ԱմերիկահայԱյլազան

Յարութիւն Արթօ Շահրիկի Յիշատակին

Անահիտ Շահրիկ (եւ զաւակը՝ Տիրան)եւ տոքթ. Լիլիան Մարուխեան (եւ զաւակունք՝ Շանթ, Սանան եւ Սարին) կը գուժեն մահը իրենց հօր՝ Յարութիւն Արթօ Շահրիկի, որ պատահեցաւ Յունիս 20-ին: Ծնած՝ Յունիս 22, 1923-ին Պոլսոյ մէջ, Արթօ երկու օրէն պիտի նշէր իր 98-րդ տարեդարձը:
Ան կրտսեր զաւակն էր Բարսեղի (Շապին Քարահիսար) եւ Ազնիւի (Ֆերմանեան, Թոքաթ):
Ուսանելու յատուկ սէր ունէր եւ հետաքրքրուած էր թէ գիտական-բժշկական եւ թէ ընկերային հարցերով:
Յիսունականներու սկիզբներն իսկ, ան մուտք գործեց Պոլսոյ համալսարանի ատամնաբուժական բաժանմունք եւ 1956-ին ժամանեց Պոսթըն եւ մասնագիտացաւ Forsyth Pediatric Dental Clinic հիմնարկէն ներս:
Ընտանիք կազմեց Նինա Օհանեանի հետ, որուն ծանօթացաւ տեղւոյն պարախումբի հետ փորձերու ընթացքին: Ան միշտ ալ ներկայ էր գաղութի ձեռնարկներուն:
Լեքսինկթըն հաստատուած, ան անձնական դարմանատան տէր եղաւ Պելմոնթի շրջանէն ներս, ուր գործեց մինչեւ 80 տարեկան:
Հաճելի զրուցող եւ կատակասէր էր Արթօն, որ պահեց իր եռանդը, հակառակ 1998-ին կորսնցնելուն իր կողակիցը՝ քաղցկեղի արդիւնք:
Արթօն մահացաւ խոր ծերութեան մէջ: Թաղումը  կատարուեցաւ Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, Հինգշաբթի Յունիս 24-ին:
Փոխան ծաղկեպսակի, նուիրատուութիւններ կատարել.-
Saint Stephen՚s Armenian Church or Armenian Relief Society, Inc – Artsakh Fund, 80 Bigelow Avenue, Watertown, MA 02472, or Cure Alzheimer՚s Fund at curealz.org/giving/donate/

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button