Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատգամը` Միութեան Հիմնադրութեան 102-Ամեակին Առիթով
Տօնական տրամադրութիւններէ ամբողջովին հեռու, մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար օրհասական պայմաններու մէջ, կը նշենք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 102-ամեակը:
102 տարի առաջ, այս օրերուն, նորանկախ Հայաստանի հետ ծնունդ կ’առնէր Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը` Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, անմիջապէս լծուելով Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր ժողովուրդի զաւակներուն` հազարաւոր որբերու փրկութեան, դաստիարակութեան եւ հոգեմտաւոր կազմաւորման աշխատանքին:
Հ.Մ.Ը.Մ. ծնունդ կ’առնէր հայրենիքէն հեռու, Պոլսոյ մէջ, սակայն առաջին օրէն ան կը ձեռնարկէր հայրենի ժողովուրդի, պետականութեան եւ բանակին օժանդակութեան գործին, հաւատարիմ իր նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր»-ին եւ սկաուտական խոստումին` ազգին ու հայրենիքին ծառայելու պարտաւորութեան:
Ծառայութեան ճամբուն վրայ Հ.Մ.Ը.Մ. Հայաստանին կը ներկայացնէր իր լաւագոյն տարրերը` փորձառու խմբապետներն ու սկաուտները, որոնք կը յաջողէին գաղթական, որբ ու թշուառ պատանիներէն ստեղծել «Կամաւոր բանակ»-ը հայոց նորագոյն պատմութեան:
Բանակ մը, որ պիտի գործէր անդուլ եւ անվհատ, հայրենիքի մէջ եւ հայրենիքի խորհրդայնացումէն ետք` հայրենիքէն դուրս, հայկական սփիւռքի տարածքին, ամէնուրեք պահապանն ու պաշտպանը հանդիսանալով միութեան դաւանած արժէքներուն եւ հայ ժողովուրդի սրբազան նպատակներուն:
Այսպէս, Մայիս 28-ը, Եռագոյն դրօշը, անկախ հայրենիքը, հողահաւաքը եւ հայահաւաքը պիտի հանդիսանային Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Կամաւոր բանակ»-ին առաջնորդող սկզբունքները, որոնցմով հասակ պիտի առնէին եւ միութենական դաստիարակութիւն ստանային «Կամաւորական բանակ»-ի յաջորդական սերունդները, իրենց շարքերէն ծնունդ տալով նուիրեալներու, հայ ժողովուրդի ազգային հպարտութիւն ներշնչող դէմքերու եւ անձնազոհ նահատակներու` Վահան Չերազէն մինչեւ Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան ինքնապաշտպանութեան ճակատներուն վրայ ինկած հերոսներէն մինչեւ արցախեան առաջին պատերազմի նահատակները` Վարդան Բախշեանն ու Վաչէ Ռոստոմեանը, Վիգէն Զաքարեանն ու Յակոբ Առուստամեանը:
Ներկան տարբեր չէ երէկուան իրականութենէն: Արցախեան նորագոյն պատերազմին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Կամաւոր բանակ»-ը դարձեա՛լ պատնէշի վրայ է եւ իր համահայկական կառոյցով դերակատար ու մասնակից է «Լինել-չլինելու» համահայկական մեր պայքարին:
Հ.Մ.Ը.Մ. աշխարհասփիւռ իր 111 մասնաճիւղերով զօրաշարժի մէջ է 27 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի իր բովանդակ կարողականութիւնները ի սպաս դնելով պատերազմին յաղթական ելքին:
Սփիւռքի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ. հայկական դեսպանատուներու, Հայ դատի մարմիններու եւ տեղական պատասխանատու կառոյցներու հետ գործակցաբար, մասնակից է թուրք-ազրպէյճանական պատերազմը դատապարտող ցոյցերուն եւ քարոզչական այլազան նախաձեռնութիւններուն: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղեր կը կատարեն դաստիարակչական-տեղեկատուական հսկայական աշխատանք` ընկերային ցանցերով իրենց շարքերն ու համակիր շրջանակները տեղեակ պահելու համար արցախեան պատերազմի վերջին նորութիւններուն: Սկաուտներ ու մարզիկներ նամակներ կը գրեն հայկական բանակի զինուորներուն, անդամական շարքեր լիաբուռն կը մասնակցին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի օժանդակութեան համար կատարուող դրամահաւաքներուն: Բոլորը, անխտի՛ր բոլորը կ’աշխատին` յանուն Արցախին եւ յանուն հայութեան:
Արցախի մէջ, յուլիս 2019-ին հիմնուած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դեռատի մասնաճիւղը արդէն իսկ իր արեան տուրքը տուած է արիւնալի պատերազմին, նահատակութեան բագինին ընծայելով մասնաճիւղի անդրանիկ վարչութեան անդամ եղբ. Արտակ Իշխանեանը:
Մինչ Հայաստանի մէջ, հսկայական ու հերոսական աշխատանք կը կատարեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի մասնաճիւղերը` պատերազմի առաջին օրէն ձեռնարկելով բազմաճիւղ աշխատանքի: Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի վարչութիւնը ժողովրդային հանգանակութեամբ կ’ապահովէ եւ ռազմաճակատ կ’ուղարկէ հայ զինուորին անհրաժեշտ հանդերձեղէն եւ պահածոյ ուտելիքներ: Վարչութիւնը կը հոգայ Արցախէն ժամանակաւորապէս Հայաստան տեղափոխուած 500 ընտանիքի պարէնային եւ տնտեսական անմիջական անհրաժեշտութեան ապրանքներ: Ու նաեւ, վարչութիւնը կը կազմակերպէ սկաուտական եւ գայլիկական տարիքի արցախցի երեխաներու ընկերային-դաստիարակչական ծրագիրներ:
Այս բոլորը կը կատարուին նիւթական մեծ զոհողութիւններով, կազմակերպչական գնահատելի ջանքով եւ ծառայութեան անսպառ ոգիով: Կը կատարուին սկաուտներու կողմէ, որոնց պատասխանատուներէն շատերը, իբրեւ հայկական բանակի զինուորագրեալ անդամներ, Արցախի պաշտպանութեան համար իրենց ամէնէն թանկագինը` գարուն կեանքերը կը զոհաբերեն հայրենիքին ու հայութեան: Այդ խմբապետներէն ու պատասխանատուներէն հինգը այսօր արդէն կ’ապրին երկրորդ կեանքով, որ կը կոչուի անմահութիւն: Վարչական եղբայր Գէորգ Հաճեան, սկաուտներ Գրիգոր Ղազարեան, Էրիկ Գալստեան, Արտակ Մարտիրոսեան եւ Հայկ Դերիկլեան մահուամբ մահուա՛ն յաղթելով այլեւս կը պատկանին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ հայութեան անմահ հերոսներու փաղանգին, իրենց կեանքով ու օրինակով դառնալով ներշնչման աղբիւր գալիք սերունդներուն:
Արդ, իր հիմնադրութեան 102-ամեակը միութեան անմահներու յիշատակին նուիրելով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքը վաղը կը խոնարհի իր հին ու նոր բոլոր հերոսներու սխրանքներուն դիմաց եւ աշխարհով մէկ կազմակերպուած հոգեհանգստեան պաշտօններով եւ հաւաքներով կու գայ հաստատելու, որ իւրաքանչիւր նահատակի հետ մեծցած է պատասխանատուութեան իր բաժինը` հանդէպ իր ժողովուրդին եւ անոր բազմաչարչար հայրենիքին:
Հ.Մ.Ը.Մ. կու գայ հաստատելու նաեւ, որ ան պիտի շարունակէ 1918-ին սկսած իր երթը` յոյսով, հաւատքով եւ անսահման նուիրումով, որպէսզի մինչեւ հիմնադրութեան յաջորդ տարեդարձ, եւ նորանոր ամեակներ, հայութեան «Կամաւոր բանակ»-ը կարենայ Եռագոյն դրօշը հպարտօրէն կոթողել «Կատարն հայրենի լերանց հեռագոյն»: Ու որպէսզի կիսատ չմնայ Վարդանին, Վիգէնին, Գէորգին, Արտակին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բոլոր նահատակներուն գործը եւ անպայման, ուշ կամ կանուխ, ազգովին նշենք մեր Մեծ յաղթանակը, յանուն մեր նահատակներուն, յանուն մեր վաղուան օրուան, յանուն մեր պետականութեան եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին: