ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Տէյլի Սապահ» նշանաւոր օրաթերթը հրապարակում մը պատրաստած է Եգիպտոսի զարգացման հոլովոյթին մէջ մեծ դեր ունեցած հայ արհեստաւորներուն մասին: Թերթը անդրադարձած է ընտանիքի մը, որ դարէ մը աւելի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ պապենական գործը լուռ ու մունջ առաջ կը տանի, առանց ենթարկուելու քաղաքակրթութեան վնասարարութեան: Այս ընտանիքին համար իսկական քաղաքակրթութիւնը իրենց ժամագործական հաստատութեան մէջ է, ուր ժամանակը կարծես կանգ առած է: Թերթը ճիշդ այդպիսի խորագիր մը ընտրած է իր հրապարակումին համար՝ «Ժամանակը անշարժ է ժամագործներուն դարաւոր խանութէն ներս, Եգիպտոսի մէջ»:
Իրականութեան մէջ ասիկա խանութ մը չէ, այլ պատմական վայր մը, ուր հին ոճով եւ արժէքաւոր ժամացոյցներէն զատ կան գիրքեր, թերթեր, սեւ-ճերմակ լուսանկարներ, ժամագործի խանութին զանազան տարիներու խունացած գովազդները, որոնց մէկ մասը գրուած է ձեռքով: «Ասիկա նման է թանգարանի» բնորոշումով «Տէյլի Սապահ» օրաթերթը կ՚անդրադառնայ հայերուն հիմնած այս հաստատութեան:
Փափազեանններուն ժամացոյցներու խանութը Գահիրէի մէջ հիմնուած է 1903 թուականին եւ 120 տարիէ ի վեր անխափան կը գործէ, կը ջանայ պատմութիւն կերտելէն առաջ պահել ընտանեկան յիշատակը, այժմեան տիրոջ՝ 64 տարեկան Աշոտ Փափազեանին շնորհիւ: Առաջին տէրը եղած է Աշոտին մեծ հայրը՝ Ներսէս, ճանաչուած որպէս Ֆրանսիս, ապա հայրը՝ Սարգիս: Այսօր ան գործը առաջ կը տանի տեղացի գործաւորներու հետ, որոնք անցեալ դարձած այս արհեստը սորված են Փափազեաններու եւ անոնց պէս վարպետներու քով:
Խանութը իր գոյութեան աւելի քան 120 տարուայ ընթացքին դիմակայած է քաղաքական ցնցումներն ու երկրի հասարակարգին փոփոխութիւնները:
Փափազեաններուն խանութը կը գտնուի Գահիրէի «Ալաթապէ» հրապարակին վրայ, որ կը համարուի մայրաքաղաքի ամենէն զեղուն շուկաներէն մէկը, բայց խանութը ձեւով մը պատսպարուած է փողոցին աղմուկէն, անցուցադարձերէն, քանի որ ամէն մարդ ցանկութիւն չունի այս անսովոր վայրը մտնելու, հակառակ որ ան կը գրաւէ անցորդներուն ուշադրութիւնը՝ 19-րդ դարու ֆրանսական ոճով կառուցուած շէնքի գետնայարկը տեղակայուած ըլլալով եւ ցուցափեղկերուն դրուած տեսակաւոր ժամացոյցներով: Ցուցափեղկերէն կ՚երեւին գրպանի եւ սեղանի ժամացոյցներ, հնագոյն ձեռակերտ ապարանջաններով թեւի ժամացոյցներ, յատակի եւ բուխարիի վրայ դրուելիք ժամացոյցներ եւ փայտէ տուփի մէջ սարքուած պատի ժամացոյցներ, որոնց ամուր ճօճանակները կը թուի, թէ տակաւին դար մըն ալ կրնան նոյն հանդարտութեամբ ճօճուիլ:
Փափազեաններուն խանութին մէջ անջատ հաւաքածոյ մը կը կազմեն կուկուով ժամացոյցները, որոնցմէ արձակուող կկուականչը կ՚արհամարհէ աշխարհի բոլոր թուային ձայները եւ ինքզինք կը զգայ բոլոր ժամանակներու տիրական: Հոս կան նաեւ ծանրուկաւոր ժամացոյցներ, կախուած կշռաքարերով պատի ոչ-մեծ պարզեցուած համակարգ մը, որ ճոճանակով ժամացոյցին ուրիշ տարբերակն է, այսօրուայ բնակարաններուն մէջ մոռցուած իր մը:
Խանութին տէրը բազմաթիւ ժամացոյցները հաւաքած է ոչ թէ վաճառելու, այլ ժամացոյցներուն հանդէպ իր կիրքն է, որ մղած է հոսկէ հոնկէ գնել ինչ որ արժէքաւոր նկատած է: Երբեմն մարդիկ խանութ կը բերեն եւ կը վաճառեն իրենց ունեցածը՝ զայն աւելորդ նկատելով այսօրուայ թուային սարքերուն քով: Այժմ խանութը կը նորոգէ պատի եւ ձեռքի հնագոյն ժամացոյցներ, կան պահեստային մասեր, որոնք մնացած են Աշոտ Փափազեանի մեծ հօրմէն:
Խանութին հարիւրամեայ սեղանին դարակներէն ներս պահուող տուփերուն մէջ կարելի է գտնել ժամացոյցի նշանաւոր ընկերութիւններու բնօրինակ պահեստամասեր, որոնք ժամանակին ձեռք կը ձգէին արհեստին տիրապետող վարպետները: Նոյնիսկ դեսպաններ կ՚այցելեն խանութ, գիտնալով, որ կարգ մը երկիրներու մէջ հին ժամացոյց չի նորոգուիր, կը վստահին այս խանութին:
19-րդ դարու սկիզբը Եգիպտոսը գրաւիչ վայր դարձած էր ոսկերչութեան եւ նուրբ ձեռագործ այլ արհեստներու մէջ մասնագիտացած հայերու համար: Երկրին այդ ժամանակուայ բարգաւաճող եւրոպական համայնքի ներկայացուցիչներուն՝ իտալացի, յոյն, հրեայ եւ ֆրանասացիներուն հետ հայերը կերտած են Եգիպտոսի նոր քաղաքակրթութիւնը: Այսօր համայնքը նօսրացած է, բայց ամէնուր կարելի է գտնել հայկական հետքեր: Արհեստաւոր հայերը, դարերու ընթացքին, իրենց վարպետութեամբ ու բծախնդրութեամբ, ուր որ ալ եղած են, վայելած են վստահութիւնը տեղւոյն յաճախորդներուն:
Փափազեաններու խանութին տէրը՝ Աշոտ Փափազեանը, յիշողութիւններ ունի անցեալի հայկական աշխոյժ կեանքէն:
Անոր մեծ հայրը՝ Ներսէս Փափազեանը 1893 թուականին, հեռանալով օսմանեան բանակէն, ինքզինք նետած է առաջին հեռացող նաւուն մէջ, որուն վերջին հանգրուանը նոյնիսկ չէր գիտեր, հասած է Աղեքսանտրիա՝ Եգիպտոսի Միջերկրական ծովու ափ, եւ ընդամէնը տասն տարի ետք, Գահիրէի մէջ յաջողած է հիմնել ժամացոյցի խանութը, որուն ցուցանակը տակաւին իր անունը կը կրէ: Այն վայրը, ուր հիմնած է խանութը, այդ ժամանակ կոչուած է «Ֆարիտա թագուհիի հրապարակ»: 1940 թուականին կը մահանայ Ֆրանսիս Փափազեան, գործը կը շարունակեն իր զաւակները, որոնք յետոյ կը յանձնեն Ֆրանսիսի թոռներուն:
Ըստ Աշոտին, ժամացոյցի խանութը կը յաճախէին Եգիպտոսի շարժապատկերի ոսկեայ շրջանի աստղերը, ինչպէս՝ Եուսէֆ Ուահպէ, Ֆուատ Ալմուհանտէս եւ ուրիշներ, իսկ արքայական ընտանիքը, Եգիպտոսի վերջին միապետ Ֆարուք թագաւորին օրով, զինք պալատ կը կանչէր՝ ժամացոյցներու վերաբերող հարցի մը պարագային, նաեւ արտօնած էր թագաւորական հաւաքածոյէն ժամացոյց մը ընտրել:
Ժամացոյցի նորոգութեան մէջ վարպետ Փափազեանները տեղացիներուն կողմէ կոչուած են «խաուաճա». մակդիր մը, որ կը տրուի անոնց, որոնք յաջողած են փայլուն անուն կրել իրենց ասպարէզին մէջ։
1952-ի յեղափոխեթենէն ետք, նորաստեղծ պետութեան վերնախաւը նոյնպէս ընդունած է Փափազեանը, եւ բազմաթիւ սպաներ, որոնք ժամացոյցներու սիրահարներ էին, բարեկամացած էին Ներսէսի որդիին՝ Սարգիս Փափազեանին հետ, անոնք յաճախ կ՚այցելէին այդ խանութը։
Այսօր ալ խանութը նշանաւոր յաճախորդներ ունի, սակայն «Տէյլի Սապահ»-ի հետ զրոյցին ընթացքին Աշոտ Փափազեան ըսած է, որ հաստատութեան ապագան անորոշ է: Անոր երկու որդիները հետաքրքրութիւն չունին գործին հանդէպ: Այս տխուր վերջաբանով կ՚աւարտի անդրադարձը, բայց խանութին ներկայ տէրը ըսած է, որ ինչքան Աստուած կեանք պարգեւէ իրեն, ինք պիտի ընէ այս գործը… եւ յոյս յայտնած է, որ թերեւս օր մը տղաքը կը մտափոխուին եւ կը շարունակեն դարաւոր արհեստը, որ արուեստի վերածուած է այս խանութ-թանգարանին մէջ:
«Ժամանակ»
Read Time:4 Minute, 0 Second