ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Համօ Օհանջանեան եղած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրներու անմիջական յաջորդ սերունդի անդամներէն մէկը, անոնց գաղափարներով եւ աւանդութիւններով ներշնչուած, նոր սերունդները հիմնադիր սերունդի հետ միացնող՝ կուռ շղթայի ամուր օղակներէն մէկը:
Օհանջանեան ծնած է Ախալքալաքի մէջ, 1873-ին: Մկրտութեան անունը Համազասպ, բայց եղած է Համօ անունով յայտնի, իսկ կուսակցական անունը եղած է Մհերեան: Թիֆլիսի պետական համալսարանը աւարտելէն յետոյ, ուսանած է բժշկութիւն Զուիցերիոյ եւ Մոսկուայի մէջ: Աշակերտական տարիներէն սկսած՝ եղած է Դաշնակցութեան մէջ Քրիստափորին շունչին տակ: Ուսանողական տարիներէն արդէն եղած է փայլուն ապագայ խոստացող դաշնակցական գործիչ՝ առանձնապէս մտերիմ կապերով կապուած Քրիստափորին հետ թէ՛ Կովկասի եւ թէ Զուիցերիոյ մէջ: Լեւոն Թադէոսեանը (Պապաշան) իր յուշերուն մէջ պատմած է թէ 1898-ին Համոյին հետը միասին Դաշնակցական Կարմիր Խաչի մասնաճիւղ կազմած են Թելաւի մէջ:
Համալսարանական շրջանը աւարտելէն յետոյ, Օհանջանեան կը հաստատուի Թիֆլիս իբրեւ բժիշկ, եւ ամբողջ էութեամբ կը նուիրուի հանրային-կուսակցական գործունէութեան՝ շուտով գրաւելով ղեկավար դիրքեր: Բարեկազմ, վայելուչ, բարեհամբոյր, լրջախոհ, յարաբերութիւններուն մէջ՝ նուրբ եւ ասպետական, ամուր իր համոզումներով եւ չափազանց բծախնդիր դէպի բարոյական սկզբունքները՝ Համոն հաւասարապէս յարգուած ու սիրուած էր հասարակական բոլոր խաւերու ու ընկերներու, նոյնիսկ հակառակորդ կուսակցականներու կողմէ: Գործի ու անձնական մտերիմ յարաբերութիւններու մէջ էր նաեւ ռուս յեղափոխականներու հետ:
Իր անսպառ եռանդով ու գաղափարական պայքարի թափով՝ Համոն առանձնապէս աչքի կ՛իյնայ 1905-ին Ռուսական յեղափոխութեան յաջորդող տարիներուն: Իբրեւ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Բիւրոյի անդամ եւ կուսակցութեան ներկայացուցիչ արտաքին աշխարհի առջեւ՝ Ե. Թօփճեանի, Գ. Խաժակի, եւ ուրիշներու հետ ան ղեկավար եւ պայքարող դէմք էր հրապարակի վրայ՝ թէ՛ ներքին կեանքով եւ թէ յարաբերութիւններու մէջ օտարներու հետ: Եւ մասնաւորապէս՝ մեծ հեղինակութիւն կը վայելեր երիտասարդութեան, մարտական ուժերու եւ աշխատաւորական շրջանակներու մէջ: Համոյի եռանդին ենք պարտական մեծ չափով նաեւ «Յառաջ» օրաթերթն ու «Յառաջ» մատենաշարը: Անգնահատելի կ՛ըլլայ անոր դերը եւ «Անջատական» ու «Միհրանական» շարժումներու ժամանակ, իբրեւ բարոյական հեղինակութիւն բոլորին աչքին: Իր համոզումներով ու խառնուածքով Համոն կեդրոնական տեղ կը գրաւեր Դաշնակցութեան մէջ եւ տեսակ մը միութեան կապ էր աջ ու ձախ կողմերուն միջեւ:
Այդ դիրքին եւ «հաշտարար» ոգիի շնորհիւ, Հ․Յ․Դ․-ի չորրորդ Ընդհ. ժողովին Համոն, Ռոստոմի կողքին, եղաւ մէկը այն ազդեցիկ դէմքերէն, որոնք վիժեցուցին Դաշնակցութեան դէմ լարուած դաւերը եւ աւելի եւս ամրապնդեցին կուսակցութեան միասնական զօրութիւնը: Ժողովէն յետոյ ալ նոյն եռանդով շարունակեց կուսակցական աշխատանքը ղեկավար դիրքերու վրայ: Եւ երբ սկսաւ հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ, 1908ին ցարական ոստիկաններու առաջին հարուածը իջաւ Համոյի գլխուն: Հարիւրաւոր ականաւոր մտաւորականներու հետ ան եւս նետուեցաւ բանտ, ուր մնաց մինչեւ դատավարութիւն:
1912-ի Փետրուարին, Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Հ․Յ․ Դաշնակցութեան մեծ դատավարութիւնը: 150 հոգի բերուած էին դատարանին առջեւ Դաշնակցութեան անդամակցութեան ամբաստանութեամբ: Ռուսաստանի ամենայայտնի փաստաբանները ստանձնած էին դաշնակցականներու պաշտպանութիւնը: Չորս տարուան ընթացքին բազմահատոր մեղադրական նիւթ հաւաքուած էր, որու մէկ մեծ մասը ուղղուած էր Համոյի դէմ: Պաշտպան փաստաբաններու որոշումով քանի մը հոգի միայն պէտք էր խոստովանէին Դաշնակցութեան անդամ ըլլալը, եւ Համոն առաջինն էր անոնց մէջ: Դատարանին մէջ անոր արտասանած ճառը Դաշնակցութեան մասին խորունկ տպաւորութիւն գործեց ոչ միայն ունկնդիրներուն, այլեւ դատական կազմին վրայ: Արդիւնքը՝ տաժանակիր աշխատանքի դատավճիռ Սիպերիոյ մէջ:
Պատերազմի եւ կամաւորական շարժման հետեւանքով, 1915-ին շատերու հետ Համոն ալ ազատ արձակուեցաւ, վերադարձաւ Կովկաս եւ կարճ ժամանակ յետոյ, պաշտօն ստանձնեց Քաղաքներու միութեան ռազմաճակատի բժշկա-առողջապահական բաժնին մէջ՝ նպատակ ունենալով, առաջին հերթին օգնութիւն հասցնել պատերազմէն աղէտահար հայերուն: Վասպուրականի ազատագրութենէն յետոյ, օրինակ, ան փութաց Վան բժշկա-խնամատարական մեծ խումբի գլուխն անցած եւ Վանէն նահանջին, իր խումբով, շարունակեց խնամատարական գործը Էջմիածնի մէջ:
Ցարական գահի տապալումէն յետոյ, 1917-ին Համոն նորէն կը նետուի կուսակցական գործունէութեան ասպարէզ, կ՛ընտրուի Սահմանադիր ժողովի անդամ եւ կը մեկնի Փեթրոկրատ, ուր 1918-ի Փետրուար 5ին պիտի բացուէր Սահմանադրական ժողովը: Սակայն վրայ կը հասնի պոլշեւիկեան յեղաշրջումը, Հոկտեմբերի վերջերը եւ ան մնաց կէս ճանապարհին, Ռոսթովի մէջ, ուր իր հեղինակաւոր մասնակցութիւնը բերաւ հայկական գործերուն: Թիֆլիս կը վերադառնայ հայութեան կեանքի ամենաճգնաժամային օրերուն: Ռազմաճակատը փլած էր, թուրքերը անցած էին սահմանը եւ կը սպառնային նաեւ Կովկասի հայութեան բնաջնջման: Պաթումի մէջ տեղի կ՛ունենային անիմաստ բանակցութիւններ Կովկասեան Սէյմի եւ թրքական պատուիրակութիւններու միջեւ: Կովկասեան ազգերու միութիւնը փլչելու վրայ էր: Հայ ժողովուրդը կը մնար մինակ, անօգնական մահացու վտանգի առջեւ: Միակ իրական ուժը այդ օրերուն, որ թերեւս, կարողանար աղէտի առաջն առնել, Գերմանիան էր: Եւ հայոց Ազգային խորհուրդը շտապեց պատուիրակութիւն ուղարկել Պերլին, այդ առաքելութիւնը կը յանձնուէր Համոյին եւ սոցեալ դեմոկրատ Արշակ Զոհրապեանին:
Բարեբախտաբար վրայ հասաւ ընդհանուր զինադադարը 1918-ի Նոյեմբեր 11-ին: Ահաւոր սպառնալիքը հեռացաւ հայկական հորիզոնէն: Փարիզ գացին Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ, որուն մէկ անդամը նշանակուեցաւ Համօ Օհանջանեանը: Այդ պաշտօնին վրայ ան մնաց մինչեւ 1920-ի սկիզբը՝ մասնակից ըլլալով պատուիրակութեան բոլոր աշխատանքներուն:
Վերադառնալով Հայաստան՝ Համոն կը մտնէ Ա. Խատիսեանի դահլիճին մէջ, իբրեւ արտաքին գործերու նախարար: Պոլշեւիկներու Մայիսեան ապստամբութեան հետեւանքով՝ Խատիսեանի դահլիճը կը հրաժարի, եւ Մայիս 5ին իշխանութիւնը կ՛անցնի Բիւրօ-կառավարութեան ձեռքը: Համոն, որ 1919-ի աշնան, Հ․Յ․Դ․-ի 9-րդ Ընդհանուր Ժողովէն ընտրուած էր բիւրոյի անդամ, կը նշանակուի վարչապետ:
Բիւրօ-կառավարութիւնը պաշտօնի կոչուած էր կարճ ժամանակի համար, բայց մայիսեան խռովութիւնները զսպելէն յետոյ ալ դէպքերը հարկադրեցին իրեն մնալու իշխանութեան գլուխը: Այնուհետեւ վրայ հասաւ պատերազմը, Հայաստանը ճզմուեցաւ թուրք-պոլշեւիկեան միացեալ ուժերու ճնշման տակ: Համոյին վիճակուեցաւ այս դէպքերու դառնութեան բաժակը քամել ցմրուր, մինչեւ որ, Նոյեմբերի վերջերը իշխանութիւնը փոխանցեց նոր կառավարութեան:
Խորհրդայնացումէն յետոյ, երբ Համոն խումբ մը ընկերներու հետ հեռացաւ Հայաստանէն, վրացական սահմանին չհասած՝ ձերբակալուեցաւ պոլշեւիկներու կողմէ եւ փոխադրուեցաւ Երեւանի բանտը, որտեղէն, հազարաւոր ուրիշներու հետ, ազատուեցաւ միայն Փետրուար 18ի յեղաշրջման շնորհիւ: Ապա տարագրուեցաւ Պարսկաստան եւ այնտեղէն Եգիպտոս, Գահիրէ, ուր մնաց մինչեւ վերջ, զբաղելով բժշկութեամբ, բայց ժամանակին եւ ուժերուն մեծ մասը յատկացնելով հանրային կուսակցական գործունէութեան, իբրեւ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմնի անդամ եւ Համազգայինի նախագահ՝ յարգուած ու սիրուած բոլորին կողմէ:
Համօ Օհանջանեան կը մահանայ Յուլիս 31, 1947-ին եւ Գահիրէի հայութիւնը համազգային յուղարկաւորութեամբ, ճանապարհ կը դնեն զինք դէպի յաւիտենականութիւն: