ՆՇՄԱՐՆԵՐ.- ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔ, ԿԱՐՄԻՐ ՇՈՒԿԱՅ…

0 0
Read Time:2 Minute, 2 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

1 Ապրիլ 2021

Ապրիլ 1-ը կատակի օր է, սակայն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կատակելու տրամադրութիւն չկայ, այլ կայ… անհեթեթութիւններու նոր մրցանիշ հաստատելու տենդ:

Ա. Հայաստանի խորհրդարանը, միայն «իմ-քայլական»-ներու քուէով, որդեգրեց ընտրական օրէնքի փոփոխութեան «իմ-քայլական» առաջարկը: Ցարդ պաշտօնապէս չյայտարարուած՝ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան համամասնական ցանկերով: Էտմոն Մարուքեանն ու իր «լուսաւոր»-ները դէմ են փոփոխութեան, իսկ Գ. Ծառուկեանը «Բարգաւաճ»ը մէկ կողմ քաշուած է, չմասնակցեցաւ քննարկումին, նախապէս յայտնած էր, թէ իրեն համար տարբերութիւն չ’ըներ:

Նման փոփոխութեան դէմ են «դրսեցիներ» եւս, որոնք կը պատրաստուին ընտրապայքարի: Անհեթեթութիւնը կը սկսի (բայց չի վերջանար) հոն, որ մարդիկ մէկ կողմէ կ’աղաղակեն, թէ Արցախի վերջին պատերազմէն ետք ծագած ծանր հարցերուն դիմաց (նախագահն ալ միացեր է այն տեսակէտին, թէ պատերազմէն կարելի էր խուսափիլ, ուրեմն նաեւ ահաւոր հետեւանքներէն), «բնական» ընտրութիւն կատարելը հնարաւոր չէ, շատեր կը պնդեն, թէ՝ Փաշինեանի հովանիին տակ ընտրութիւնները այլապէս անբնական բան պիտի ըլլայ, մինչեւ իսկ «ուսապարկ»ի մենաշնորհէն հրաժարածներ կ’ըսեն, թէ ատելութեան այժմու մթնոլորտին մէջ ընտրութեան երթալը բնական բան չէ, սակայն դժգոհներէն շատեր արդէն մտած են այն ճամբուն մէջ, որ բացուած է ինքնագլուխ որոշումներով գործելու փաստը տուած վարչապետին կողմէ, այն վարչապետին՝ որ չես գիտեր թէ քանի՞ անգամ եւս պէտք է փաստէ, թէ քաղաքական կեանքի ուղին պիտի շարունակէ սահմանադրական եւ ընկալեալ օրէնքներու խախտումով: Վաղը, այդ ճամբուն մէջ մտած իր ուղեկիցները իրենք իրենց իրաւունք ալ պիտի տան ըսելու, որ Փաշինեան նոր «ուսապարկեր» պիտի բերէ խորհրդարան…

Բ. Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հերքեց այն շշուկները, թէ Նոր Շուկայ գիւղը թշնամիին պիտի յանձնուի: Լա՛ւ ըրաւ հերքումով: Մենք հիմա պէտք է մտածենք ո՛չ թէ նոր շրջաններ յանձնելու, այլ խլուածներուն լիովին վերատիրանալու մասին: Մարդս ուրախութեամբ կը լսէ Արայիկի այն հաւաստիքը, թէ Նոր Շուկային մէջ շինարարական ծրագիրներ ընթացք առած են, ինչպէ՞ս կարելի է մտածել շինուողը յանձնելու մասին:

Պրաւօ՛, Արայի՛կ: Բա՜յց…

Արդեօք Շուշին ու Հատրութը, Արցախի հարաւային ու արեւմտեան ամբողջ գօտիին մէջ անցեալ աւելի քան 25 տարիներուն շինարարութիւն, ներդրումներ եւ ՀԱՅԱՑՈՒՄԻ կնիք դնելու գործնական չէի՞ն առնուած: Ո՞վ ազերիներուն «նուիրեց» շէն ու վերանորոգուած Շուշին, Հատրութը եւ միւս շրջանները: Ի՞նչ երաշխիք՝ որ վաղը նոյն ճակատագիրէն զերծ պիտի մնան հայութեան ձգուած պատառիկը, մինչդեռ, ազերիները Հայաստանէն ալ շէն պատառիկներ կը խլեն…: Ի վերջոյ, ո՞վ էր Արցախի ամբողջականութեան պահպանման երդում տուողը, նախագահական ընտրապայքարի օրերուն յոխորտալի յայտարարութիւններ ընողը: Բարեբախտաբար հայութիւնը չի տառապիր յուշաթափութենէ…

Գ. (Մանր յաւելուած մը): Պարտեալ Փաշինեան կը փորձէ շահարկման նիւթի վերածել Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականին փայլուն յաղթանակները… Այլապէս, հայութիւնը գոնէ տեղ մը ուրախանալու եւ հպարտանալու պատճառ ունի: Մինչ այդ, Պսակաւոր ժահրը վերստին մանգաղը գործի լծած է, անկախ՝ քաղաքական բեմին տիրապետող տրամադրութիւններէն…

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles