ՍԱՄԱԹԻԱՑԻ «ՏԻՒՏԻՒԿ» ՀԱՅ ԽՈՃԱՅԻ ՄԱՍԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 51 Second

 

            Արմենակի հետ եկեղեցի գացինք: Համավարակի արգելքները վերացած են եւ հայերը, հաւատացեալ ըլլան թէ ոչ, կիրակի օր եկեղեցի կ’երթան ծանօթներու հանդիպելու:

            Պատարագէն ետք բակը խռնուած էին մարդիկ: Պատուհանին տակի նստարանին տէր դարձանք: Խայտաբղէտ բազմութիւն մը կար: Մարդիկ եկեղեցասէր տիկիններու պատրաստած սուրճի բաժակներ ի ձեռին, կլոր-կլոր կը դառնային:

            Մեզմէ քիչ մը հեռու մարդիկ խմբուած էին հանրածանօթ Ժան-Փօլի շուրջ,- աւազանի անունով՝ Պօղոս,- որ ըստ իր սովորութեան տիրական խօսք կ’ըսէր եկեղեցիի, Հայաստանի ընտրութեան, պարտութեան, դպրոցներու, հայ կեանքի խնդիրներու մասին: Միշտ կրկնելով իր հեղինակաւոր «իմ կարծիքով»ը, նաեւ՝ ֆրանսերէն՝ à mon avis, որպէսզի մարդիկ հասկնան, որ ինք գիտէ, միւսները սխալ են:

            Արմենակ ինծի դառնալով ըսաւ.

            – Այս Պօղոսը ինծի կը յիշեցնէ Սամաթիայի հանրածանօթ «Խոճա Տիւտիւկ էֆէնտի»ն, որուն աւազանի անունը մոռցուած էր: Զինք այդպէս կոչած էին թաղի ուսուցիչը, խմբագիրը, երգչախումբի ղեկավարը:

            – Ինչո՞ւ «տիւտիւկ», սրի՞նգ կը նուագէր:

            – Երանի: Այդ «տիւտիւկ»ը թաղի ժողովներուն, գրական ասուլիսներուն, հանդէսներուն, միշտ ներկայ կ’ըլլար եւ ինքնիրեն դեր տուած էր քննադատելու թաղականը, քահանան, ուսուցիչը, առաջնորդը, երգչախումբի ղեկավարը, խմբագիրները, գրողները, բանաստեղծները: Օր մը, սրահին մէջէն երիտասարդ մը պոռաց. «Լռեցուցէ՛ք սա տիւտիւկը, ձեռքը տաք ջուրէն պաղ չդնող անօգուտ շատախօսը: Օր մըն ալ թող ըսէ թէ ինք ի՞նչ ըրած է, ի՞նչ կ’ընէ, որպէսզի մենք ալ զինք դատենք»: Այն օրէն ի վեր Պօղոսը մոռցուեցաւ եւ մնաց «Տիւտիւկը»:

            – Արմենա՛կ, քու ըսած «Տիւտիւկ» հայատեսակին կարելի է հանդիպիլ մանաւանդ ազգի փրկութեան առաքելութեան սահմանուած այնքան բազմաթիւ ժողովներու մէջ: Որսորդի պէս կը լսեն ուրիշներու ըսածները եւ իրենց նստած տեղէն կրակելու պէս կը պոռան. «Սխալ է, ճիշդ չէ, համաձայն չեմ»: Մենք «տիւտիւկի ինքզինք նորոգող մշակոյթ» ունինք:

            – Մակա՛ր, հիմա «Տիւտիւկներ»ը ժողովի կամ հանդէսներու երթալու պէտք չունին: Տունը նստած համացանցի բեմին վրայ «տիւտիւկ» կը խաղան, տարիներով անհամաձայնութիւն կ’երգեն, բայց հայ կեանքը դեռ չհարստացուցին: Այդպէս էր Սամաթիացի «Տիւտիւկ»ը, գիրք չէր գրեր, բանաստեղծ չէր, խմբագիր չէր: Կը խօսէր:

            – Արմենա՛կ, այս կարեւոր ըլլալու ձեւ մըն է: Հանգուցեալ Խորհրդային Միութիւնը  արտաքին գործոց նախարար մը ունէր, զոր միջազգային հանրութիւնը որակած էր «Պարոն Ոչ», «Միսթըր Նիէթ»:

            – Ուրեմն, Մակա՛ր, մենք աւելի հզօր ենք, ունինք «Միսթըր Նիէթ»ներ: Մեր «Միսթըր Նիէթ»ները cacophonique խժալուր եւ ականջ յոգնեցնող «Տիւտիւկ»ներ են:

            Կեդրոնականցիի յուշերու սամաթիացի «Պօղոս Տիւտիւկը» ինքզինք վերարտադրած է եւ կը այդպէս ալ կը շարունակուի, ամենուրեք ուր հայ կայ:

 

Մակար ի Գաղիա, 3 Յուլիս 2021

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles