Հանթինկթըն ծովեզերեայ շրջանի լոյսի եւ խաւարի հանդիպումը, միշտ ալ կախարդական հմայքով մը կը համակէ իւրաքանչիւր այցելուի աչքերը։ Իսկ օրուայ այդ պահին՝ մինչ արեւը իր վերջին ճառագայթները կ՚արձակէր, րոպէ առ րոպէ սուզուելով գիրկը ովկիանոսին, Վահան կռթնած ցանկապատին եւ աչքերը սեւեռած դէպի Խաղաղականը անծայրածիր՝ կը զրուցէր։ Այդ հրաշաքեղ պահին՝ ան կը խօսէր առանձ բառերու, իսկ բնութիւնը զինք կը պատասխանէր ալիքներու լեզուով։ Վահան մտքին թռիչք տուած՝ այնքա՛ն էր թափանցած իր հոգու ու զգացական աշխարհի խորքերը, որ չէր լսէր նոյնիսկ իր շուրջ քայլող հարիւրաւոր զբօսաշրջիկներուն աղմկոտ ձայները։ Փնտռածը ինք եւս չէր գիտէր, սակայն այդ միակ վայրն էր ուր Վահան կարող էր առանձնանալ եւ իր զգացական աշխարհին ազատութիւն տար։
Ինչպէս միշտ՝ ան մտաբերեց իր կեանքի ամէնադաժան ու միաժամանակ քաղցր յիշողութիւնները։ Յիշեց ծնողքին եղերական մահը։ Տարիներ էին անցած՝ սակայն Էտինճըրի եւ Պրուքհըրսթի խաչմերուկին զարհուրելի պատկերները տակաւին զինք կը հալածէին։ Փրկութիւն չկար քանզի ինք համոզուած էր որ իր ծնողքին մահուան պատճառ էր դարձած։ Ան յիշեց թէ ինչպէս այդ գիշեր, արհամարհելով մոր պաղատանքները թէ Շաբաթ գիշերով վտանգաւոր են ճանապարհները, կը պնդէր որ զինք այցելեն որովհետեւ հաճելի անակնկալ մը պատրաստած էր իրենց համար։ Մօր վերջին խօսքերը որ յաճախ կը հնչէր իր մտքին մէջ, մղձաւանջի ու հոգեկան տանջանքներու գիրկն էր նետած զինք, որմէ ազատում չկար։
Վահան յիշեց պատանեկան տարիներուն ծրագրած իր փայլուն ապագայի ճանապարհաքարտէզը։ Յիշեց այն օրերը երբ ընկերներով կը ծրագրէին Հայ Դատի լուծման զանազան միջոցներ։ Յիշեց նաեւ երջանիկ այն օրը, երբ Հ․Յ․Դ․ պատանեկան ժողովէն վերադարձին, մայրը զինք յանձնեց Դրաստամատ Կանայեանի անուան ռազմագիտական դպրոցի ընդունման նամակը։
Ան յիշեց նաեւ Մարալին՝ որ իր կեանքի առաջին սէրն էր։ Յիշեց անմոռանալի այն պահերը, երբ պատուհանէն զիրար կը հանդիպէին եւ այնպէս թաքուն աչքի տակէն կը փորձէին նայուածքներ գողնալ իրարմէ։ Մտաբերեց նաեւ այն օրը երբ աչքերը հանդիպեցան Մարալի նշաձեւ ու խօսուն աչքերուն՝ եւ ժպտաց։ Ապա ինչպէս Մարալ, ըմբոշխնելով այդ պահը, իր հրապուրիչ շրթներով գողտրիկ ժպիտով մը ընծայաբերեց իր համակրանքը Վահանին։ Անոնց կոկոն սէրը որ հազիւ էր սկսած արմատներ նետել, այնպէս ալ ծաղիկ չդարձաւ։ Ամառնային արձակուրդի միջոցին Մարալ իր ծնողքին հետ ճամբորդեց Հալէպ, իսկ Վահան իր ծնողքին հետ առաջին և վերջին ճամբորդութիւնը կատարեց դէպի Քալիֆորնիա։
Այսպէս՝ ժամերով կռթնած ցանկապատին վրայ, իր աչքերուն առջեւէն շարան շարան կը տողանցէին իր կեանքի փայլուն ու մռայլ պատառիկները։ Վահանի կեդրոնացումը պահ մը ընդհատուեցաւ ծերունիի մը ահազանգող ձայնէն, որ կը փորձէր զգոյշացնել թէ մօտ է աշխարհի վերջը, ապա կը յորդորէր յետեւիլ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերուն։ Վահանի մտասեւեռումը պահ մը ընդհատուելէ ետք, աչքերը ուղղելով դէպի ընդարձակ խաղաղականը կրկրին ընկաւ խոր մտածումներու մէջ։ Անցորդներէն զոյգ մը նշմարեցին Վահանի դէմքին վրայ ուրուագծուած ժպիտ մը, ապա տարակուսական նայուածքով մը զիրար նայելէ ետք վերստին շարունակեցին իրենց ճամբան։ Անոնք ի՞նչ իմանային որ այդ պահին, լոյսի եւ խաւարի պայքարի միջոցին՝ երկնքի վրայ գծուած գոյներու հրաշաքեղ ստեղծագործութեան ընդմէջէն Վահան կը տեսնէր Մարալի դէմքը։ Այսպէս՝ ան թաղուած իր մտածումներուն մէջ էր, երբ դիմացի տուներէն բարձր ձայնով երաժշտութիւն մը զինք զգաստութեան բերաւ։ Արդէն ուշ էր, ան խորունկ շունչ մը առաւ եւ քայլերը ուղղեց դէպի տուն։ Այդ գիշեր, Վահան երկար ատեն մահճակալին մէջ մէկ աջ դարձաւ, մէկ ձախ՝ սակայն չկարողացաւ քնանալ։ Շարունակ մտատանջութեան մէջ էր ան։ Իր ծնողներուն հետ դժբախտ պատահարի պատկերները կը խոցէին հոգին։ Երկար ատեն տառապելէ ետք սակայն, կարողացաւ մի քանի ժամ աչքերը փակել։
Յաջորդ օրը Կիրակի էր։ Վահան դարձեալ հոն էր՝ նոյն վայրը ուր ամէն օր էր։ Գիշեր էր, լուսինը իր արծաթեայ ճառագայթները փռած էր խաղաղականին վրայ ծածկելով ընդարձակ մակերեսը ովկիանոսին։ Ան դարձեալ խորասուզուած իր մտածումներուն մէջ, երկխօսութեան մէջ էր ինքզինքին հետ երբ անցորդ մը բարեւելով դուրս բերաւ զինք իր ներքին աշխարհէն։ Անծանօթը՝ որ խօսակից մը կը փնտռէր, նկատելով Վահանի մուգ դէմքը, հետաքրքրուեցաւ իրմով։
-Ո՞ր երկրէն էք։
-Ես հայ եմ···
Անծանօթը որ մինչ այդ չորս-հինգ քայլ հեռաւորութեան վրայ էր կանգնած, անմիջապէս մօտեցաւ Վահանին ու ինք եւս կռթնելով ցանկապատին ինքզինք ծանօթացուց։
– Իմ անունս Չարլի է՝ իսկ ձեր անունը ի՞նչ է։
Վահան՝ պահ մը կասկածանքով նայելէ ետք իր նոր բարեկամին աչքերուն, վարանումով պատասխանեց, – Վահան է անունս։
– Ես շատ հայ բարեկամներ ունիմ եւ յաճախ միասին կը զրուցենք հայ ժողովուրդի փառապանծ անցեալի մասին։ Ստէպ զրոյցներ կ՚ունենանք ցեղասպանութեան ենթարկուած ու փիւնիկի նման վերակենդանանալու հայ ժողովուրդի հզօր կամքին մասին,- ոգեւորութեամբ ան յայտնեց։ – Ծանօթ եմ նաեւ 90-ականներուն Արցախի մէջ ձեր տարած սրբազան պայքարին մասին,- ան աւելցուց։ – Կը ցաւիմ սակայն որ վերջերս՝ ազատագրուած հողերը դաւադրաբար վերադարձուեցան ձեր թշնամիին։
– Այո՝ մենք ազատագրեցինք մեր հողերը։ Այդ պատերազմին ես ալ մասնակցած եմ,- աւելցուց Վահան։
Անծանօթը՝ շշմած Վահանի տուած պատասխանէն, աղաչեց որ պատմէ իրեն Արցախի պատերազմի մասին։ Վահան մանրամասնութեամբ պատմեց Քարինտակի կռուի մասին, ապա ինչպէս ինք եւ իր ընկերները գրաւեցին Շուշին։ Ան պատմեց թէ ինք՝ ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ ծնած ու ապրած հարիւրաւոր երիտասարդներ, Արցախի ազատագրական պայքարի առաջին օրէն իսկ պատրաստակամութիւն յայտնեցին երթալու Արցախ եւ կռուելու ժողովուրդի կողքին։
– Ի՞նչ դերակատարութիւն ունեցած էք Արցախի պատերազմի ընթացքին,- հարցուց Չարլին, որ ապշահար կ՚ունկնդրէր Վահանին։
– Ես հակագրոհային ծրագրաւորման ու համարդրման ընդհանուր պատասխանատուն էի։
Մինչ Վահան իր նոր բարեկամին կը պատմէր Արցախի ազատագրական պայքարին իր մասնակցութեան մասին, ոստիկան մը մօտենալով ընդհատեց անոնց խօսակցութիւնը, տեղեկացնելով թէ արդէն ուշ է եւ զբօսավայրը փակելու ժամը հասած է։ Չարլին ու Վահանը իրարմէ բաժնուեցան դարձեալ հանդիպելու խոստումով, ապա Չարլին գնաց իր ճամբով՝ Վահանն ալ բռնեց Փասիֆիք Քոսթ մայրուղին ու ծխախոտը բերնին սկսաւ անորոշ ուղղութեամբ քալել։ Անուշադրութեան պատճառաւ ան յաճախ իր կեանքը վտանգելով, սուրացող ինքնաշարժներուն կը մօտենար ու կրկին կ՚ուղղէր քայլերը։
Երկար ճանապարհ կտրելէ ետք, կանգ առաւ շէնքի մը մօտ։ Հեռուն նկատեց շքեղ արտաքինով օրիորդ մը։ Բնութիւնը չափազանց առատաձեռն էր եղած այս անծանօթ օրիորդին նկատմամբ։ Իրանին թափած մետաքսեայ մազեր, գրաւիչ աչքեր, տենչացող շրթներ ու վարդի նման վառուած այտեր, որոնք իւրաքանչիւր երիտասարդի կիրքը հրահրելու աստիճան ցանկալի էին։ Վահան պահ մը յիշեց Մարալին։ Միաժամանակ ջերմ ու դառն զգացումներ ի յայտ եկան իր մէջ։ Կարո՞ղ էր որ ճակատագիրը անգամ մը եւս միացնէր զիրար տենչացող երկու սրտեր։ Կարելի չէր, ան պահ մը մտածեց, եւ յիշեց այն սեւ օրը, երբ Մարալենց տան կողքի նպարավաճառ Նուպարը զինք յայտնեց անոր Հալէպ փոխադրուէլու լուրը։
Մինչ Վահան զիրար հակասող մտորումներու մէջ էր, Մարալ՝ կանացի նազանքով քայլերը ուղղեց իր ուղղութեամբ։
– Բարե՛ւ Վահան···
Երա՞զ թէ իրական··· Վահան երկար տարիներ սպասած էր այս պահին, սակայն պապանձուած ու շուարած, ոչինչ կրցաւ ըսել։
– Վահա՛ն, ե՛ս եմ Մարալը, մոռցա՞ր զիս։
Պահ մը իր շուարած վիճակէն դուրս գալով, Վահանի դէմքին վրայ ժպիտի
մը հետքերը երեւցան, ապա հազիւ լսելի ձայնով մը ըսաւ, – Մա-ա-րա՞լ։
Հետզհետէ յիշողութեան փշրանքներ դուրս եկան հեռաւոր անցեալի խորքերէն։ Ի՛նքն էր՝ Մարալը։ Մէկ նայուածքն անգամ բաւարար էր որ ան իր գողտրիկ ժպիտով կրկին հրահրէր Վահանի հոգու մէջ խելագարութեան հասած սէրը անոր հանդէպ։
Տարիներ ետք Մարալին տեսնելը աւելի եւս դժուարացուց անոր վիճակը, որովհետեւ այժմ Մարալ աւելի էր հասունացած ու երբեմնի աղջկական կարուցուածքը չունէր։ Վահան շփոթի էր մատնուած ու կորսնցուցած էր իր զգացումներուն վրայ տիրապետելու կարողութիւնը, որովհետեւ այդ պահին, անոր երակներուն մէջ կը հոսեր Մարալի յորդուն սէրը։ Ուզեց մօտենալ··· սակայն ուշ էր արդէն, Մարալ հեռացած էր։ Վահան քարացած մնաց մինչեւ որ ծխախոտին կրակէն շրթները այրուեցան։ Այդ գիշեր ան հազիւ ժամանակին տուն հասաւ։ Վահան այլոց հետ միասին մէկ բնակարանի մէջ կ՚ապրէր ուստի ժամը ճիշդ ութին տուն գտնուիլը խստագոյն օրէնք էր։ Ան այդ գիշեր դարձեալ աչքերը մինչեւ ուշ գիշեր չկարողացաւ փակել։
Լուսաստղը բացուելուն պէս ան դարձեալ ինքզինք տան դռնէն դուրս նետեց։ Երեք ժամ Հանթինկթընի փողոցները թափառելէ ետք, դարձեալ քայլերը ուղղեց դէպի ծովեզերք։ Նախորդ օրուայ կարճ հանդիպումը իր երազանքներու աղջկան հետ շփոթ էր յառաջացուցած իր մէջ։ Վահան հասաւ իր սովորական վայրը այն յոյսով, թէ ինչպէս միշտ, ծովը պիտի հանդարտեցնէր իր մրրկայոյզ հոգին։ Այսօր սակայն կատաղած էին խաղաղականի ալիքներն անգամ։ Ծովը կ՛որոտար կարծես՝ զայրոյթն ու ցասումը թափելով երկրի վրայ։ Վահանի առջեւ պարզուած այս տեսարանը, քրքջալից պատկեր մը ուրուագծեց դէմքին վրայ։ Ապա հազիւ թէ պոռթկացող Խաղաղականը ետին թողած շրջեցաւ, Մարալի այնքա՜ն շոյող, ու այնքա՜ն գրաւիչ նայուածքին հանդիպեցաւ։
Մարալ դարձեալ հարցուց, – յիշեցի՞ր։
– Ինչպէս չյիշեմ քեզ, – Վահան հանդարտօրէն պատասխանեց։ Մարալ մօտեցաւ Վահանին եւ ուժգին հարուած մը հասցնելով թեւին, որ աւելի հրաւէր էր զինք գրկելու քան ցաւ պատճառելու, ըսաւ՝ – Կարծեցի մոռցա՛ծ ես զիս։
– Ես քեզ երբէք չեմ մոռցած···
Ակամայ, սիրոյ խոստովանութեան այդ պահին, դող մը անցաւ իւրաքանչիւրին մէջէն որ զգալի էը իրենց շրթներու թրթռումէն· Ապա համբոյրները հոսեցան՝ մերթ զուլալ աղբիւրի պէս, ու մերթ խօլ ջրվէժի նման։ Յանկարծ Մարալ քայլ մը յետ առաւ ու յայտնեց թէ ժամանակն է տուն վերադառնալու ու ակնթարթի մը մէջ անհետացաւ։
Վահան իր զգացումները ամբողջ աշխարհին հետ բաժնելու համար, ցատկռտելով քայլերը ուղղեց անորոշ ուղղութեամբ։
– Կը սիրեմ քեզ Մարա՜լ··· կը սիրե՜մ···, – ու այսպէս բացագանչելով, անցաւ մայթէ մայթ ու փողոցէ փողոց։ Մերթ ընդ մերթ ան կը յիշէր մայրը, ու կը գոռար, – ինչո՞ւ մա՜մ ինչո՞ւ··· կը սպաննե՛մ քեզ՝ կը սպաննե՛մ։
– Կորիր այստեղէն սատանայ, – եւ ձեռքերը գլխուն տանելով ինքզինք կը փորձէր պաշտպանել։
Ապա, յանկարծ կը հանգստանար, տեսնելով Մարալի հիասքանչ դէմքը։
– Եկո՛ւր Մարալ որ պահ մը ձեռքերուդ մէջ մոռնամ աշխարհն ամբողջ, – շարունակեց ան։ Սակայն Մարալ իր ճոխ մազերը հովին տալով, թրվռուն քայլերով կըկին անհետացաւ։
Մինչ Վահան յանձնուած էր իր զգացական աշխարհի տուայտանքներուն, տան մէջ բուժքոյրը մտահոգուած էր ու երեք հսկիչներ ղրկած էր որպէսզի Վահանին փնտռեն եւ տուն վերադարձնեն։ Քանի օր է Վահան իր դեղերը մերժած էր ընդունիլ։ Բուժքոյրը սակայն չէր ստիպած, որովհետեւ տան պայմանները խիստ չէին հիւանդանոցի նման։ Երբ երեկոյեան Վահան տուն վերադարձաւ, բուժքոյրը խնդրեց որպէսզի հոգեբոյժին կողմէ սահմանուած դեղերը ընդունի։ Վահան առանձ ընդդիմանալու ընդունեց դեղերը եւ ապա առանձնացաւ իր սենեակին մէջ։ Ուշ գիշերին՝ ուժգին ձայն մը լսուեցաւ Վահանի սենեակէն։ Բուժքոյրն ու պահակները փութացին իր մօտ, սակայն ուշ էր։ Վահան արդէն ինքզինք կախած էր, վերջ տալով իր տարիներու չարչարանքին։ Սեղանին վրայ նկատեցին դեղերը, որ Վահան պահելով իր լեզուին տակ երբեք չէր կլլած։
***
Երեք օր ետք Չարլի «Սթարպաքս» նստած սուրճ կը խմէր։ Իր կողքի սեղանին նստած ծերունի մը, թերթը ձեռքին կը հետեւէր տեղական լուրերուն։ Զարլիին ուշադրութիւնը գրաւեց ծանօթ նկար մը։ Վահանին նկարն էր։ Յօդուածը Վահանի ինքնասպանութեան մասին էր։ Դէպքը մեծ աղմուկ էր բարձրացուցած հոգեբուժական ոլորտէն ներս։ Յօդուածագիրը կ՚անդրադառնար այն մասին թէ բնակարանի տնօրէնութիւնը հարկ եղած ապահովական քայլերը չէր առած Վահանի կեանքը փրկելու համար։ Ան կ՚ընդգծէր, թէ Վահանի նման հոգեկան բարդոյթներէ տառապող հիւանդները պէտք է խիստ հսկողութեան տակ մնան։
Չարլին յիշեց իրենց զրոյցը, երբ Վահան ոգեւորութեամբ կը պատմէր իր ընկերներուն հետ յաղթական մուտքը Շուշի, ապա պահ մը մտածեց թէ արդեօ՞ք այդ բոլորը Վահանի երեւակայութեան արդիւնք էր։
Օրէյնճ Քաունթի – Քալիֆորնիա