ՍԼԱՔՆԵՐ․- ՕՐՈՒԷԼՆ ՈՒ ԱՅԼ ԲԱՆԵՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 24 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

27 Մայիս  2021

  • Աթէնքէն Վիլնիուս թռիչք կատարող ճամբորդատար օդանաւ մը Կիրակի, 23 Մայիսին, Պիելոռուսիոյ իշխանութիւններուն մեքենայութեան հետեւանքով ստիպողական էջք կատարեց Մինսքի օդակայանը: Ոստիկանութիւնը ձերբակալեց ճամբորդներէն մէկը, որ նախագահ Լուքաշենքոյի ընդդիմադիր քննադատներէն է: Եւրոպան ու անոր հետ արեւմտեան այլ երկիրներ տակն ու վրայ եղան, Պիելոռուսիոյ դէմ պատճամիջոցներ որդեգրուեցան, աւելիին սպառնալիքները կը տեղան օրն ի բուն: Լարուածութիւնը կրնայ տարածուիլ Արեւելք-Արեւմուտք յարաբերութիւններուն վրայ: (Հիմա, Նաւալնի եւ այլանուն՝ Արեւմուտքի համակրանքը վայելող այլախոհներ դարակ դրուած են, պահեստի նիւթ են):

…Արցախը 44 օր ոճրային յարձակումներու ենթարկուեցաւ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ անոնց վարձկան ահաբեկիչներու կողմէ: Մահ ու աւեր սփռուեցան, հայկական հողեր բռնագրաւուեցան, բազմահազար ընտանիքներ գաղթի մատնուեցան. անկէ ի վեր անծանօթ թիւով գերիներ կը պահուին Ատրպէյճանի մէջ: Սիւնիքէն մինչեւ Տաւուշ, ազերիական-թրքական թափանցումները նոր «նուաճումներ» կ’արձանագրեն ամէն օր, հայ զինուոր կը սպաննուի, ուրիշներ կ’առեւանգուին: Վաղը նոր «անակնկալներ» կրնան արձանագրուիլ: Եւրոպայէն, արեւելեան ու արեւմտեան աշխարհներէն ամէն օր դատապարտանքի, գերիներու վերադարձի եւ հարցերը խաղաղ միջոցներով լուծելու կոչեր, յայտարարութիւններ կը տեղան: Ո՛չ մէկ գործնական պատժամիջոց՝ Ատրպէյճանի ու զայն հովանաւորող Թուրքիոյ դէմ: Աստուած հոգին լուսաւորէ Ճորճ Օրուէլի…

  • 27 Մայիսին, ազերիական ուժերը, որոնք իբրեւ թէ առնուած էին հայկական սահմանապահ ուժերուն հսկողութեան տակ, նոր «հերոսութիւն» մը իրականացուցին Տաւուշի մէջ: Յառաջանալով դէպի հայկական դիրքեր, իրենց հետ տարին վեց հայ զինուորներ: Երկու օր առաջ, նման թափանցում արժած էր հայ զինուորի մը կեանքը, իսկ նախապէս, հայ զինուորներ վարկաբեկուած էին հոս-հոն, հայկական սահմանամերձ հողաշերտեր կտրատուած-գրաւուած էին: Վեց զինուորներուն տարուելու դէպքը մատնեց հայկական կողմին (չխօսինք ապիկարութեան մասին) շուարածութիւնը. պաշտօնական դէմքեր եւ լրատու աղբիւրներ զանոնք որակեցին թէ՛ «առեւանգուած», թէ՛ «գերի»: Նախագահ, հրաժարեալ վարչապետ, խորհրդարանականներ եւ այլք բնականաբար դատապարտեցին եղածը (կարծէք թէ դէպքը պատահած էր Ռուանտայի կամ Զիմպանուէի մէջ), բանակին թելադրանք ուղղուեցաւ, որ «անհրաժեշտ կանխամիջոցները որդեգրուին», իսկ բանակը, քաղաքավար-քաղաքականութիւն վարելով, բացայայտ դարձուց, որ եթէ գործնական հակազդեցութիւն ցուցաբերէ, թշնամին ալ կրնայ նոյնը ընել: (Մոռցէ՛ք Սահմանադրութիւն եւ Բանակ հասկացութեան դերը):
  • Պաշտպանութեան նախարարը Մուսկուա վազեց: Իշխանաւորները դարձեալ կախուեցան ուրիշը թերացած գտնելու չուանէն: Հրաժարեալ վարչապետը հրապարակ նետեց Սիւնիքէն մինչեւ Տաւուշ սահմանին վրայ խաղաղապահ դէտեր հաստատելու մտածումը (սա առանձին քննարկելի՝ փափուկ հարց է): Նախորդ օրերուն, խօսած էր ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին դիմելու ընտրանքին մասին: Պաքուէն շշուկներ կը հասնին, որ Ալիեւ սարսափած է նման «սպառնալիքներէ», հետեւաբար, կը պատրաստուի… աւելի՛ համարձակ եւ ամբարտաւան միջոցներով անհամարհել Հայաստանէն հնչած խաղաղարար կոչերն ու Արեւմուտքէն հասնող դատապարտանքի արտայայտութիւնները:
  • Ֆրանսայի նախագահը Ռուանտա այցելեր է եւ ցաւ յայտներ, որ աւելի քան 25 տարի առաջ, Ֆրանսա կրաւորական կեցուածք ունեցած է, ուրեմն թերացած է, երբ հութուները թութսիներ կը ջարդէին (1994ին, 100 օրուան մէջ 800.000 թութսի ջարդուեցաւ): Մենք ալ յուսա՞նք, որ տարինե՜ր ետք, քաղաքակիրթ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան եւ համաթուրանականութեան ոճրային ծրագիրներէ խորշող աշխարհը յայտարարէ, թէ թերացած է 44-օրեայ պատերազմին (մինչ այդ, երգենք. «Համբերէ՜, հոգի՛ս, համբերէ՜…»):
  • …Ընտրական յանձնաժողովը 27 կուսակցութենէ եւ դաշինք-խմբակցութենէ թեկնածուներու ցանկեր ստացած ու արձանագրած է Չորեքշաբթիի պայմանաժամին: Ընտրական սակարանը իր աշխուժութիւնը կ’ապրի, արհամարհելով սահման ու թշնամական արարքներ, ոճիրներ, իսկ հրաժարեալ վարչապետը յորդորեր է, որ այդ դէպքերը չքաղաքականացուին…: Իսկ ո՞վ գործնապէս պաշտպան պիտի կանգնի եւ պիտի զսպէ ազերիական թշնամանքները:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles