիւներէ վեր բարձրանալ եւ մանաւանդ վերջ տալ դուրսի հոսանքներուն լիակատար համակերպելու, ի վնաս Հայաստանին, Արցախին ո հայութեան նաւարկելու ընթացքին:

Նորագոյն պատմութիւնը մեզի կ’ըսէ, թէ նման կամք ցնորք չէ, ստեղծած ենք հասունացումի պահեր:

Այս բոլորը աչքի առջեւ ունենալով, պէտք է տեսնել նաեւ, որ այս խորհրդարանը ըստ էութեան պիտի ըլլայ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ խորհրդարան մը, որպէսզի մեր հայրենիքը մտնէ ձախաւերութիւններէ ձերբազատելու ճամբուն մէջ, այնպէ՛ս, ինչպէս նախատեսուած էր 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք, առանց արհամարհելու նախորդ տասնամեակներու սխալ ընթացքները:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles