զսպուած բոլոր ցաւերը մեր`
վերածեցինք ցասումի`
Վահագնեայ բոցերով վառած,
սանձարձա՛կ։
Այս գիշեր, կը տրոփեն մեր սիրտերը,
լոկ ձեր վախճանը տեսնելու,
դուք, ձեր պղծուած գահերուն բազմած նենգութիւն`
Դեւերու, դաւադիր դժոխածին ծառաներ.
Եւ դուք, անիրաւութեան ու սուտերու մէջ դիւահար ու կոյր,
հետիոտն խուժաններ։
Դուք հրէշներ,
մեր որդիներու մէջքին չոքած`
կը կիսէք սրբավայրեր,
հացի նման, բարեկամաբար,
եւ դուք, անյագ գազաններ`
ՏԷր Զօրի աճիւններն դեռ չմարսած,
ժանիքներով կը կրծէք,
ողջ թէ վաղամեռիկ,
Հայորդիներ մեր արի։
Դուք եղէք ոճիրներով հարբած,
անկուշտ Վաճառականներ`
Իսկ մենք արդարութեան դրօշակիրներ։
Մեր խաչացողերէն շողացող եռագոյններու,
շանթահարող դիւահան ճառագայթներով`
պիտի պարզենք ճանապարհը վսեմ։
Զարդարեանի բագինը ահա`
կը վառենք կրկին,
Եռաբլուրի սուրբ բարձունքին,
Սիամանթոյի արդար,
սրաթռիչ երիվարներուն հեծած,
պիտի գանք կրկին,
Վարուժանի եղեգնեայ բոցավառ գրիչը մեր ձեռքին…
Եւ մեզի հետ`
դարաւոր զոհերու սրտերէն պոռթկող արիւնահեղեղներն են որ Արաքսէն պիտի յորդին,
ու պիտի կորսուի ձեր պաշտած խաւարը,
իսկ հաւատքով, մեր արեւը պիտի ծագի կրկին,
ձեր կամքին դէմ,
եւ այնժամ,
պիտի հանգչին զոհերը` հին ու նոր,
պիտի պատուով ապրի հայը` այսօր եւ վաղը
ապահով եւ երջանիկ պիտի խաղայ հայ մանուկը ի՛ր տան,
մեր ապագայի ապաւէն։