ՇՈՒԱՐՈՒՄԻ ՄԱՏՆՈՒԱԾ  ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 36 Second

 

            Երկու օրէն Ամանոր է: Ժահր, ցուրտ, անձրեւ, կարճ ցերեկը դարձած է գիշեր: Հեռատեսիլ եւ համացանց ընկեր են եւ աշխարհի հետ կապ:

            Արմենակ արգելքի չի ճանչնար: Ֆէտայի է: Էլպիս ուզած է գալ, որ չզրկուինք տօնական անուշապուրէն: Թափըրուէր ամանը դրաւ սեղանին վրայ:

            Մակարուհին չինական թէյ, ծաղարանէն գնուած զարդարուն կարկանդակ, պիստակ, կոնեակ, տօն օրերու բաժակներ, յունական մեղր եւ կիպրական պանիր բերաւ: Սեղանին կ’իշխէր անուշապուրը:

            Ձմեռը ջերմացաւ: Հայաստանեան կոնեակը, քակեց Արմենակի լեզուն:

            – Մակա՛րս, Հայաստանի Ազգային Ժողովը ուրիշ մոլորա՞կ փոխադրուած է: Ազգին առջեւ ծառացած խնդիրները մոռցած, մոռցած տասը կազար հաշմանդամները, հինգ հազար զոհերը, որբերը եւ այրիացած կիները, կը զբաղի կուսակցութիւններու համար օրէնք մշակելով:

            – Ի վերջոյ բանով մը պէտք է զբաղին, արդարացնելու համար ռոճիկ եւ պարգեւավճար,- ըսի:

            – Իսկ ո՞վ պիտի զբաղի Ատրպէյճանի հետ բաց սահման ունեցող հայկական գիւղերով եւ անոնց բնակիչներով: Բանաւոր համաձայնութեան հիմնաւորումով, ազերին կը մտնէ հայոց գիւղերը, բնակիչին կը հրահանգէ մէկ ժամէն հաւաքել եւ առնել-տանիլ ինչ որ ունի, դատարկել տունը: Ո՛չ բանակ, ո՛չ ոստիկան:

            – Արմենա՛կ, դատարան, ոստիկանութիւն, ԱԱԾ, Ազգային Ժողով, մանրուքով չեն զբաղիր, այնքա՜ն քրգործ կայ: Ափրիկէէն, Չինաստանէն, Ատրպէյճանէն, նոյնիսկ Թուրքիայէն օգնական պիտի բերեն, որպէսզի թեթեւցնեն բերման ենթարկուածներու, ձերբակալուածներու եւ կալանաւորուածներու ճնշումը: Անոնց թիւը եթէ այս թափով աճի, պզտիկ Հայաստանը կ’ըլլայ նոր մեծ Կուլակ:

            – Մակա՛ր, մի՛ մտահոգուիր, հարցը լուծելու համար Ամերիկան, Քանատան, Աւստրալիան, ումանիտար ապաստան կու տան որբին, այրիին, անտուն մնացածին, լաւ ապրելու ցանկութեամբ տոչորողին: Այդ պիտի ըլլայ, քանի որ խօսող եւ յուզուող հին եւ նոր սփիւռքի տասը միլիոնը պիտի խօսի, ցոյց պիտի ընէ, խելք պիտի տայ, բայց Սիւնիքի սահմանին վրայ պիտի չկանգնի:

            – Այսպէս ենք, համաշխարհային ազգ, այդ ամէն օր պէտք է փաստենք: Համաշխարհայնացող եւ հպարտ:

            – Գիտես ի՞նչ, Մակար, կը մտածեմ, որ եթէ Հայաստան Ազգային Ժողով եւ կառավարութիւն չունենայ, երկրին վիճակը աւելի՞ լաւ կ’ըլլայ, թէ՞ աւելի վատ:

            Արմենակ բաժակը կոնեակ լեցուց եւ լռեց:

            Շուարա՛ծ Կեդրոնականցի:

            Էլպիս եւ Մակարուհին ուշադրութեամբ անուշ ապուր լեցուցին պնակներուն մէջ: Կարծէք Ազգային Ժողովին մէջ կուսակցութիւններու մասին օրէնքը կ’ընդունէին:

 

Մակար ի Գաղիա, 30 Դեկտեմբեր 2020

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles