Դիւցազնական Ուրֆան Եւ Իր Հայորդիները

0 0
Read Time:9 Minute, 22 Second


ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Նախաբան

Հետաքրքրական է, նախ պատմեմ, թէ ինչպէ՛ս ձեռքս անցաւ պատմական մեծ արժէք ներկայացնող «Ուրֆայի յուշապատում»-ի` 1955-ին ուրֆացի մեծանուն մտաւորական եւ վիպագիր Արամ Սահակեանի պատրաստած այս հսկայածաւալ գործը` շուրջ 1500 էջեր պարունակող սոյն հատորը:
1964-ի ապրիլ 23-ին բախտը ունեցայ նշանուելու ուրֆացի Եստեր Ատուրեանին հետ. հոս չմոռնամ ըսելու, որ ես ալ սիսեցի եմ: Քանի մը շաբաթներ ետք իր ծնողներն ու երեք մօրեղբայրները, անշուշտ` իրենց կիներով, հրաւիրեցին զիս Ուրֆայի հայրենակցական միութեան տարեկան պարահանդէսին: Կերուխումի ընթացքին նաեւ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, այդ առիթով յայտարարուեցաւ նաեւ, որ վիճակահանութեան մեծագոյն նուէրը պիտի ըլլար «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները» գիրքը: Անշուշտ ես ալ, իմ կարգիս, գնեցի վիճակահանութեան քանի մը տոմս, մինչ այդ նշանածիս մօրեղբայրները տոմս ծախող կնոջ հետ քիչ մը իրարանցումի մէջ էին, չհասկցայ, թէ ի՛նչ կը կատարուէր, բայց եղաւ այն, որ Արամ Սահակեանին գիրքը ինծի բախտ եղաւ:
Տարիներ անցան, 1971-ին, գործի բերումով, ընտանեօք Ամերիկա պէտք էր փոխադրուէինք, բայց որովհետեւ այդ գիրքը շատ ծանր էր, որոշեցինք հոն ձգել: Տարիներու ընթացքին այդ ծանր հատորը ճամբորդած էր մինչեւ Փարիզ, ապա Լոնտոն, Ֆրեզնօ ու քանի մը տարիներ առաջ եկած ու գտած էր իր իսկական տէրը: Անշուշտ քանի մը առիթներով թղթատած էի ստանալէն ետք, բայց գիրքին ծանրութեան պատճառով շատ ձեռքս չէի կրնար առնել: Օր մըն ալ կինս բարկացած ըսաւ. «Կը գրես ու կը գրես սիսեցիներուն մասին, օր մըն ալ ա՛ռ սա գիրքը,- երկնցնելով գիրքը ինծի,- ու գրէ ուրֆացիներու մասին»: Ուրեմն, ընդառաջելով կնոջս հրահանգին, կը սկսիմ այս գրութեան` խոստանալով նաեւ շարունակել նոյն թափով:

Հայը ե՞րբ մուտք գործած է Ուրֆա

Հայութեան դէպի Ուրֆա առաջին գաղթը եղած է ՆՔ 75-80 թուականներուն: Մեծն Տիգրան Բ.ի իշխանութեան ժամանակ բազմաթիւ հայեր հետեւեցան յաղթական թագաւորին բանակներուն: Անոնցմէ մաս մը եկաւ ու հաստատուեցաւ Ուրֆայի մէջ եւ անոր շրջակայքը:

Երկրորդ գաղթը արձանագրուած կը գտնենք ՅՔ 35-40 թուին` Քրիստոսի ժամանակակից Աբգար Ե.ի իշխանութեան օրերուն:

Աբգար Ե.-րդ Ուրֆայի իշխանութիւնը իր հօրմէն` Արշամէն ժառանգելէ ետք քաղաքը չորս կողմէն ամուր կերպով կ՛ամրացնէ ու անոր պաշտպանութիւնը կը վստահի Արշակունեաց տոհմի հայ զօրականներուն:

Աւելի վերջ, ՅՔ 200 թուականին, երբ Աբգար Թ. Հռոմէն վերադարձին քրիստոնէութիւնը պաշտօնական կրօն հռչակեց Ուրֆայի պետութեան մէջ, բազմաթիւ հայեր Հայաստանի մօտակայ շրջաններէ այս քաղաքը եկան, որպէսզի հնարաւորութիւն ունենան ազատօրէն իրենց ընդունած նոր կրօնին հետեւելու:

Դէպի Ուրֆա հայերու չորրորդ գաղթը տեղի ունեցաւ ՅՔ 340 թուին, երբ պարսից Շապուհ թագաւորը Հայաստանի դէմ իր մղած երկարատեւ պատերազմներով պատճառ եղած էր, որ բազմաթիւ հայեր հեռանան իրենց հայրենիքէն` խուսափելու համար Շապուհի բռնի արտագաղթէն դէպի Պարսկաստան: Այդ թուականին բազմաթիւ հայեր ապաստանեցան Ուրֆայի շրջան:

Այս չորրորդ գաղթէն ետք Ուրֆայի հայութիւնը գերակշիռ թիւ մը ունեցաւ քաղաքին բնակչութեան այլացեղ տարրերուն մէջ: Այդ թուականներուն գոյութիւն ունեցող պարսկա-ասորական աստուածաբանական ճեմարանին մէջ հայերը կարեւոր դիրք կը գրաւէին:

Հայութեան հինգերորդ ու վերջին գաղթը դէպի Ուրֆա տեղի ունեցաւ Փիլարտոս դուքսին եւ Թորոս Կիւրապաղտատի իշխանութեան օրերուն. այդ թուականին քաղաքը ստացաւ կատարեալ հայկական դիմագիծ: Սակայն շատ քիչ տեւեց այս գերակշռութիւնը, որովհետեւ խաչակիրներու արշաւանքներէն եւ անոնց հետեւանքը եղող աւերումներէն ետք Ուրֆայի հայութիւնը անճիտուեցաւ, ցրուեցաւ ու իջաւ աննշան քանակի մը:

1637 թուին, երբ օսմանեան տիրապետութիւնը վերջնական կերպով հաստատուեցաւ Ուրֆայի վրայ, համեմատական եւ ժամանակաւոր խաղաղութիւն մը տիրեց շարունակական կռիւներէ ուժասպառ եղած քաղաքին մէջ: Այդ շրջանին է, որ մինչեւ 1850 թուական բազմաթիւ հայեր, յատկապէս` Սասնոյ, Վանի եւ Մալաթիոյ կողմերէն, եւ փոքրաթիւ հայեր ալ Պարսկաստանէն գալով, Ուրֆայի մէջ բնակութիւն հաստատեցին ու հին դարերէն ի վեր քաղաքին մէջ գտնուող հայերուն հետ կազմեցին այն 30.000 հաշուող զանգուածը, որ կերտեց 1915-ի հերոսամարտը:

Ուրֆայի հերոսամարտը

Մասնակի դէպքի մը պատճառով յանկարծ բռնկող կռիւը զարմանքի կը մատնէր Ուրֆայի թուրք կառավարութիւնը: Ամիսներու աշխատանք` գլխատելու հայութիւնը իր ղեկավարութենէն, զօրահաւաք, բազմաթիւ երիտասարդներու կոտորած, զինահաւաք, ու ահա միահամուռ հրացանաձգութիւն մը` հայկական թաղերէն:

Թուրք խուժանը, սակայն, հրճուանքի մէջ էր, ան հասած կը համարէր վայրկեանը` տիրանալու հայերու ինչքերուն ու պատուին, ապրելու արեան ու նախճիրներու մէջ. 95-ը իր աւերներով յիշել կու տար անոր վայելքի հեռանկարներ: Եւ ահա վայրի գազանային աղաղակ մը կը բարձրանար թուրք թաղերէն: Արեան ու աւերի սիրահար ցեղը իր ակռաները կը սրէր նոր նախճիրներու համար:

Սանտրչոնց տան դէպքը պատահած էր չորեքշաբթի, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Այդ պահուն հայկական թաղերուն մէջ երեսունէ աւելի ոստիկաններ կային, բացի այն տասնեակէն, որ կը մնար մայր եկեղեցւոյ դիմացի պահակատան մէջ: Եօթնեղբերեանի առաջին գործը կ՛ըլլար թոյլ չտալ, որ թրքական զօրքերը հայկական թաղերէն դուրս գան, կարեւոր էր տէր դառնալ անոնց զէնքերուն ու փամփուշտներուն:

Պահականոցը գրաւելու կը ղրկուի Մկրտիչի փոքր եղբայրը` միականի Սարգիսը: Պահակատան ոստիկանները առանց դիմադրութեան կը յանձնուին` պաղատելով Սարգիսին խնայել իրենց կեանքը: Թաղերուն մէջ գտնուող ոստիկաններն ալ մեծ մասամբ առանց կռուելու կը յանձնեն իրենց զէնքերը. իսկ անոնք, որոնք կը փորձեն դիմադրել, տեղն ու տեղ կը գնդակահարուին:

Եօթնեղբերեան եւ Ռասթկէլէնեան այս անմիջական կարգադրութենէն ետք կ՛այցելեն բոլոր դիրքերը` հսկելու համար ապստամբութեան յատակագիծի ճշգրիտ գործադրութեան. ամէն տեղ կը գտնեն իրենց սպասածէն աւելին, իւրաքանչիւրը տէրն է իրեն յանձնուած գործին: Մկրտիչ պարզ, բայց կրակոտ բառերով կը խօսի դիրքերու տղոց, կը հրահանգէ ըլլալ աչալուրջ, անվախ եւ անխնայ` որեւէ յարձակման պարագային. կը պատմէ անոնց այն վիճակին մասին, որուն ենթարկուած է հայութիւնը ամէն տեղ, եւ որուն իրենք ալ ականատես եղած են, կը ներշնչէ անոնց պատուաւոր մահուան գաղափարը եւ վրէժխնդրութեան ոգին:

Ուրֆայի հերոսամարտին ականատես Մ. Ռըպուր կռուի սկզբնաւորութիւնը հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ իր յուշերուն մէջ. «Սեպտեմբեր 29-ին, կէսօրուան մօտ, տարօրինակ խառնակութիւն մը եւ հրացանաձգութիւն մը սկսաւ. ըսին մեզի, որ իւրաքանչիւրը հայոց թաղը կը նետուի, ոստիկանութիւնը մեզի հրահանգեց, որ այլեւս դուրս չելլենք»:

Դանիացի առաքելուհի` Քարէն Եփփէ իր յուշերուն մէջ կռուին առաջին օրերուն մասին կը գրէ. «Յուսահատութեան վերջին կռիւն է, որ տեղի կ՛ունենայ փողոցներուն մէջ, արեւածագին գնդակ մը կ՛արձակուի, թերեւս` բոլորովին պատահականօրէն: Լոյսը բացուելուն ժանտարմաները կը յարձակին տան մը վրայ, ուրկէ, ինչպէս իրենք կ՛ըսեն, գնդակ արձակուած է: Ու ահա մէկը բարձրաձայն կը կանչէ լուսամուտէն. «Թուրքե՛ր, դուք մեզ յուսահատութեան մատնեցիք, կառավարութիւնը կեանքի ապահովութիւն խոստացած էր մեզի, բայց սուտ է եւ խաբէութիւն, կառավարութեան նպատակը մէկ բան է միայն` հայ ժողովուրդի կորուստը: Այժմ կարգը մերն է` Ուրֆայի հայերուս, մենք պատրաստ ենք մեռնելու` զէնքը ձեռքերնիս»:

Սեպտեմբեր 29-ի գիշերը տենդագինի աշխատանքի առիթ մը կու տար հայերուն. պարզ էր երկու ղեկավարներուն համար, որ յաջորդ առաւօտ թուրքերը պիտի դիմէին յարձակումի: Մկրտիչ ռազմական ծրագիրներ կը պատրաստէր, որպէսզի առաջին առթիւ ուժգին հարուած մը տար թուրքերուն, այդ պատճառով ալ կը հրահանգէր հայ եւ թուրք բաժանման կէտերու վրայ նոր պատնէշներ չբարձրացնել ու ազատ անցք ձգել թուրք խուժանին յարձակումներուն առջեւ: Միեւնոյն ատեն, սակայն, կը հրահանգուէր թրքական թաղերուն նայող ծայրամասի տուները ամրացնել ու պատուհաններու վարագոյրներուն ետեւէն աւազով լեցուած պարկեր շարել իրարու վրայ:

Նոյն գիշերն իսկ բոլոր դիրքերուն ռումբեր կը բաժնուէին` գործածուելու համար խուժանային յարձակումներուն դէմ: Առաջին կռիւները յաջողութեամբ վարելու եւ կռուողները հրահրելու համար Մկրտիչ իր փորձառու տղաները կը բաժնէր դիրքերու վրայ: Գէորգ Ալահայտոեանին կը յանձնուէր Հայր Աբրահամու թաղամասը, միականի Սարգիս Եօթնեղբերեանին` Փոս Բաղնենց վրայ նայող դիրքերը, Յարութիւն Ռասթկէլէնեանին` Մասմանայի շրջանը, Վաղարշ Մեսրոպեանին եւ Յարութիւն Սիմեանին` Թլֆըտուրի ամերիկեան հաստատութիւններուն դիրքերը, իսկ Սամսայ Դրան շրջանը` Մովսէս Սուճեանին: Մկրտիչ պիտի մնար կեդրոն, որպէսզի թռուցիկ խումբով մը հասնէր վտանգուած շրջանները:

Խուժանային յարձակման նախատեսութիւնը կ՛իրականանար յաջորդ օրը` սեպտեմբեր 30-ի արշալոյսին, երբ հազարներէ բաղկացած թուրք խուժան մը, երեք թեւերու բաժնուած, յարձակում կը գործէ հայկական թաղերուն վրայ: Խոճաներու եւ Գալապոյունի թրքական թաղերուն անունով հանած (սիրկաներու) գլխաւորութեամբ` խուժանը կը մտնէ երեք կարեւոր հայկական թաղեր: Փոս Բաղնենց, Սամսայ Դրան, եւ Մասմանայի փողոցի դիրքերուն տղաքը սրտատրոփ կը սպասէին թշնամիին յառաջանալուն: Թուրք ամբոխը զինուած էր երկար սուրերով, եաթաղանով, ատրճանակներով եւ կառավարութեան բաժնած պետական հրացաններով: Խոճաները առջեւէն սալաւաթ կը կանչէին. սոթտուած թեւերով հաւատացեալները սուրեր կը ճօճէին օդին մէջ, ուրիշներ կը կրակէին հայկական տուներու պատուհաններուն եւ դռներուն:

Մկրտիչի հրահանգին համաձայն, հայ դիրքերու տղաքը թոյլ կու տային, որ ամբոխը մտնէ թաղերէն ներս` բռնուելու համար ծուղակին մէջ: Ու ահա յանկարծ քաղաքը կը թնդար ռումբերու որոտէն, հայ մարտիկները յաջողած էին խաղի բերել խուժանը: Մինչեւ հիմա Ուրֆայի թուրքերը կը յիշեն այն կոտորածը, որուն ենթարկուած էին կռուի առաջին օրը: Իրենց իսկ վկայութեամ 450 դիակներ ձգած են հայ դիրքերուն առջեւ: Խուճապը այդքան սաստիկ եղած էր, յարձակումը հայերուն կողմէ այնքան բուռն ու շշմեցնող, որ փախչող թուրքերէն շատեր ետ դառնալու տեղ, աւելի մխրճուած էին հայ թաղերուն մէջ ու այնտեղ գերի բռնուած: Մասնաւորաբար Փոս Բաղնենց կողմը մեծ կորուստներու մատնուած էին Թուրքերը: Քէօր Սաքօն (Սարգիս Եօթնէղբէրեան), խուճապահար փախչող թշնամին երեք ընկերներով հետապնդած էր մինչեւ շէյխերուն մզկիթը:
Տասնոցները կրակելէն, վիրաւորները եւ մեռեալները կոխկրտելէն, վրէժխնդրութեամբ հրահրուած այս խոյանքը, կռուի սկիզբէն Սարգիսին առջեւ կը բանար բացառիկ խիզախութիւններու շարք մը: Առաջին այս կռուին հայերը ութը զոհ կու տային, որոնցմէ երկուքը կիներ, բոլորն ալ գրեթէ վիրաւորուած «մինարէներէն» մզկիթներէն արձակուած գնդակներէն: Զարմանալի չէր Թուրքերու ունեցած մեծ կորուստին դէմ, հայերուն այս փոքր կորուստը, թաղային կռիւներու ընթացքին միշտ յարձակողն է որ զոհ կուտայ, իսկ երբ նեղ փողոցներու մէջ բազմութիւն մը կարելի ըլլայ ծուղակի մէջ բռնել, անխուսափելի կը դառնայ անոնց ոչնչացումը:
Աննկարագրելի խանդավառութիւն առաջացած էր հայ թաղերուն մէջ՝ այս յաղթանակին հետեւանքով. Ոտքի վրայ էր ամբողջ ժողովուրդը, բոլորը մոռցած էին իրենց ցաւն ու տառապանքները: Կռիւը, արեան մկրտութիւնը իւրաքանչիւրին սրտին մէջ արթնցուցած էր իրենց նախահայրերու առնական ոգին: Դիրքերը իրարու արձագանգ կուտային ռազմական երգերով, կիներն ու աղջիկները կռուող տղաներուն ջուր եւ ուտելիք կը հասցնէին: Փոքր տղոցմէ կազմուած թռուցիկ խումբեր հեռաձայնի դեր կը կատարէին՝ դիրքէ դիրք լուրեր հասցնելով: Եկեղեցիներու զանգակները կէս ժամ կը հնչէին ուժգին ու արագ, հայերու յաղթութեան աւետիսը թռթռացնելով օդին մէջ:
Կռիւը դադրելէն վերջ, Եօթնէղբէրեան եւ Ռասթկէլէնեան կ՛այցելէն բոլոր դիրքերը, գովելէ յետոյ տղոց պարտաճանաչութիւնը, կը բացատրէին կռուի այն նոր միջոցները , որ անխուսափելի կերպով գործ պիտի դներ թշնամի՛ն յետագայ օրերու ընթացքին, յաղթութիւնը պէտք չէր մոռցներ թշնամիին անսպառ միջոցները, պէտք էր բոլորն ալ ունենային այն գիտակցութիւնը, որ մեռնելու համար կը կռուին, հետեւաբար իրենց նպատակը պիտի ըլլար զոհ մը աւելի խլել թշնամիէն: Փամփուշտներն ու ռումբերը պէտք էր գործածուէին խնայողութեամբ, գիշեր ու ցերեկ, ամէն ժամու հսկողութիւնը պէտք չէր թուլնար, գիշերային յարձակումի մը պարագային յանկարծակիի պէտք չէր գային դիրքերը:
Զոյգ ղեկավարները, թելադրութիւններէ եւ ցուցմունքներէ յետոյ, կը քննէին բոլորին ունեցած զէնքերը եւ անոնց ունեցած փամփուշտներու պաշարը: Կ՛որոշէին այն կէտերը, որտեղէն պատնէշներ պէտք էր բարձրանային՝ նոյն գիշերն իսկ: Կը կարգադրէին նոյնպէս , որ կռիւներու պահին ամէն վայրկեան կեդրոնը իրազեկ պահուէր անցուդարձներէն: Կռուողներուն արգիլուած պիտի ըլլար դուրս գալ դիրքերէն՝ առանց խմբապետներու արտօնութեան, իսկ շրջանային խմբապետները պարտաւոր էին խիստ վերաբերմունք ցոյց տալ, իրենց պարտականութիւններուն մէջ թերացողներու հանդէպ:
Մինչեւ հոկտ. 18 թշնամին նոր յաջողութիւն մը չէր ունենար, կռիւը կը շարունակուեր, հայ տղաքը կը դիմադրէին կատաղութեամբ: Աշնանային անձրեւը դադար չունէր, օդը լեցուած էր թանձր մուխով եւ վառօդի հոտով:
Նոյն գիշերը, կարճ խորհրդակցութենէ մը յետոյ, կռիւէն վերադարձող ղեկավարները կ ՛որոշէին գործադրել հոկտ. 12 գիշերուան որոշումը, կռուող ուժերը պիտի հաւաքուէին ու Պէտէնի ետեւէն բարձրանային շրջակայ լեռները:
Հոկտ. 20, հինգշաբթի առաւօտ, երկու թաղերու մէջ միայն կը շարունակուէր դիմադրութիւնը, կռուողները սեղմուած էին Իւչ Օղլուն քէօշէի եւ մայր եկեղեցւոյ փողոցները, գիշերային յարձակումով մը զօրքերը յաջողած էին գրաւել Բողոքականներու եկեղեցին ու Ամերիկեան հաստատութիւնները, այնտեղի կռուողներէն՝ Յարութիւն Սիմեանը, Մղձի Կանաչեանը, Յովհաննէս Գեպապճեանը, Մեյխանէճի Սանդուրը, Յովհանէս Մատառճեանը, Յակոբ Սէվէրէքլեանը, Ներսէս Սարգիսեանը, Չամիչենց Ալեքսանդրը, Սարգիս Ռասթկէլէնեանը եւ Խանըմ Քէթէնճեանը ցրուած էին շրջակայ տուներու մէջ, ասոնք ամրացած տան մը, տանիքի մը կամ պատի մը ետեւ, վերջին ճիգ ի գործ կը դնէին, զոհ մը աւելի խլելու թշնամիէն ու ապա վերջին գնդակը պարպելու իրենց ճակտին:
Գրաւուած թաղերուն մէջ բազմաթիւ կիներ եւ աղջիկներ հորերու մէջ կը նետուէին, այնտեղ խեղդամահ ըլլալու եւ վայրագ թշնամիին ձեռքը չիյնալու համար: Կռուողներէն ոմանք իրենց ձեռքով կսպանէի՛ն իրենց կինը, քոյրը կամ մայրը ու անձնասպան կ՛ըլլային: Ոմանք կը մտնէին նախապէս պատրաստուած թագստոցներու մէջ: Շատեր քարիւղ լեցնելով իրենց տան վրայ, կրակը կը բռնկեցնէին ու կ՛այրէին ամբողջ ընտանիքով:
Թնդանօթի կրակը դադրած էր, որովհետեւ զօրքը ցրուած ու դիրքը բռնած էր գրեթէ բոլոր թաղերուն մէջ: Այս զարհուրելի կացութիւնը երեք օր կը շարունակուէր, մինչեւ որ Մայր եկեղեցիին թաղը ամրացած կտրիճներն ալ մէկիկ մէկիկ կ՛իյնային պատնէշին վրայ ու զօրքը կը տիրանար Ուրֆայի ամբողջ հայկական թաղամասին:
Հոկտ .23ին կիրակի իրիկնամուտին հետ, խոր, մեռելային լռութիւն մը կը սաւառներ հայ թաղին վերեւ, ուր ծուխն ու կրակը հանդարտ կը բարձրանային անձրեւոտ ու թաց երկինք ի վեր:
25 օրուան հերոսական մաքառումէ մը յետոյ, վերջ գտած էր Ուրֆայի հերոսամարտը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles