ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ.- ՏԱՐԻՆ, ՈՐ ԱՆՑԱՒ (Հեղինակ Գէորգ Պետիկեան)

0 0
Read Time:4 Minute, 12 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Երբ ամբողջ աշխարհը գերի դարձած է Պսակաւոր ժահրի համաճարակին, երբ հայկական մեր աշխարհը ընկղմած է արցախեան վերջին պատերազին պատճառած ահաւոր տագնապներուն մէջ, անդին, կան Գիրին հաւատարիմներ, որոնք նոր գիրք կը հրատարակեն:

Ծիրին մէջ՝ Գէորգ Պետիկեանի նորագոյն գիրքը, որ կը կրէ «Տարին, որ անցաւ» խորագիրը. Անիկա մէկ արտացոլացումն է յիշեալ զոյգ տագնապներուն, որովհետեւ համաճարակն ու արցախեան դէպքերը տիրապետող ներկայութիւն են հատորին մէջ: Եւ որպէսզի ի սկզբանէ փարատենք թիւրիմացութիւնը, աւելցնենք, որ յիշեալ երկու խորագիրներուն կողքին, հատորին մէջ տիրական ներկայութիւն են այն հարցերն ու նիւթերը, որոնք ընդհանուր առմամբ կը կազմեն այս գրողին ատաղձը. Հայերէնի հանդէպ սէր, հայկական մշակոյթի, ժառանգութեանց, աւանդութեանց ու աւանդներու, ծննդավայրին՝ Հալէպի կապուած յուշեր եւ… շարքը երկար է: Ու եթէ յիշատակենք նաեւ, որ այս գրողը ունի իւրայատուկ, թեթեւ զուարթախոհութիւն մը, կրնանք նոյն զուարթախոհութեան արձագանգելով ըսել, որ եթէ «արջը ունի 40 երգ, 40-ն ալ տանձի մասին է», Գէորգին պարագային կրնանք ըսել, որ ան ունի բազմաթիւ երգեր, որոնք մէկ «տանձ»ի շուրջ չեն դառնար, այլ կը թաւալին բազմաթիւ եւ տեսակաւոր պտուղներու շուրջ. «պտղասեղանը» կազմուած է օրուան պատահարներէ, ազգային հարցերէ, արժէքներու պահպանման նախանձախնդրութենէն եւ այս գլխաւոր ճիւղերէն բարունակուող բազում նիւթերէ: Այս նոյն «երգերուն» շուրջ ալ հիւսուած են հեղինակին նախկին հատորները եւ դեռ, ցայսօր, մամուլին մէջ շարունակուող գրաւոր արտայայտութիւնները:

Հատորը ընթերցողին կը ներկայանայ բովանդակութեան ոգիին ու մթնոլորտին հակադիր լուսանկարով մը՝ ջրային խաղաղ տարածքի մը վերեւ փայլող արեւով մը. ընթերցողը կը փորձէ անոր մէջ տեսնել խաղաղ արշալոյսներու սպասման հեղինակին ձգտումը, որ նաեւ ընթերցողներունն է: Կը բովանդակէ շուրջ 50 խորագիր, մեծ մասամբ մամուլին մէջ լոյս տեսած գրութիւններու հաւաքածոյ մը: Ձօնուած է թոռնիկներուն, իսկ ձօնը արձանագրուած է ոտանաւորով մը:

Հատորը ներկայացնող «Երկու խօսք» մը ունի Շաքէ Մանկասարեան: Առհասարակ արձակ էջերէ կազմուած հատորը կ’ընդգրկէ նաեւ բանաստեղծական՝ չափածոյ էջեր, ուր կան Հայերէնին հանդէպ սիրոյ ու պաշտամունքի, աղօթքանման արտայայտութիւններ: Աւարտին կայ (նիւթերու ցանկին մէջ տեղ չգտած) էջ մը՝ նամակ մը՝ պէյրութցի ծանօթ մտաւորական եւ մայրենիի պաշտպան Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանէն, որ հակիրճ կերպով արձագանգած է հեղինակին՝ «Արդեօք ո՞ր օրուան կը սպասենք» յօդուածին, որ լոյս տեսած էր մեր մամուլին մէջ եւ իր տեղը գրաւած է նաեւ այս հատորին սկիզբներուն: Ետեւի կողքին վրայ արձանագրուած է Գ. Պետիկեանի հակիրճ կենսագրութիւնը, հասարակական կեանքի մէջ վաստակն ու լոյս ընծայած հատորներուն անունները:

***

Ընթերցողը կրնայ տարուիլ այն մտածումով, որ մեծ մասամբ մամուլի էջերուն լոյս տեսած գրութիւնները հատորով լոյս ընծայելը արդեօք մսխում մը չէ՞, մանաւանդ որ… մարդիկ դադրած են գիրք փնտռելէ: Հեղինակին պատասխանը հաւանաբար բազմաճիւղ է. նախ այն, որ ան կը հաւատայ ԳԻՐՔ արժէքին, կը ցանկայ, որ մարդին վերականգնեն ընթերցումի վարժութիւնն ու հաճոյքը: Աւելին, նման սիւնակներ մէկ կողքի տակ հաւաքագրելը ունի նաեւ վաւերագրական իմաստ, որովհետեւ օրը-օրին թերթերու, «դիմատետրեան էջ»երու մէջ արձանագրուած գիրը դատապարտուած է վաղանցուկ ճակատագիրի, մոռացման, մինչդեռ գիրքը կրնանք պահել մեր գրադարանին մէջ, դիւրութեամբ վերադառնալ անոր, ատեն մը ետք վերյիշել, թէ 2020 (չըլլալիք) տարին ինչպէ՞ս բոլորած ենք, որովհետեւ հեղինակին անձնական փորձառութիւնները բացարձակապէս անձնական չեն, այլ բոլորս ալ ապրած ենք նոյնանման պահեր, փորձառութիւններ, տագնապներ եւ…. յոյսեր: Այդ փորձառութիւնները տարածուած են տունէն դպրոց եւ միջավայր, Լոս Անճելըսէն մինչեւ Հայաստան, Արցախ եւ այլուր:

Նիւթե՞րը: Մեծ մասամբ պատումներ են, դէպքեր եւ պատահարներ, որոնք կը բխին համաճարակային պայմաններէն եւ արցախեան անդոհանքներէն: Լայն արձագանգ կայ 44-օրեայ պատերազմի սկզբնական եւ յետ-պատերազմեան օրերու տրամադրութեանց, երբ նախ ապրեցանք յաղթանակելու յոյսը, յետոյ ինկանք ահաւոր պարտութեան յառաջացուցած հոգեկան անկումին վիհը: Տիրապետողը՝ մտածումներն ու խոհերն են, որոնք յաճախ կը ներկայանան խօսակցութեամբ. խօսակցութիւն՝ ինքն իր անձին, ընթերցողին եւ ծանօթներու-հարազատներու հետ: Յուշագրական քրոնիկները կը կազմեն հատորի նիւթերուն մեծ մասը: Արձանագրենք նաեւ, որ բոլոր նիւթերը՝ պատահար, տարբեր բնոյթի հանդիպումներ, խորհրդածութիւն, յուշ եւ այլն, լոկ 2020 տարուան սահմաններուն մէջ չեն բանտարկուած: Կան նախորդ տարիներէն, մինչեւ մանկութեան օրերէն քաղուած յիշատակներ ու ապրումներ, ուր երէցներու եւ զինք արարող սերունդներու հանդէպ արձանագրուած են երախտիքի արտայայտութիւններ: Տակաւին, հայկական տօները օրացուցային ներկայութիւն են հատորի էջերուն: Գերակշռողը՝ այս հատորին մէջ, խոհականն ու մտորումներու ալիքներն են, պատմուածքի տարրը կարծէք թէ որոշ տեղատուութիւն կրած է, նմանապէս՝ այս գրողին յատուկ զուարթախոհութիւնը, որ շատ աւելի առատութեամբ ցանուած է նախընթաց հատորներուն մէջ: Զուարթախոհութիւնը բոլորովին բացակայ չէ, սակայն երբեմն ընթերցողին կը հասնի դառնախառն: Ընթերցողը իրաւունք կու տայ գրողին, որ հատորը այսպէս դուրս եկած է: Չէ՞ որ «Տարին, որ անցաւ», զուարճանալու շատ բան չբերաւ-չձգեց բոլորիս: Արդէն ինք ալ իր յառաջաբանին մէջ սեւով ճերմակի վրայ վկայութիւն արձանագրած է այս իմաստով:

Ինչպէս իր բոլոր գրութիւններուն մէջ, հոս եւս, հեղինակը ընթերցողին կը հասցնէ իր լաւատեսութիւնը, աւելի լուսաւոր ապագայի մը կապուած իր յոյսը: Այս գիծը յաճախ իր գլուխը կը ցցէ ամէնէն տժգոյն մտածումներէն ետք իսկ, եւ ընթերցողն ալ կը ցանկայ, որ յոյսն ու լաւատեսութիւնը գտնեն շօշափելի հիմեր:

***

Այս սիւնակը փակելէ առաջ, չենք կրնար անտես թողուլ կէտ մը. հատորը դժբախտաբար կը կրէ նոր ժամանակներու տպարանային «ախտ»-ին հետքերը (տողաշարական վրիպակներ եւ մասամբ նորին): Հեղինակը ունի հաճելի հայերէն մը, սակայն տեղ-տեղ «սպրդած» են լեզուական վրիպակներ, որոնցմէ կարելի էր ձերբազատիլ (գոնէ զանոնք նուազագոյնի իջեցնել) խմբագրումի աւելի՛ բծախնդիր աշխատանքով մը (հինէն ի վեր մեր հատորները կը տառապին անսխալ լոյս աշխարհ չգալու «ախտ»-էն): Համաճարակը, պատուաստումի արշաւներուն դիմաց, կը խոստանայ կամաց-կամաց նահանջել. Մեր կարգ մը գրողներն ու հրատարակչատուներն ալ կը կարօտին այլօրինակ պատուաստի մը, որպէսզի վրիպակները նուազին:

Վերջապէս, կայ դրական այլ գիծ մը. այս հեղինակը, հատորին լոյս ընծայումէն ետք ալ, նոյն թափով կը շարունակէ իր գրիչով (ըսել կ’ուզենք՝ համակարգիչով) մամուլի էջերուն մնալ արձագանգող մը՝ հայութեան եւ իր շրջապատի փորձառութեանց, մտածումներուն, ապրումներուն:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles