0 0
Read Time:4 Minute, 54 Second

Պետրոս Քհնյ. Շիթիլեան
Սփրինկֆիլտ, Մասաչուսէց

«Վաղը յաղթելու է նա, որ մինչ այդ վաղը իր հոգու մԷջ կԸ տանի յաղթանակ»
Գ․ Նժդեհ

Կ՚ըսեն յոյսը վերջինը կը մեռնի: Այս օրերուն մենք շատ պէտք ունինք դրական լուրերու: Բայց աւելի քան երբեք մենք պէտք ունինք հերոսական ու ոչ սովորական ճիգով մը կամք ցուցաբերելու, որպէսզի դէպի լաւը փոխենք ներկայ իրավիճակը: 2020-ի պատերազմին ժխտական արդիւնքները նուազացնելու որեւէ ճիգ սին կ՚երեւի, ոմանք անգամ կ՚ըսեն որ չպարտուեցանք…Իրականութեան մէջ զօրաւորը այն է, որ կ՚ընդունի ճշմարտութիւնը, չի ծածկեր զայն, բայց նաեւ չի յուսահատիր ու կամք կը ցուցաբերէ: Նելսըն Մանտելլան խօսք մը ունի . «Ամենամեծ փառքին կ՚արժանանայ ոչ թէ ան՝ որ երբեք չ՚իյնար, այլ ան՝ որ կրնայ վեր կենալ իր ամէն մէկ անկումէն ետք»: Այս խօսքը ե՛ւ անհատական, ե՛ւ հաւաքական հարցերուն կը վերաբերի: Ահա այս է ամենէն կարեւորը, որ հասկնանք թէ պարտութիւնը կեանքին անցանկալի՝ բայց բնական երեւոյթներէն մէկն է, բայց նաեւ Մանտելային նման հասկնանք՝ թէ պարտութիւնը վերջը չէ, այլ հանգրուան մըն է:
Այս բոլորին մէջ ամենէն դժուարը մեր ներքին դաւաճանութեան ու ապիկարութեան ընդունիլն է, առանց որուն մեր պարտութիւնը տեղի չէր կրնար ունենալ, ինչքան որ զօրաւոր ըլլային արտաքին ազդակները: Բայց նաեւ հիանալի էր տեսնել մեր մարտիկներուն մեծամասնութեան բացառիկ հերոսական հոգին: Ժողովուրդը չէր որ պարտուեցաւ, այլ ղեկավարութիւնը ըլլա՛յ գիտակցաբար, ըլլա՛յ անգիտակցաբար: Սխալ է այն կարծիքը, թէ մեր նահատակները ի զուր տեղը ինկան: Վարդանանց ճակատամարտը կորսնցուցինք, բայց ետքը Նուարսակի պայմանագրով յաղթեցինք: Եթէ իր նահատակներով Վարդանանցի «պարտութիւն»-ը տեղի չունենար, Նուարսակի յաղթանակը չէր կրնար ըլլալ: Ամէն ինչ կապ ունի մեր կամքէն: Նժդեհը հանճարեղ խօսք մը ունի.«Վաղը յաղթելու է նա, որ մինչ այդ վաղը իր հոգու մեջ կը տանի յաղթանակը…»: Ահա այս է ամենէն կարեւորը, որ մեր հոգուն մէջ յաղթած ըլլանք, ուրիշ խօսքով մեր կամքը չկորսնցնենք: Եկող ժամանակաշրջանին մեր ամենէն գլխաւոր պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ այնպիսի ղեկավարութեան մը յառաջ բերելը, որ համապատասխան ըլլայ ներկայ ժամանակին բերած աննախադէպ այս մարտահրաւէրին ու պիտանի ըլլայ ճիշդ լուծումներ գտնելու: Բացի ներքին հարցերէն, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր հարցը դաշնակիցներուն հարցին ճիշդ լուծումն է: Ըլլալով փոքր երկիր եւ ունենալով անվտանգութեան լուրջ հարց, Հայաստանը կրնայ գոյատեւել ու ծաղկիլ իրեն համար միջազգային յարաբերութիւնները ճիշդ դասաւորելով: Յստակ է, որ ո՛չ նախկին վարչակարգը ու ո՛չ ալ ներկայինը այս հարցերը ատակ են լուծելու: Վստահ եմ, որ ամենադժուար պայմաններուն մէջ գոյատեւման մեծ փորձ ունեցող մեր ժողովուրդը ի վիճակի պիտի ըլլայ նման ղեկավարութեան մը հարթակին վրայ դնելուն, որ կրնայ ըլլալ ինչ որ տեղ գոյութիւն ունի՝ բայց դեռ չէ յայտնաբերուած ու բիւրեղացած, Նժդեհեան հոգիով թրծուած ղեկավարութեան մը, որ բարոյական հեղինակութիւն ունի, տեսիլք ունի, թռիչք ունի, կամք ունի ու նաեւ իմաստութիւն: Նման արտակարգ պայմաններուն համար արտակարգ մարդիկ ու արտակարգ լուծումներ են պէտք:
Ահա այս վիճակին մէջ իրողութիւններուն վրայ խարսխուած յոյսն է ամենէն կարեւորը: Երբեմն նման վիճակներու մէջ անակնկալօրէն այնպիսի իրողութիւններու կրնանք հանդիպիլ, որոնք այդ յոյսը կու տան մեզի: Նոյեմբեր ամսուն երբ զինադադարը նոր ստորագրուած էր, հասկնալի է որ ազգովին ժխտական զգացումներու ազդեցութեան տակ կը գտնուէինք: Բայց նոյն այդ օրերուն երեւոյթի մը հանդիպեցայ, որ շատ օգնեց զիս յաղթահարելու համար այդ ժխտական զգացումները: Երբ Շուշիին անկման նկարները սկսան տարածուիլ, նկար մը անմիջապէս առաւել գրաւեց ուշադրութիւնս: Այդ նկարը ցոյց կու տար Ազերի զինեալ մը, որ մեր զոյգ՝ Հայաստանի ու Արցախի դրoշակները ոտքերուն տակ առած նկարուած էր Շուշիի Grand Hotel-ին դիմաց: Նման նկարի մը հանդէպ յատուկ ուշադրութեանս պատճառը այն էր, որ անձնապէս ծանօթ էի այդ պանդոկին տէրերէն մէկուն՝ Նիւ Ճըրզիի մեր գաղութի գործունեայ անդամներէն ու շատերուն ծանօթ Ալեքս Սարաֆեանին: Ետքը երբ լսեցի, որ Աղտամն ալ պիտի յանձնուի Ատրպէյճանին աւելի մտաբերեցի Ալէքսին, որովհետեւ ան նաեւ այդ շրջանին մէջ խաղողի այգիներ ունէր ու կ՚արտադրէր «Առան» մակնիշով գինին, որ նաեւ կը վաճառուի Ամերիկայի մէջ: Կապուեցայ իր հետ ու նաեւ առիթը ունեցայ անձնապէս հանդիպելու իրեն: Բնական է, կարելի է պատկերացնել անոր վիճակը: Երբ պանդոկին նիւթը եղաւ, հարցուցի ինչքան իր ներդումներէն կրցաւ ետ բերել, մատերով զէրօ ցոյց տուաւ ու աւելցուց որ պանդոկը մեծ ներդրում մըն էր: Պատմութիւնը մինչեւ հոս յուսահատական կ՚երեւի: Ետքը կռահելով թէ ինչքան ժխտական պիտի ըլլար յաջորդ հարցումիս պատասխանը իրեն հարցուցի, թէ պիտի շարունակէ՞ իր գործունէութիւնը հայրենիքին մէջ: Անոր «այո»-ն ցնցեց զիս, առաւել եւս որ խօսքը դարձեալ Արցախի մէջ նոր ներդրում կատարելու մասին էր: Ալէքսի կողմէն ժխտական պատասխան մը բնական ու հասկնալի պիտի ըլլար, կամ որոշ ժամանակով Հայաստանի մէջ որեւէ գործունէութեան յետաձգումը: Մտքէս անմիջապէս անցաւ թէ. «Ահա քեզի «խենթ» հայ մը, որ այսքանէն ետքը յուսալքումի ոչ մէկ նշան ցոյց կու տայ, ու կ՚ուզէ եւ ոչ այլ ուրիշ տեղ՝ այլ մեզի մնացած Արցախի մասին վրայ նոր ներդրումներ կատարել»: Ալէքսին նման մօտեցում ցուցաբերելուն մէջ հաստատօրէն իր կարեւոր դերը ունի անոր կողակիցը՝ Դալարը, որ մասնակիցն ու քաջալերողն է նման ծրագիրներուն: Ի՞նչ է այս. սխրագործութեան փափա՞ք, թէ ինքնացուցադրութիւն: Անոնք որոնք Ալէքսին կը ճանչնան, գիտեն թէ անոր յատուկ չեն նկարագրի նման գիծերը: Իրեն եւ իրեն նմաններուն համար առաջին ու գլխաւոր դրդապատճառը հայրենասիրութիւնն է, մեզի յատուկ բացառիկ տեսակի հայրենասիրութիւն մը, ներսէն կանչող ցեղին ձայնը, որ մանաւանդ նման դժուար ժամանակներուն կը գործէ:
Լաւ ծանօթ ենք ու մտահոգ Հայաստանի այսօրուան ներքին վիճակով, բայց նաեւ ծանօթ ենք այն բացառիկ հերոսական հոգիին որ ցոյց տուաւ մեր մարտիկներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը: Բոլորս ալ ականատես եղանք հերոսական բացառիկ արարքներու: Շատերուս ծանօթ Գէորգ Հաճեանին օրինակը ցայտուն է, որ մասնագիտացած երգիչ ըլլալով հանդերձ կամաւոր եղաւ ու նահատակուեցաւ: Ուրիշ ցայտուն օրինակ մըն է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հայրենասիրական երգերու յայտնի կատարողի՝ Մակիչի (Մկրտիչ Մկրտիչեան) պարագան, որ դարձեալ կամաւորագրուեցաւ ու ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ: Հերոսական արարքներուն օրինակները հազարներով են ու ահա նման սերունդի գոյութիւնը որ դեռ հո՛ն է, դեռ կ՚ապրի՛ Հայաստանի մէջ ամենամեծ հիմքը պէտք է հանդիսանայ մեր կազդուրման ու ոտքի կանգնելուն: Առաւել քան երբեք այսօր հայրենիքը մեզի պէտք ունի: Եկող դժուար ժամանակահատուածէն յաղթական դուրս գալու համար անհրաժեշտ է համայն տասը միլիոննոց հայութեան ներդրումը: Հայրենիքը միայն լաւ ժամանակներու համար չէ, այլ առաւել եւս նեղ ժամանակներու: Պատմութեան մէջ նման ժամանակներուն կրցած ենք մենք մեզի թափ տալ, մաքրուիլ, հակազդել ու յառաջ երթալ, այլապէս՝ գոյութիւն պիտի չունենայինք: Վստահ եմ, որ այսօր ալ պիտի կրնանք գտնել ճիշդ ուղին, ու վերջ ի վերջոյ ո՛չ թէ խօսքերով՝ այլ գործերով նոր Սարդարապատը պիտի իրագործենք: Թող 2020-ը չկրկնուի երբեք ու 2021-ը 2020-էն աւելի լաւ տարի մը ըլլայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles