ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Խմբագրական
Պոսթըն
…Թուական՝ Ապրիլ 9, 1916:
Վայր՝ Սորպոնի համալսարան, Փարիզ:
Հայոց ցեղասպանութեան առաջին տարելիցի սեմին առթիւ, յատուկ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ այդ օր, «Ի Պատիւ Հայաստանի» նշանաբանով. մասնակցեցան հայութեան սերտ բարեկամներ: Անոնց կարգին էր բանաստեղծ, վիպագիր եւ քննադատ Անաթոլ Ֆրանս (1844-1924), որ բեմ բարձրանալով՝ կարճ խօսեցաւ, սակայն միտքերն ու ապրումները խոր ու ազդեցիկ էին:
Յատկապէս նախավերջին պարբերութեան մէջ ան կ՚ըսէր.- «Հայաստանը մահուան սեմին է, բայց պիտի վերածնի: Մնացած սակաւ ու թանկագին արիւնը ծնունդ պիտի տայ հերոս սերունդի մը: Այն ազգը, որ չ՛ուզեր մեռնիլ, չի մեռնիր»:
Ժամացոյցին սլաքներուն նստած՝ անցեալէն փոխադրուինք ներկայ:
Թուական՝ Մարտ – Ապրիլ 2021:
Վայր՝ Երեւան:
Ակնթարթ մը մէկդի դնենք Պսակաձեւ ժահրին ստեղծած արհաւիրքը, Եռաբլուրի բարձունքին պարզուած դժնդակ իրավիճակն ու դեռ աւելի ահաւորը՝ գերեվարուած, կորսուած, անգտանելի ու անվերադարձ զինուորներու ստեղծած ծանր կացութիւնը, կեդրոնանանք՝ կիզակէտ ունենալով Ազգային Ժողովէն ներս տեղի ունեցած խօսակցութիւնները, զրոյցներն ու զեկուցումները, եւ անոնց զուգահեռ՝ քանի մը իրադարձութիւն:
Հոս է, որ հայորդին կ՛այլայլի, կը զայրանայ եւ կը բորբոքէ…:
Ի տարբերութիւն հայամէտ Անաթոլ Ֆրանսի եւ այլոց (Փիեռ Քիար, Ժան Ժօրէս եւ դեռ շարքը երկար է), Ազգային Ժողովի անդամ թրքամէտ երիտասարդ «գիտուններ» բարի դրացնութեան (միաժամանակ հայ – թուրք եւ հայ-ազերի) նոր էջ բանալու կիսատ-պռատ առաջարկներ կը կատարեն, հայեացքներ կը ներկայացնեն՝ իրենք զիրենք յոյն հանճար Արքիմետէսը նկատելով եւ կարծելով, թէ անոր հռչակաւոր «Էվրեքա»-ն («ես գտայ») կը կրկնեն, այսինքն գիւտ մը կատարած են:
Գի՞ւտ, մտայղացո՞ւմ, թէ՞զառանցանք ու ցնդաբանութիւն:
Յիշատակելի այլ վիճակ մը ստեղծուեցաւ նոյն օրերուն, երբ Պաքուէն Երեւան վերադարձաւ իբրեւ թէ գերիներ փոխադրող… դատարկ օդանաւը, իսկ նոյնինքն Պաքուի մէջ, Իլհամ Ալիեւ բացումը կատարեց հայոց դէմ ցեղասպանական նորագոյն արարքին ՝ Արցախի վերջին պատերազմին նուիրուած «յաղթանակի թանգարան-պուրակ»ին: Այս բոլորին կարծէք թէ անհաղորդ՝ Հայաստանի պարոն վարչապետը ազատ ու համարձակ եւ ամենայն ինքնավստահութեամբ կ՚եզրակացնէր, թէ Արցախի վերակառուցման գործը լաւ կ՛ընթանայ եւ թէ՝ պատերազմին զոհերուն թիւը չորս հազար է… «յիսուն աւելի, յիսուն պակաս»…:
Հայաստանին ու հայութեան ուղղուած ազերիական աղաղակող վարկաբեկումներէն ետք, հայը ինչպէ՞ս կը հանդուրժէ այն որոտընդոստ ծափողջոյնները, որոնք կրկին ու կրկին որոտացին Ազգային Ժողովի սրահին մէջ, նոյնինքն վարչապետին հլու կամակատար «իմքայլական»՛-ներուն կողմէ: Ինչպէ՞ս կարելի է զոհերուն թիւին մասին խօսիլ այնպիսի տրամաբանութեամբ մը, որ կարծէք թէ մեր նահատակները անհոգի ապրանք ու առարկայ են: Ներողութեան հայցի հազար արտայայտութիւն չի կրնար ծածկել այս անմարդկային ու սնանկ մտածելակերպը, որ յար եւ նման է ալիեւեան տրամաբանութեան:
Այս բոլորը տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակի սեմի՛ն:
Ներկայ իշխանաւորները, ազգային արժանապատուութենէ պարպուած ու սնանկացած «գիտնականները» թող լա՛ւ գիտնան, թէ նման տեսակէտ, մօտեցում եւ հայեացք դատապարտուած են ձախողութեան:
Անաթոլ Ֆրանս շա՛տ աւելի լաւ ճանչցած է Հայաստանն ու հայորդին՝ անոր զոհաբերութիւնն ու չմեռնելու կամքը: Անոր նկարագրած «ՍԱԿԱՒ ՈՒ ԹԱՆԿԱԳԻՆ ԱՐԵԱՆ» ՀԵՏՔԵՐՈՎ Հայաստանն ու Արցախը պիտի վերածնին եւ վերաշխուժանան, որքա՛ն ալ որ սայթաքին իշխանութեան ղեկին նստողները, մեղսակից կրաւորականութիւն պահեն զանոնք հովանաւորողները, անոնց առջեւ խոնարհողները: