Յունուար 2020-ի «Զրոյց – Մրոյց»-ի Ամփոփումը

0 0
Read Time:1 Minute, 45 Second

Կալի Չաքմաքճեան

Հ․Ե․Դ․ Ուաշինկթըն «Անի» մասնաճիւղի անդամ

«Զրոյց – Մրոյց»-ը Հ․Ե․Դ․ արեւելեան շրջանի կողմէ ստեղծուած շաբաթային յայտագիր մըն է, որուն նպատակը պարզ եւ յստակ է ՝ անդամներուն առիթ ընծայել, որ իրենց անմիջական միջավայրին մէջ եւ յատկապէս իրենց տարեկիցներուն հետ հայերէն խօսիլ, մտածել եւ ապա ապրիլ։ Յաջորդող սիւնակը յայտագրին մասնակիցներէն մէկուն՝ Կալի Չաքմաքճեանին վերլուծումն է այս հանդիպումներուն մասին։

Ամերիկահայն Ու Հայերէնը՝ Տեսակէտ

Երկու ամիս եղաւ որ կը մասնակցիմ «Զրոյց – Մրոյց»-ի հանդիպումներուն եւ բարձր կը գնահատեմ այս հաճելի եւ դաստիարակչական յայտագիրը: Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին ունեցանք բաւականին ստեղծագործական, հետաքրքրական եւ լուրջ զրոյցներ: Ինծի համար ամենէն նշանակելի զրոյցը եղաւ Նոյեմբեր 12-ի հանդիպումին ատեն երբ չորս ժամ հայերէնով խօսեցանք Արցախի ահաւոր իրավիճակին մասին: Նոյն ատեն, այս ամիս ունեցանք բազմաթիւ ճոխ յայտագիրներ զանազան խաղերով եւ նիւթերով։ Օրինակի համար խաղցանք «Չի մոռնաս երգին բառերը» խաղը եւ աւելի մօտէն իրար ծանօթացանք «Զրոյց – Մրոյց»-ի «Ո՞վ է ընկերդ» յայտագիրի ժամանակ: Նաեւ զրուցեցիք այսպիսի դարձուացքներու մասին՝ «իրար միսը ուտել», «գին կտրել» եւ «կոթը ուտել»: Յիշեմ նաեւ, որ այս ամիս խօսեցանք, թէ ինչպէ՞ս կրնանք հայերէն խօսիլ մեր Հ.Ե.Դ. ժողովներու ընթացքին։ Նիւթ մը, որ բազմաթիւ հետաքրքրական գաղափարներ մէջտեղ բերաւ։
Ամերիկա ծնելով եւ ապրելով հայ լեզուն պահպանելը կը դառնայ մեր ամենամեծ պատասխանատութիւնն ու մեր ամենամեծ պայքարը:
Մեր հայ լեզուով է որ կը զօրացնենք մեր ինքնութիւնը: Հայ լեզուն թանկագին գանձ է: Սա մեր հպարտութիւնն ու պատիւն է, որպէս Ամերիկահայեր, շատ կարեւոր է որ եկող սերունդներուն սորվեցնենք մեր պապենական լեզուն կարդալը, գրելը, խօսիլը եւ երգելը: Մենք, ամերիկահայ երիտասարդ սերունդը՝ պէտք է յաճախ կատարենք «Զրոյց – Մրոյց»-ի պէս հանդիպումներ: Մենք պէտք է, ոչ միայն տանինք մեր զաւակներուն հայկական դպրոց, բայց նաեւ պէտք է յիշեցնենք իրենց մեր մայր լեզուն պահպանող դպրոցներուն արժէքը: Մեր տան պատերը միայն պէտք է հայերէն լսեն եւ դեռ աւելին, նոյնիսկ հայ ընկերներով միայն հայերէն խօսինք: Եկէք հայերէն մտածենք եւ հայերէն երազենք: Պէտք է պայքարինք ձուլումի դէմ: Այո՛, դժուար է Ամերիկահայ երիտասարդին համար լեզուն պահել, երբ օտարները կը ծաղրեն մեր անուշ լեզուն, համեղ ուտելիքներն ու մեր սովորութիւնները: Բայց, յոյս ունիմ որ իւրաքանչիւրիս մէջ կրակ կը վառի, որպէսի միասնաբար պաշտպանենք մեր սուրբ, ճնշուած, բայց դիմացկուն ինքնութիւնը՝ հաստատելով եւ հասկնալով, թէ այն ամիջական կապ ունի մեր հայ լեզուին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles